Աւարայրի Ոգին` Սարդարապատի Սերունդներուն ՄԷջ

Սպանիոյ հայ համայնքէն ներս կը շարունակուին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները: «Արարատ» հայկական միութեան հերթական նախաձեռնութեան հերոսները կիրակնօրեայ դպրոցի սաներն էին: Անոնք կտաւին յանձնած են Մայիսեան յաղթանակները խորհրդանշող հայաշունչ պատկերներ, որոնք ընդգրկուած են «Իմ Հայաստան» նկարչական մրցոյթին մէջ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն միութենէն, մրցոյթին առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղերը կիսեցին համապասխանաբար Ռոման Խաչատրեանը (8 տարեկան), Մոնիքա Գրիգորեանը (12 տարեկան) եւ Հելենա Ղուկասեանը (12 տարեկան):
Մրցանակներու յանձնման արարողութեան հրաւիրուած էին սիրուած դերասաններ Հայկ եւ Գոհար Սարգսեանները, որոնք եւ յանձնեցին մրցանակներն ու նուէրները:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ դերասանները Միսլատայի մշակոյթի կեդրոնին մէջ հանդէս եկած էին «Իմ տունը կամ անկախ ամէն ինչից» ներկայացման առաջնախաղով, որ նոյնպէս նուիրուած էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին:
Մայիսեան տօները Վալենսիոյ հայ համայնքին մէջ կ’եզրափակուին յաջորդ շաբաթ` հայկական դպրոցի ուսմասվար Սուետլանա Կարապետեանի հեղինակած «Հայրենիք» խորագիրը կրող ձեռնարկով: