«Առաւել Կը Գնահատեմ Գրողներու Համահայկական 6-րդ Համագումարի Հայահաւաք Նշանակութիւնը, Միասնականութեան Գաղափարը». Խաչիկ Տէտէեան

Հոկտեմբեր 8-12 Ծաղկաձորի մէջ  կայացաւ սփիւռքահայ հայագիր եւ օտարագիր  գրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան հայ գրականութեան առնչուող առաջնահերթ խնդիրները, ծնան նոր գաղափարներ,  եւ միասնական ծրագիրներու հիմք դրուեցաւ, եղան նաեւ հետաքրքիր առաջարկութիւններ: Համաժողովի մասնակիցներէն  «Հայերն այսօր»-ի համար առիթ ընձեռուեցաւ զրուցելու լիբանանահայ գրող, հրապարակախօս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեանի հետ:

Պարո՛ն  Տէտէեան,  անշուշտ, կարեւոր են համահայկական նման համաժողովները, սակայն առաւել կարեւոր են  ատոնց արդիւնքները, ակնկալիքները.  ի՞նչ կը կարծէք, արդեօք այս համաժողովը նպատակային, գործնական առումով արդիւնաւէտ կըլլա՞յ…

-Որեւէ  համագումար ինքնին արդէն դրական երեւոյթ է, որովհետեւ  աշխարհի տարբեր երկիրներէ  որոշ թիւով հայերու կը  համախմբէ կարեւոր թեմայի, նպատակի, գաղափարի շուրջ, եւ այդ թեմաներու, գաղափարներու քննարկումն ու զարգացումն արդէն իրար լսելու, կարծիքներ  եւ նոր գաղափարներ փոխանակելու առաջին քայլն է:  Անշուշտ, այդ  ամէնը միտուած է մէկ նպատակի` հայ ժողովուրդի, հայ գրականութեան առաջադիմութեան, եւ  ես չեմ ակնկալեր, որ միանգամէն հրաշքներ պիտի ըլլան,  բայց ունինք գործնական լուծումներու յաւակնութիւնը: Ընդհանուր կարելի է շատ խօսիլ, սակայն կարեւորը ծրագիրներն են ու ատոնց իրականացումը. խօսքը պէտք է գործի վերածել: Այս առումով  նման համաժողովներն ունին իրենց դրական կողմը: Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ գրողներու մէկտեղումը մէկ յարկի ներքոյ ինքնին միասնականութեան գաղափարը կը հզօրացնէ: Մեր պատմութենէն յիշենք Հայոց Արշակ  թագաւորը, որ  հզօր կը զգար, երբ ոտքը դնէր հայրենի հողին. ես  ալ նոյն այդ զգացումը  կ’ունենամ, երբ ոտք կը դնեմ Հայրենիքիս հողին: Անբացատրելի  զօրութիւն   ու լիցքեր  կը ստանամ մեր հողէն:

Դժբախտաբար, վերջին տարիներուն կորսնցուցինք սփիւռքահայ շատ արժանաւոր գրողներ, եւ այդ «տերեւաթափը» կը շարունակուի…ատիկա մեզի կը պարտաւորեցնէ գրական աշխարհի մէջ մտածել  սերնդափոխութեան մասին, նոր թափով երիտասարդ գրողներ յայտնաբերել, առաջ մղել, խրախուսել, անոնց մէջ զարգացնել  գրականութեան մեծ դերն ու նշանակութիւնը, որպէսզի իրենց գրիչն աշխատցնեն յանուն  հայութեան, հայ գրականութեան զարգացման: Ինծի համար գրականութիւնը տագնապի արտայայտութիւն է, հայ ժողովուրդի տագնապը. մենք այսօր տագնապի մէջ ենք, որոշ տեղեր նահանջի մէջ ենք, եւ այդ տագնապի, նահանջի թեմաները պէտք է արծարծել գրականութեան մէջ: Ինծի համար հայ  գրականութիւնն ու հայ գրողը նման առաքեալի  դերակատարութեան մէջ  պէտք է ըլլան:

Խօսեցաք երիտասարդ ստեղծագործողներու մասին. այսօր Հայաստանի մէջ, անշուշտ, կա՛ն երիտասարդ ստեղծագործողներ, սակայն շատերը, ունենալով գրական ձիրք, շնորհ, հեռացած են այդ դաշտէն, իսկ Սփիւռքի՞ մէջ…

-Սփիւռքի մէջ հայ երիտասադութեան շրջանին, ցաւօք, աւելի մեծ է նահանջը գրականութենէն: Չնայած մեր դպրոցները գրականութեան, լեզուի պահպանման առումով գերագոյնը կ’ընեն, սակայն 21-րդ դարու այսօրուան համաշխարհայնացման յորձանքին մէջ մեր երիտասարդներէն շատերը  հեռացած են գրական աշխարհէն: Եւ, միեւնոյնն է, յուսահատելու իրաւունք չունինք, պէտք է ակնկալենք, որ երիտասարդ սերունդին մէջ անպայման կան ու պիտի ըլլա՛ն արժանաւորներ: Բնականաբար, հնարաւոր չէ, որ այդ շարքերուն  տիտաններ ըլլան. հանճարները քիչ կ’ըլլան, շնորհալիները` շատ: Ժամանակը կը ճշդէ, թէ որ գրողը արժէքաւոր է. մեր  գրականութեան պատմութեան մէջ շատ  դէպքեր կան, երբ հազարաւոր էջեր գրած մարդոց գործերը մոռցուած են: Պատմութեան դատաստանի միջով պէտք է անցնին ստեղծագործութիւնները եւ բռնեն ժամանակի քննութիւնը: Այսօր գիրք հրատարակելը  շատ դիւրին է, կրնան  հրատարակել եւ՛ տպարաններու, եւ՛ թերթերու ու ամսագիրներու մէջ, նաեւ  ընկերային ցանցերով ներկայացնել իրենց գրածները: Շատ կարեւոր է գրաքննադատութիւնը, որ Սփիւռքի մէջ բաւականին նահանջած է: Ստեղծագործողի գրածները  պէտք է գրախօսել, այդ գործերը պէտք է անցնին գրաքննադատութեան  ճանապարհը, որովհետեւ ոեւէ գրող, մանաւանդ` երիտասարդ, կրնայ մտածել, որ ինքն անթերի կը գրէ, ուղղութեան, շտկման կարիք չունի, իսկ ատիկա կը վնասէ ստեղծագործողի յառաջխաղացման, ինքնամաքրման, զարգացման: Ես չեմ ուզեր վարդագոյնով ներկայացնել Հայաստանի  գրական դաշտը, թէեւ այդ առումով Սփիւռքի մէջ  վիճակը երեւի աւելի վատ է  քան` Հայաստանի մէջ, սակայն արեւելահայերէն ժամանակակից գրականութեան մէջ չափազանց շատ  են  ռուսախօսութեան, անգլիախօսութեան, առօրէական, փողոցային խօսակցութեան տարրերը, մասնաւորապէս` հայաստանեան հեռուստաեթերներով…պարզապէս աւերածութիւն կը գործեն` սերունդներու դաստիարակութեան առումով: Միջինարեւելեան շրջաններու հայութիւնն  այդ իմաստով համեմատաբար աւելի նախանձախնդիր է, սակայն վիճակն այդքան ալ վարդագոյն չէ նաեւ մեր տարածաշրջանին մէջ, որովհետեւ հայախօսութիւնը սկսած է պակսիլ, աւելցած է խառնամուսնութիւններու թիւը, եւ մարդոցմէ շատերը հեռացած են ազգային ակունքներէն: Աշխա՛րհը  ամբողջովին փոխուած է. ոչ մեծ քանակով տպագրուող միջազգային գրականութեան թեմաները հիմնականին մէջ  արկածային են, ոստիկանական թեմաներով, յանցաւոր աշխարհի մասին, որոնք  մակերեսային հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն: Այսինքն` Արեւմուտքի մէջ  ալ պատկերն այնքան  փայլուն չէ:

Պարո՛ն Տէտէեան, ինչպէս գիտենք, նորարական արհեստագիտութիւնները, համացանցը  գրաւած են տեղեկատուական ամբողջ դաշտը, ինչ-որ  ձեւով ետ մղած տպագիր մամուլը. Դուք ինչպէ՞ս կը նախընտրէք ներկայացնել Ձեր գործերը` տպագիր մամուլո՞վ  թէ՞  ընկերային ցանցերով, ելեկտրոնային կայքերով:

–Երկու տարբերակն ալ ցանկալի են: Չեմ նախընտրեր մէկը կամ` միւսը: Լրագրողներուն տուած հարցազրոյցներէս մէկուն ժամանակ ես ըսի, որ հեռուստատեսութիւնը, ռատիոն մեր կեանք ներմուծման տարիներուն կը թուէր, թէ  մամուլը պէտք է նահանջէր, համացանցի  յայտնուելու ժամանակ մարդիկ կը կարծէին, որ հեռուստատեսութիւնն ու ռատիոն կը նահանջեն, տպագիր մամուլը, տպագիր գիրքը դուրս կը մղուին մեր իրականութենէն, սակայն այդպէս չեղաւ: Մե՛նք ենք է, որ  նահանջեցինք ընթերցանութեան մէջ. գացէք եւ տեսէք, թէ ուրիշ երկիրներու մէջ մարդիկ որքա՜ն ընթերցասէր են, նոյնիսկ մեթրոյի մէջ, հասարակական այլ վայրերու մէջ թերթը ձեռքերնին է…սակայն ես կը հաւատամ, որ  տպագիր գիրքը, մամուլը միշտ պէտք է ըլլայ, գուցէ պակսի, սակայն չի դադրիր  ատոր ընթացքը, ելեկտրոնայինն ալ աւելի մեծ տարածում կը գտնէ: Պէտք է քաջալերել,  որ ելեկտրոնայինի  պարագային հայերէն տառերով գրեն մարդիկ. շատերը կը վախնան հայերէն գրելու, որ յանկարծ սխալներ թոյլ չտան: Որոշ ծրագիրներ  պէտք  է ներմուծել համացանց, որմով հնարաւոր կ’ըլլայ թոյլ տրուած սխալները սրբագրել:

Ին՞չ կ’ըսէք թարգմանական գրականութեան մասին, արդեօք այդ մասին խօսուեցա՞ւ  համաժողովին ընթացքին:

-Շատ կարեւոր է թարգմանութեան հարցը. հայ գրողը կը գրէ, սակայն ո՞վ պէտք է ընթերցէ` միայն իր ժողովուրդը…եթէ՞ գրողի գիրքը չթարգմանուի, չտարածուի այլ լեզուներով, ո՞վ պէտք է ճանչնայ զինք:  Եթէ կ’ակնկալենք ու կը քաջալերենք, որ նոր սերունդը հայերէն  գրէ, ապա պէտք է ըլլայ այդ գիրքը տպագրողը, տարածողը, թարգմանողը, ընթերցողը. այս չորս օղակները  պէտք է  իրար միանան: Ես ուրախ եմ, որ համաժողովի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ թարգմանական գրականութեան մասին, որ համաժողովին կը մասնակցէին նաեւ թարգմանիչներ: Բարեբախտաբար, Հայաստանի մէջ թարգմանական գրականութիւնը սկսած է թափ առնել. Սփիւռքի մէջ, ցաւօք, քիչ են թարգմանիչները եւ այդ պատճառով Հայաստանէն  կ’ակնկալեն օժանդակութիւն:

Համաժողովի մասնակից գրողներն իրար կը ճանչնայի՞ն, արդեօք մէկդ միւսին գործերը կարդացա՞ծ էք:

-Ամէն համագումարի ժամանակ մարդիկ կը ծանօթանան իրար հետ. ամէն  համաժողով ծանօթութիւններու, յետագային` նաեւ համագործակցութիւններու հարթակ կը դառնայ: Եթէ այս համագումարին ժամանակ ես ոեւէ   գրողի  չի ճանչնամ, արդէն յաջորդ համաժողովին ծանօթներ կ’ըլլանք, մէկս միւսին գործերը կը կարդանք, մէկս միւսին կը փոխանցենք մեր գիրքերը: Սուտ կ’ըլլայ, եթէ ըսեմ, որ իտէալական հարթակ կայ, թո՛ղ ինքնախաբէութիւն չըլլայ, սակայն այստե՛ղ է այն հարթակը, ուր կը ծանօթանան աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած գրողները:

Քանի՞ գիրքի հեղինակ էք, պարո՛ն Տէտէեան եւ արդեօք Ձեր գիրքերը  թարգմանուա՞ծ են այլ լեզուներով:

-Երեք գիրքի հեղինակ եմ, որոնցմէ ոչ մէկը, ցաւօք սրտի,  թարգմանուած  չէ որեւէ լեզուով:

–Որո՞ւն  երախտապարտ էք Ձեր ստեղծագործական շնորհին համար:

-Իմ ուսուցիչներուս, յատկապէս` հայերէնի մեր արժանաւոր ուսուցիչներուն, մեր տնօրէններուն, մօրս, հօրս…հայրս մեծ դեր խաղցած է իմ կեանքիս մէջ. ան ալ կը գրէր, բայց միայն իրեն համար, շատ կը կարդար, միշտ տուն կը բերէր  թերթերը եւ ձեռքս  բռնած` ինծի կը տանէր զանազան դասախօսութիւններու, ձեռնարկներու:

Պարո՛ն Տէտէեան, փաստօրէն, գոհ էք համաժողովի արդիւնքներէն, եւ առաւել կը գնահատէք ատոր հայահաւաք  նշանակութիւնը, միասնականութեան գաղափարը: Ինծի կը մնայ մաղթել, որ յաջորդ համաժողովին ներկայանաք մէկ-երկու նոր գիրքերով, ինչպէս նաեւ` ատոնց թարգմանութեամբ:

Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up