Պրիւքսէլի ՄԷջ Կը Կայանան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Նուիրուած Ձեռնարկներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/բրյուսել.jpg)
Յունիս 1-ին, 2-ին եւ 3-ին Պրիւքսելի մէջ տեղի կ’ունենան երաժշտական շարք մը ձեռնարկներ` ի նշանաւորումն 1918թ. մայիսին Հայաստանի 1-ին Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման հարիւրամեայ տարեդարձին: Համերգները կազմակերպուած են ՀԲԸՄ Ֆրանսայի գրասենեակի Կատարողական արուեստի վարչութեան կողմէ` ՀԲԸՄ Եւրոպայի գրասենեակի, Պոգոսեան հիմնադրամի, Պրիւքսէլ քաղաքի եւ Պելճիգայի հայ համայնքին հետ համագործակցութեամբ:
Այս պատմական իրադարձութիւնը նշանաւորելով երաժշտութեամբ` կազմակերպիչները կը ցանկան ընդգծել տաղանդի, մշակոյթի եւ փոխանակման կարեւորագոյն արժէքներու նշանակութիւնը «առաջընթացի» երկրի` Հայաստանի համար:
– Յունիս 1-ին, ժամը` 19:00-ին, Պրիւքսելի քաղաքապետարանին մէջ տեղի կ’ունենայ հանդիսաւոր արարողութիւն` քաղաքապետի ներկայութեամբ: Այս առիթով ՀԲԸՄ լարային նուագախումբը կու տայ իր առաջին համերգը` կատարելով Էդուարդ Միրզոյեանի «Սիմֆոնիա լարային նուագախումբի եւ լիտաւրներու համար» ստեղծագործութիւնը` խմբավար Ալեքսանդր Իրադեանի ղեկավարութեամբ:
– Յունիս 2-ին, ժամը` 20:00-ին, անուանի արուեստագէտներ Վարդուհի Երիցեանի, Սեւակ Աւանէսեանի եւ Հրաչեայ Աւանէսեանի եռեակը կը կատարէ Շոստակովիչի, Ռախմանինովի եւ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւններէն`Պոգոսեան հիմնադրամի` Villa Empain կեդրոնի հոյակապ շէնքին մէջ:
– Յունիս 3-ին, ժամը` 16:00-ին, Եսայի Կարապետեանի ճազային եռեակը` Սիլուեն Ֆուղնէ-Ֆայայի եւ Տեյվիտ Պայշայի հետ միասին եւս ելոյթ կ՛ունենայ Պոգոսեան հիմնադրամի Villa Empain կեդրոնին մէջ:
Ծրագրի եւ արուեստագէտներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կրնաք գտնել հետեւեալ կայքէջին վրայ. http://brussels.agbuevents.org
Այս համերգաշարին զուգահեռ Պրիւքսէլի կեդրոնին մէջ յունիս 2-ին, ողջ շաբաթ օրուան ընթացքին, տեղի կ’ունենայ հանրային քաղաքային փառատօն: Կիրակի` յունիս 3-ին, Պրիւքսէլի խորհրդանիշ համարուող Միզող տղայի արձանին, յատուկ արարողութեան ժամանակ, հայկական տարազ կը հագցնեն: