Գիւմրիի ՄԷջ Բացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Ռահվիրայ Վահան Չերազի Արձանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/07/cheraz16.jpg)
Յուլիս 23-ին Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի ռահվիրայ Վահան Չերազի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Շիրակի փոխմարզպետ Սոֆիա Յովսէփեան, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան, հոգեւոր հայրեր, Համաշխարհային սկաուտական շարժման ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը, Վահան Չերազի դուստրը` Բիւրակն Չերազը, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններու անդամներ, հիւրեր: Օրուան բանախօսն էր ՀՄԸՄ կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Րաֆֆի Կէովողլանեան:
Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան բոլոր գիւմրեցիներուն անունով շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ականները` կազմակերպութեան 100 ամեակի եւ Վահան Չերազի արձանի բացման առիթով:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Չերազի դուստրը` Բիւրակն Չերազը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ ներկայ գտնուելու իմ ծննդավայր Գիւմրիի մէջ: Շնորհակալութիւն ՀՄԸՄ-ին այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար: Շնորհակալութիւն քանդակագործ Սամուէլ Մուրադեանին հրաշալի քանդակին համար»:
Ողջոյնի ուղերձ հնչեցուեցաւ նաեւ համաշխարհային սկաուտական կազմակերպութեան անունով:
Վահան Չերազի արձանի բացումէն ետք ` շեփորախումբի գլխաւորութեամբ սկաուտական քայլերթով հրապարակով անցան Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 100-ամեակի առիթով համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին մասնակցելու համար աշխարհի 26 երկիրներէ հայրենիք ժամանած 1200 սկաուտներ:
Հայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, յայտնի մարզիկ, Հայաստանի մէջ սկաուտութեան հիմնադիրներէն Վահան Չերազը 1920-1927 թթ. զբաղուած է Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ որբերու հաւաքագրմամբ եւ խնամակալութեամբ, հիմնած սկաուտական եւ մարզական խումբեր Գիւմրիի մէջ: Ան գնդակահարուած է ստալինեան բռնաճնշումներու տարիներուն: