Վատիկանի ՄԷջ Հանդիսաւորութեամբ Բացուած Է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Արձանը
Սուրբ Աթոռ կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր Վատիկանի մէջ մասնակցած է «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակուած Աստուածաշնորհ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման արարողութեան: Բացումը կատարած է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեան: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:
Շուրջ երկու մեթր բարձրութեամբ պրոնզէ արձանը ձուլուած է Չեխիոյ մէջ, հեղինակը Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցին է, ճարտարապետը` Միքայէլ Հասրաթեան: Այս նախաձեռնութիւնն իրականութիւն դարձած է Միքայէլ Մինասեանի եւ ռուսաստանաբնակ յայտնի գործարար Արթուր Ջանիբեկեանի բարերարութեամբ ու Սուրբ Աթոռի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մշակոյթի բաժնի պատասխանատու Վարդան Կարապետեանի կազմակերպական ջանքերու շնորհիւ: Արձանը պատրաստուած է երկու օրինակէ. մէկը տեղադրուեցաւ Վատիկանի մէջ, իսկ երկրորդը պիտի տեղադրուի համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Էջմիածնի մէջ:
Վատիկանի պարտէզներուն մէջ արձանի հանդիսաւոր բացումէն ետք տեղի ունեցած է տիեզերական արարողութիւն` Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի մասնակցութեամբ:
Հանրապետութեան Նախագահն այնուհետեւ այցելած է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն, ուր տեղի ունեցած է պարգեւատրման արարողութիւն:
Նախագահի հրամանագիրներով դիւանագէտի օրուան կապակցութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեան պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2-րդ աստիճանի մետալով, բարեխիղճ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան գրասենեակի վարիչ Մարիամ Երեմեան պարգեւատրուած է Երախտագիտութեան մետալով, մարդասիրական եւ բարեգործական անխոնջ գործունէութեան համար բարերար Սմբատ Կարապետեան պարգեւատրուած է Մխիթար Հերացիի մետալով, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար Իտալիոյ Հանրապետութեան Սենատի Հայաստան-Իտալիա խորհրդարանական բարեկամական խումբի անդամ, սենատոր Ալտօ տի Պիաջոն պարգեւատրուած է Մխիթար Գօշի մետալով: