Կը Մեկնարկէ Սփիւռքի Նախարարութեան «Ներուժ» Ծրագիրը.տեսանիւթ
Սփիւռքի Նախարարութիւնը FAST Եւ IDEA Հիմնադրամներու, Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցի (UWC) Եւ Impact Hub Yerevan-ի Հետ Համատեղ Կը Մեկնարկէ «Ներուժ» Ծրագիրը:
Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ սփիւռքի մէջ բնակող 18-35 տարեկան այն հայ երիտասարդները, որոնք ունին գործարար գաղափար: Յաղթողները կը ստանան մինչեւ 15 մլն դրամ աջակցութիւն: «Ներուժ»-ի նպատակն է Սփիւռքի հայ ձեռներէցներուն համար հնարաւորութիւն ստեղծել սթարթափները բերել Հայաստան եւ բարելաւել երկրին մէջ սթարթափներու համակարգը:
Ծրագիրը կ’իրականացուի 2018 թուականի դեկտեմբեր 16-էն 21 Հայաստանի` UWC Դիլիջան քոլեջին մէջ:
Չորսօրեայ ձեռնարկի գերակայ նպատակներն են`
- հայ երիտասարդ ձեռներէցներուն համար հարթակներ եւ հնարաւորութիւններ ստեղծել` Հայաստանի մէջ գործարարութեամբ զբաղուելու համար.
- օժանդակել էկոհամակարգին եւ կառուցել ամուր ու առողջ սթարթափային էկոհամակարգ.
- Ապահովել կիրառական ուղղութիւն` ինչպէս կառուցել արժէք ստեղծող, առեւտրապէս կենսունակ եւ ճկուն սթարթափային գործարարութիւն.
- Կառուցել եւ օգտագործել առանցքային սթարթափային գործի զարգացման հմտութիւններ.
- հնարաւորութիւններ ստեղծել համագործակցութեան եւ ֆինանսաւորման համար:
Ծրագիրի թիրախային ոլորտներն են գիւղատնտեսութիւնը, զբօսաշրջութիւնը եւ նորարար արհեստագիտութիւնները:
Դիմելու վերջնաժամկէտն է 2018թ․ սեպտեմբեր 13:
Ծրագիրին վերաբերեալ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ մասնակցելու համար պէտք է այցելել ծրագիրի պաշտօնական կայքը` http://neruzh.am/: