«Եթէ ծրագիրներուդ մէջ ինքնավստահ ես, պէտք չէ բռնանալ ուրիշի կարծիքին». Վերա Սիսեռեան

«Հայերն այսօրի» զրուցակիցը լիբանանեան «Սեւան» ձայնասփիւռի գլխաւոր խմբագիր, հոգեբան, մանկագիր Վերա Սիսեռեանն է: Վերջինս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015» ծրագրի ծիրէն ներս դասախօսած է Սփիւռքի երիտասարդ լրագրողներու դասընթացներուն մասնակցող սփիւռքահայ լրագրողներու համար:-
Տիկի՛ն Սիսեռեան, ի՞նչ խնդիրներ կան լիբանանահայ համայնքի մէջ: Որո՞նք են պատճառները:
– Հիմնականը հայերէնի իմացութեան մակարդակն է: Մայրենին գոհացուցիչ վիճակի մէջ չէ: Եւ անիկա ունի իր պատճառները: Առաջինը, ինչ խօսք, համայնքի նօսրացումն է` 1975 թուականին սկսած քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով: Երբեմնի 200 հազարնոց համայնքն այսօր մօտ 100 հազար է: Երկրորդ պատճառը` նոր երեւոյթները, իրողութիւնները արագ ընդունելու հանգամանքն է, եւ որոշ բաներ վերադասաւորելու, վերանայելու անհրաժեշտութիւնը` դպրոցական ծրագիրներ, մասնագիտական մարդուժ եւ այլն: Երրորդը հայագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու հարցն է: Ուսուցիչները շատ յաճախ չունին մասնագիտական կրթութիւն, եւ սա լուրջ խնդիր է:
– Այս պայմաններու մէջ ի՛նչ խնդիրներ կ’ունենայ հայալեզու լրատուամիջոցէն ներս աշխատող լրագրողը:
– Լրատուամիջոցներէն ներս ունինք ո՛չ միայն հայերէնին լաւ տիրապետող լրագրողներու պակաս, այլ նաեւ` մասնագէտ-հիւրերու խնդիր, քանի որ անոնց լեզուի իմացութեան մակարդակը նոյնպէս գոհացուցիչ չէ: Օրինակ` եթէ կը ցանկանք սննդագէտ հրաւիրել, արդէն գիտենք, որ ան պիտի խօսի քիչ մը անգլերէն, քիչ մը արաբերէն, քիչ մը ֆրանսերէն ու քիչ մը հայերէն, ինչը ընդունելի չէ հեռարձակման համար: Մենք այդ հարցը որոշ չափով լուծեցինք նորագոյն տեխնիկական միջոցներէն օգտուելով: Բայց ինչ ընենք, կը վարժուինք եղած պայմաններուն եւ կը շարունակենք մեր գործունէութիւնը: Չսահմանափակուելով միայն Լիբանանով` մենք ձայնային կամուրջներ ստեղծեցինք ԱՄՆ-ի, Գանատայի, եւրոպական շարք մը երկիրներու եւ առաջին հերթին` Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի հետ:
– Արդեօք կա՞յ անաչառ լրատւութեան բացը: եթէ այո՛` ի՞նչ ընել այդ պարագային:
– Դասական Սփիւռքը, ինչպէս գիտէք, կ’առաջնորդուի կուսակցութիւններու կողմէն, որոնք եւ կը հիմնեն բազմաթիւ կառոյցներ, ինչպէս նաեւ` լրատուամիջոցներ: Երբ անկախ է լրատուամիջոցը, կը յառաջանան նիւթական խնդիրներ:
Այս ամէնը մենք կը գիտակցէինք, երբ հիմնեցինք “Սեւան” անկախ ձայնասփիւռը: Նիւթական դժուարութիւններէն բացի, կ’ունենանք նաեւ այլ խոտաններ: Լիբանանը օրինաւոր հիմքերու վրայ հիմնուած երկիր չէ: Ճիշտ է` ժողովուրդը հիւրընկալ է, բարի, բայց հետեւողական չէ խնդիրներու լուծման հարցով: Ամէն ինչ կը ձգեն ինքնակարգաւորման: Խնդիրներ կ’ունենանք նաեւ ձայնի որակի հետ կապուած, համացանցի հասանելիութեան եւ այլն:
– Ին՞չ նպատակով հիմնեցիք “Սեւան” ռատիոկայանը: Այսօր նո՞յն նպատակին կը ծառայէ:
– Նպատակը եղած է եւ կը մնայ հայերէնի պահպանումը, ազգային արժէքներու փոխանցումն ու անկախ լրատուամիջոցի զարգացումը: Լրատուամիջոցները գլխաւորաբար կուսակցականացուած են: Մեր խնդիրը այլընտրանքային լրատուամիջոց ստեղծելն էր, որ իր բոլոր գործառոյթներու մէջ առաջնահերթութիւնը կու տար հայկականութեան ու ազգայինին:
Հիմնական նպատակ էր նաեւ այլազան տեղեկատւութեան ապահովումը, որովհետեւ մարդ պէտք է ամէն բան լսէ, եւ ինքը որոշէ` որ մէկը ընտրէ: Բնականաբար, կը յարգենք նաեւ կուսակցական լրատուամիջոցները, քանի որ մեծ աշխատանք կը տանին, սակայն պէտք է շատ ըլլան անկախ լրատւութեան աղբիւրները: Ամէն ինչ միակողմանի ըլլալ չի կրնար, գաղափարներու այլազանութիւն պէտք է ըլլայ:
– Ինչ փոխած է ձեր լրատուամիջոցը համայնքի կեանքի եւ անոր զաւակներու մտածողութեան մէջ:
– Ութը տարին շատ կարճ ժամանակ է, բայց կրնամ ասել, որ անկախ մտածողութեան եւ անկախ արտայայտուելու մեր հիմնական նպատակակէտին որոշ չափով հասած ենք: Ունկնդիրները կրնան միացնել ռատիոկայանը եւ գտնել իրենց ուզածը: Մենք չենք դադրեցներ հեռարձակումը, եթէ նոյնիսկ մեր դէմ խօսին: Գերակայ է ազատ խօսքի իրաւունքը. եթէ ինքնավստահ ես քու ծրագիրներուդ, պէտք չէ բռնանալ ուրիշի կարծիքին:
-Ինչպիսի՞ ծրագրային քաղաքականութիւն կը վարէք: Նորութիւններ կը կը սպասուին ձեր ունկնդիրներուն:
– Բոլոր տարիքային խումբերու համար հաղորդումներ ունինք: Աւագ սերունդի լրագրողները գլխաւորաբար իրենց հասակակիցներու համար հաղորդումներ կը պատրաստեն, իսկ երտասարդներու համար կ’աշխատին երիտասարդ լրագրողները, քանի որ 18-20 տարեկանի հետաքրքրութիւնները բոլորովին կը տարբերին աւելի հասուն սերունդին պատկանողներու հետաքրքրութիւններէն: Կը փորձենք պահել հաւասարակշռութիւնը` բաւարարելով ամենափոքրէն մինչեւ ամենամեծի պահանջները: Իսկ նորութիւններ միշտ կը սպասուին: Մենք կը գործենք Սեպտեմբերէն Փետրուար, քիչ մը դադար կ’առնենք, յետոյ նորէն կ’աշխատինք մինչեւ Յուլիսի վերջը: Հիմա ալ` երեքշաբաթեայ դադարէն ետք` կը վերադառնանք նոր ծրագիրներով:
– Ո՞րն է ձեր խորհուրդը Սփիւռքի մէջ աշխատող հայ լրագրողին:
– Հաւատարիմ մնալ հայկականին, ազգային արժէքներուն, գաղափարներուն, տիրապետել մասնագիտական հմտութիւններու զինանոցին: Եւ ամենակարեւորը` պորտալարով միշտ կապուած մնան հայրենիքին:
Ամալիա Կարապետեան
ԵՊՀ ժուռնալիստիկայի ֆակուլտետի 4-րդ կուրսի ուսանողուհի