«Իրանահայ Համայնքէն Ներս Հայապահպանութիւնը Միշտ Առաջնային Եղած Է».Արշաւիր Քեշիշեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/04/իրան.jpg)
«Հայերն այսօր»-ի» զրուցակից Թեհրանի Հայ ուսումնասիրաց «Չհարմահալ» միութեան կեդրոնական վարչութեան նախագահ Արշաւիր Քեշիշեանը երիտասարդ տարիքէն զբաղած է ազգային-հասարակական գործունէութեամբ: Եղած է Ծխական տուրքի կեդրոնական յանձնախումբի, Թեհրանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի անդամ, իրանահայ ուսուցիչներու միութեան հիմնադիրներէն: Իրանի իսլամական յեղափոխութեան ժամանակ վեց տարի շարունակ անդամակցած է Թեհրանի ազգային դպրոցներու կեդրոնական հոգաբարձուներու խորհուրդին («Կրթական խորհուրդ):
2013 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
-Պարո՛ն Քեշիշեան, ե՞րբ հիմնադրուած է «Չհարմահալ» միութիւնը:
-Ութսունութ տարուան պատմութիւն ունեցող միութիւնը հիմնադրուած է 1930 թուականին` Իրանի Ապատան քաղաքին մէջ: Իրանի տարբեր քաղաքներու մէջ միութեան տասնութ մասնաճիւղեր եղած են, ներկայիս միայն կեդրոնական միութիւնը եւ Նոր Ջուղայի մասնաճիւղը կը գործէ:
Մեր գործունէութեան հիմնական նպատակը իրանահայ երիտասարդներուն ազգային ինքնութեան պահպանման խնդրին անդրադառնալը, հայեցի դաստիարակութիւն տալը, ինչպէս նաեւ հայկական մշակոյթին եւ պատմութեան ծանօթացնելն է: Այդ նպատակով մշակութային, գրական-գեղարուեստական բազմաբնոյթ ձեռնարկներ կը կազմակերպենք` անոնց հոգիին մէջ հայրենասիրութիւն սերմանելով եւ յորդորելով անպայման Հայաստան այցելել:
Միութեան պատկանող մէկ պարախումբ կը գործէ`«Կարապ»-ը, իսկ միութեան կից կը գործեն «Կակաչ» եւ «Ակունք» պարախումբերը: Ունինք նաեւ «Ուրարտու» երգչախումբը, «Լուսաբեր» ասմունքի երիտասարդական խումբը, մարզական խումբեր, որոնք կը մասնակցին «Արարատ» կազմակերպութեան կողմէ Թեհրանի մէջ իրականացուող համահայկական մրցոյթներուն եւ Նոր Ջուղայի մէջ կազմակերպուող գարնանային մարզական մրցոյթներուն: Ժամանակին նաեւ թատերական խմբակ ունեցած ենք: Կը փորձենք մեր աշխատանքին միջոցով նպաստել համայնքային կեանքի ծաղկուն մնալուն:
– Իրանահայ երիտասարդները որքանո՞վ կը պահեն կապը Հայրենիքի հետ:
– Արդիւնքը գոհացուցիչ է այն առումով, որ իրանահայ երիտասարդներէն շատերը Հայաստան գալէ ետք կ’որոշեն վերջնականապէս հաստատուիլ իրենց հայրենիքին մէջ, որ, անշուշտ, ուրախանալու հիանալի առիթ է: Այժմ ալ մեր քովէն հայրենադարձութեան դանդաղ հոսք կը նկատուի:
–Կը յիշէ՞ք Ձեր առաջին այցելութիւնը Հայաստան:
-1993 թուականին Հայաստան կատարած առաջին այցելութիւնս, ցաւօք, ուրախ առիթով չէր: Երբ Արցախեան պատերազմի ազատամարտիկներու խումբ մը երեխաներ Թեհրանի Հայոց թեմի թեմակալ խորհուրդին կողմէ հրաւիրուած էին Թեհրան` իրենց ծանր առօրեայէն կտրուելու եւ փոքր-ինչ լիցքաթափուելու, շուրջ չորս ամիս անց Թեմական խորհուրդն ինծի` որպէս խորհուրդի անդամ, յանձնարարեց այդ երեխաները Հայաստան բերել` բարեյաջող յանձնելու իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն:
Արդէն, 2000 թուականէն սկսած, ընտանիքի անդամներով աւելի յաճախ սկսած ենք Հայաստան այցելել: Որոշած ենք վերջնականապէս Հայաստան հաստատուիլ, ժամանակի հարց է, յոյսով եմ` շուտով ամէն ինչ լաւ կ’ըլլայ:
-2018 թուականը Հայաստանի համար յոբելենական տարի է. ազգովին պիտի նշենք մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակն ու մայրաքաղաք Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակը: Այս առիթներով միութիւնն ինչ նախաձեռնութիւններով հանդէս պիտի գա՞յ:
-Մենք միշտ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ կը պահենք միութեան մէջ այդպիսի կարեւոր առիթներով ձեռնարկներու կազմակերպումը, քանի որ իւրաքանչիւր ձեռնարկ աւելի կը համախմբէ համայնքի անդամները:
Մենք, ի հարկէ, անմասն չենք մնար տօնական ձեռնարկներ կազմակերպելէն: Տարբեր գաղափարներ ունինք, որուն մասին նոյնպէս քննարկեցի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ:
-Տարին յոբելենական է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համար. Կը լրանայ նախարարութեան ստեղծման 10 տարին: Այս տարիներուն ընթացքին համագործակցութեան ի՞նչ շրջանակ ձեւաւորած էք:
-ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ միութեան համագործակցութիւնն աւելի աշխուժացաւ սեպտեմբեր 18-20 կայացած ‹‹Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն›› խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին, որուն նաեւ ես մասնակցեցայ: Նախկին տարիներուն ալ կայացած համաժողովներուն մասնակցած եմ, բայց այս անգամ նկատեցի` համաժողովն աշխարհագրական առումով աւելի ընդլայնուած է, որ զգալի տեղաշարժ կը համարեմ:
Սփիւռքի նախարարութիւնը գրագէտ մտածուած համաժողով կազմակերպած էր, կը կարծեմ` նիստերու ընթացքին տեղի ունեցած ողջամիտ, կառուցողական քննարկումները, առաջադրուած թեմաները Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութեան զարգացման ճանապարհին յետագային մեծ խթան պիտի հանդիսանան` ի շահ հայ ժողովուրդին: Նախապէս, ի հարկէ, համագործակցութեան առիթներ եղած են:
Մեր պարախումբերը մասնակցած են նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին եւ միւս ծրագիրներուն:
Յետագային կը ձգտինք սերտացնել գործակցութիւնը նախարարութեան հետ:
-Պարո՛ն Քեշիշեան, ի՞նչը Ձեզի առաջ կը մղէ ազգանուէր այս աշխատանքները իրականացնելու համար:
–Որպէս ազգային փոքրամասնութիւն, Իրանի մէջ հայապահպանութեան խնդիրը միշտ առաջնայինը եղած է մեզի համար: Մեր համայնքն ալ, Սփիւռքի հայաշունչ այն համայնքներէն է, ուր միշտ կը թեւածէ հայկական շունչն ու ոգին:
Հայաստանին սահմանամերձ ըլլալով` հոգեպէս աւելի մօտ զգացած ենք մեր Հայրենիքին եւ խանդավառուած ենք այդպիսի աշխատանքներ կատարելու:
Ահա այս բոլոր հանգամանքներն ալ պարարտ հող նախապատրաստեցին` ազգանպաստ գործունէութիւն ծաւալելու համար:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեանը