Հանդիպում Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Ղեկավար, Դեսպան ` Ն.Գ. Թրայեան Հրիսթայի Հետ
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հրաւէրով Յուլիս 17-ին կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան ` Ն.Գ. Թրայեան Հրիսթայի հետ հանդիպումը: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաճեան, ՀՀ-ի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան եւ ՀՀ ՍՆ Սուրիահայերու հիմնախնդիրներով զբաղող աշխատանքային խումբի անդամներ:
Սփիւռքի նախարարը ներկայացուց Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած հայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ՀՀ իշանութիւններու դիրքորոշումն ու իրականացուած ծրագիրները: Նախարարը մասնաւորապէս անդրադարձաւ ՀՀ իրաւական օրէնքներու փոփոխութիւններուն, կրթութեան, առողջապահութեան, գործարարութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` աշխատանքով եւ կացարաններով ապահովման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն:
Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց Աշտարակ քաղաքին մէջ «Նոր Հալէպ» թաղամասի հիմնադրման ծրագիրը, որ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարականի համաձայն` արդէն մեկնարկած է եւ անոր վերաբերեալ ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան որոշումը: Թաղամասը պիտի կառուցուի ՀՀ մշտական բնակութեան տեղափոխուած սուրիահայերու համար: Ծրագիրը պիտի իրականացուի պետութեան, հովանաւորներու, բարերարներու աջակցութեամբ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը շեշտեց նաեւ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու աջակցութեան ծրագիրները 2012-2013 թուականներուն ընթացքին իրականացուած են հիմնականին մէջ պետական պիւտճէի ծիրէն ներս եւ համահայկական կազմակերպութիւններու աջակցութամբ եւ դիմեց ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավարին` Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ծրագիրները, մասնաւորապէս բնակարանաշինութեան ծրագիրը ԵՄ-ի կողմէ համաֆինանսաւորելու խնդրանքով` քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով հարկադրաբար երկրէն այլ պետութիւններ արտագաղթած Սուրիոյ քաղաքացիներուն յատկացուող հսկայածաւալ գումարներու ծիրէն ներս: Հաշուի առնելով Յորդանանի, Լիբանանի եւ Թուրքիոյ մէջ ապաստանած սուրիացիներու աջակցութեան փորձը, որուն ծիրէն ներս միլիոնաւոր տոլարներ յատկացուած են նշուած երկիրներուն:
Հրանոյշ Յակոբեան Թրայեան Հրիսթային յանձնեց նաեւ տեղեկանք սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն, առկայ հիմնախնդիրներուն եւ անոնց լուծման մեխանիզմներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ` աջակցութեան խնդրանքով գրութիւն:
Յաջորդ կարեւոր հարցը, որուն անդրադարձաւ նախարարը Սուրիոյ մէջ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տիրող ճգնաժամային իրավիճակն է: Երկրի երբեմնի տնտեսական մայրաքաղաքը մօտ 10 օր կը գտնուի շրջափակման մէջ եւ հոսանքազրկուած, որուն հետեւանքով յառաջացած է սննդամթերքի, առողջապահական պարագաներու, դեղօրայքի սուր պակաս: Քաղաքի բնակիչները կրնան մատնուիլ սովի: Ուստի վտանգուած է քաղաքացիներու, մէջը ըլլալով հայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը:
Նախարարը դիմեց Թրայեան Հրիսթային` խնդրելով բարձրացնել Հալէպի շրջափակման վերացման, երկրին մէջ կայունութեան հաստատման հարցերը, ինչպէս նաեւ` մարդասիրական օգնութիւնը Սուրիոյ մէջ խաղաղ բնակչութեան հասցնելու անհրաժետութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու առջեւ:
ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավարը իր կարեկցանքը յայտնեց ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ եւ պատրատակամութիւն յայտնեց նշուած խնդիրները բարձրաձայնել համապատասխան մարմիններուն: