Տեսաժողով` Եակուտիայի Հայկական Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հոկտեմբեր 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ տեսաժողով Եակուտիայի հայկական համայնքին հետ, որուն մասնակցեցան համայնքի նախագահ Անդրանիկ Նաւոյեան, համայնքի նախագահի տեղեկալ Ռուզաննա Բէգջանեան, Երիտասարդական կազմակերպութեան նախագահ Անի Նահապետեան, Հայկական մշակոյթի կեդրոնի ղեկավար Գոհար Մանուկեան, կիրակնօրեայ դպրոցի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Գոհար Խուդատեան, ինչպէս նաեւ համայնքի այլ աշխոյժ անդամներ:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը մասնակիցներուն փոխանցեց նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան եւ նշեց, որ համայնքն աշխոյժ կը համագործակցի նախարարութեան հետ: «Եակուտիայի հայ համայնքը շատ կազմակերպուած մասնակցեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներին: Հայ Դատի ճանաչման, ցեղասպանութեան դատապարտման եւ հետեւանքների վերացման գործընթացը աւարտուած չէ, եւ մենք դեռ շատ անելիքներ ունենք: Անդրադառնալով Հայաստանում ներդրումներ կատարելու հարցին` նշեմ, որ Կառավարութիւնը ջանքեր է գործադրում Հայաստանում գործարարների համար բարենպաստ եւ շահաւէտ պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ: Յուսով եմ, որ Եակուտիայի հայազգի գործարարները եւս ներդրումներ կը կատարեն Հայրենիքում», – ըսաւ ան:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Եակուտիայի հայ համայնքի նախագահ Անդրանիկ Նաւոյեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան` տեսաժողովը կազմակերպելու համար: «Մեր համայնքին հետ առաջին անգամ  նման տեսաժողով կը կազմակերպուի, եւ վստահ ենք, որ այս համատեղ քննարկումը շատ շուտով իր արդիւնքները պիտի տայ, – նշեց Նաւոյեան` աւելցնելով, – մեր համայնքը պատրաստ է մասնակցելու հայրենիքի զարգացման գործին, օգնելու Հայաստանի սահմանապահ գիւղերուն ու Արցախին»:

Եակուտիայի հայ համայնքի երիտասարդական կազմակերպութեան նախագահ Անի Նահապետեան ներկայացուց համայնքի պատմութիւնը եւ ներկայիս համայնքին մէջ գործող կառոյցներն ու անոնց գործունէութիւնը:

ՀՀ ՍՆ համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները:

Քննարկուեցան Եակուտիայի հայկական համայնքի գործունէութեան, համայնքին մէջ առկայ խնդիրներու լուծման վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ համայնքին մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի բացակայութեան, երիտասարդութեան մօտ ազգային ինքնութեան պահպանման, կիրակնօրեայ դպրոցի դասընթացներուն մանուկներու  աշխոյժ ներգրաւման խնդիրներուն: Նախարարի տեղակալն ընդգծեց, որ շուտով կը լուծուի նաեւ համայնքի հայկական պարախումբերու նոր տարազներով ապահովելու  հարցը:

Համայնքի ներկայացուցիչները նշեցին, որ յառաջիկային առաւել աշխոյժ պիտի մասնակցին Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, յատկապէս Հայաստանի սահմանապահ գիւղերու աջակցութեան եւ Արցախի զարգացման գործին

Scroll Up