Սան Փաուլոյի ՄԷջ Նշուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Տօնը

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակը նշուած է հեռաւոր Պրազիլի մէջ: Մայիս 26-ին Համազգային մշակութային միութեան Պրազիլ մասնաճիւղը մասնակցած է «Արի պարի քոչարի» նախաձեռնութեան: Հայկական պարը ներկայացուած է Սան Փաուլօ քաղաքի նշանաւոր Ibirapuera park-ին մէջ:

«Այդ օրը քաղաքի նշանաւոր այգիներէն մէկուն մէջ մենք ցուցադրեցինք հայկական պարերը` անցորդներուն եւս մասնակից դարձնելով մեր ձեռնարկին: Այդ օրը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերը ձեռք-ձեռքի տուած պարեցին` որպէս մէկ ազգ: Սա մեծ յաղթանակ է իւրաքանչիւրիս համար: Աշխարհին  անգամ մը եւս ապացուցեցինք, որ մեր ազգը, թէեւ տեսած է Ցեղասպանութիւն, սակայն կը շարունակէ ապրիլ ու արարել ոչ միայն իր հայրենիքին, այլեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին նշեց Վարդինէ Գալաճեան եւ աւելցուց, որ կարեւոր էր յատկապէս Պրազիլի մէջ ներկայացնել մեր հարուստ մշակոյթը, պատմութիւնը եւ Հայ դատի առաքելութիւնը, նկատի ունենալով, որ Պրազիլը դեռ չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Մայիս 27-ին SAMA Clube Armenio-ին մէջ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան ժամանակ ելոյթ  ունեցած է Համազգայինի «Արեւիկ» պարախումբը, որ ներկայացուցած է հայկական Եարխուշտան:

«Նման ձեռնարկներով կը փորձենք մեր սերունդներուն մէջ ամուր պահել հայկական հոգին եւ անոնց ծանօթացնել հայկական մշակոյթը»,- նշեց Վարդինէ Գալաճեան:

 

Scroll Up