Մեկնարկեց «Հայ Կանանց Դերը Զարթօնքէն Հանրապետութիւն» Խորհրդաժողովը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/գիտաժողով5.jpg)
Մայիս 24-ին Հայ Օգնութեան միութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ ԵՊՀ դահլիճին մէջ մեկնարկեց «Հայ կանանց դերը զարթօնքէն հանրապետութիւն» խորհրդաժողով, որ նուիրուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100 ամեակին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ կեդրոնական վարչութեան վարիչ տնօրէն Վերժինէ Թուլումեան: Անդրադառնալով հայ կնոջ դերին` ան նշեց, որ ժողովուրդին համար ամենաբախտորոշ, օրհասական պահերուն ան առանձնացած է ազգային արժանապատուութեամբ, հեռատեսութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ:
Խորհրդաժողովի մասնակիցները ողջունեց ու բարի երթ մաղթեց ՀՕՄ կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Գարոլին Շմաւոնեան:
Առաջին նիստի նիստավար ՀՕՄ կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեսիա Բեջանեան ներկայացուց զեկուցողներուն: Իրենց ելոյթներուն մէջ ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեան, դոկտ. Հայարփի Պապիկեան պատմական անդրադարձ կատարեցին հայ կնոջ դերին` ազգային վերածնունդի,ազատագգրական շարժման եւ առաջին աշխարհամարտի օրերուն:
Երկրորդ նիստը վարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Սիւզի Ծերունեան-Խանզատեան: Զեկուցումներով հանդէս եկան հրապարակախօս, քաղաքական գործիչ Լիլիթ Գալստեան, ՀՀ-ի մէջ ֆրանսական համալսարանի իրաւաբանական բաժինի տնօրէն Կարինէ Յովսէփեան եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «Աբօ Սաղուեջեան» ծրագրի պատասխանատու Թերեզա Երեմեան, որոնք ներկայացուցին հայ կնոջ դերը արդի հասարակական, քաղաքական եւ մասնագիտական ոլորտներուն մէջ:
Նիստերու աւարտին տեղի ունեցած հարց ու պատասխանէն յետոյ, խորհրդաժողովն ամփոփեց ՀՕՄ կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան:
Խորհրդաժողովէն ետք ՀՕՄ անդամներն այցելեցին Սօսէ մայրիկի շիրիմը, որուն աճիւնը 20 տարի առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան 80 ամեակին առթիւ Հայ Օգնութեան Միութեան ջանքերով Եգիպտոսէն տեղափոխուած է Հայրենիք: