«Պարը Կեա՛նք Է, Պատմութիւ՛ն Է, Լեզու Է Եւ…զէ՛նք»: Քատարինա Դարբինեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Ֆրանսայէն` Իսի լէ Մուլինիոյէն հիւրընկալուած «Արարատ» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարներ, երիտասարդ եւ առինքնող արտաքինով զոյգի` Քատարինա Դարբինեանի եւ Արամ Արզումանեանի հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ունեցած հարցազրոյցիս ընթացքին, այս ալ որերորդ անգամ, հիացմունքի ու հպարտութեան զգացումով համակուեցայ` Սփիւռք ապրող մեր հայրենակիցներու հայրենասիրական, հայանպաստ գործունէութեան մասին լսելով: Մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք այդ հարցազրոյցը:
–Քատարինա՛, կը պատմէք, խնդրեմ Ձեր ղեկավարած պարային համոյթի ծաւալած գործունէութեան մասին:
-«Արարատ»-ը ստեղծուած է 14 տարի առաջ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կից. հիմնադիրները եկեղեցւոյ ատենապետն ու անոր կինն են` Թուրքիոյ հայեր Հայկազ Կորտեբակը եւ Մայտա Կոնկեսեն: Ստեղծման օրուընէ համոյթը մէկ տարի գործած է ուրիշ պարուսոյցի ղեկավարութեամբ, որմէ յետոյ պատահմամբ գտան մեզի, հրաւիրեցին` ղեկավարելու խումբը, եւ արդէն 14 տարի անընդմէջ պարի համոյթը կը ղեկավարենք մենք. կարելի է ըսել, որ հիմնադիրները նաեւ մենք ենք:
–Որքան հասկցայ, Դուք եւ Արամը արհեստավարժ պարողներ էք. ե՞րբ եւ ուրկէ՞ սկսած էք Ձեր պարային կենսագրութիւնը:
-Այո,՛ ճիշդ նկատած էք. մենք արհեստավարժ պարողներ ենք, ապրած ենք Հայաստանի մէջ եւ պարած ենք «Բարեկամութիւն» պետական յայտնի պարային համոյթին մէջ: Աւարտած ենք Երեւանի պարարուեստի ուսումնարանը, զուգահեռաբար աւարտած ենք նաեւ Երեւանի գեղարուեստաթատերական հիմնարկը, յաճախած ենք Արմէն Մազմանեանի լսարանը: Այնուհետեւ պայմանագիրով, որոշակի ծրագիրով մեկնած ենք Փարիզ եւ, ինչպէս արդէն ըսի, 14 տարի է, որ այնտեղ կ´ապրինք ու կ´աշխատինք:
–Տարիքային ի՞նչ խումբի պարողներու կ´ընդունիք, եւ արդեօ՞ք անոնք արհեստավարժ, ճանապարհ անցած պարողներ են:
-Կ´ընդունինք փոքր տարիքէն` 4- 5 տարեկանէս սկսայ. այդ տարիքային խումբին մէջ արդէն ընդգրկուած է 25 հոգի, տարիքային շեմը մինչեւ 30-35 տարեկանն է, մենք չենք սահմանափակեր, պարզապէս շատերը կ´ամուսնանան, երեխաներ կ´ունենան. Խումբին մէջ արդէն ունինք 4-5 ընտանիք, թոռնիկներ ալ ունինք: Կ´ընդունինք բոլոր անոնց, որոնք կը ցանկան պարել. բացարձակապէս հաշուի չենք առներ արտաքին տուեալները, կարեւոր չէ անոնց կառուցուածքը` գէր, նիհար…կարեւորն այն է, որ անոնք լաւ պարեն, իսկ ամենակարեւորը` պարի միջոցով հայ ինքնութեան պահպանումն է, հայ ըլլալը:
–Խօսինք տարազներուն մասին: Հայաստանի տարբեր գաւառներու ազգային տարազները, բնականաբար, տարբեր եղած են. կրնա՞ք նրբօրէն մօտենալ ամէն գաւառի հագուկապին բնորոշ մանրամասներուն` պահպանելով աւանդական գոյները, զարդանախշերը, գլխանոցներու, զարդերու բոլոր մանրամասները: Կը խորհրդակցի՞ք արդեօք մասնագէտներու հետ:
-Ձեր հարցը, յիրաւի, շատ կարեւոր է. ըսեմ, որ մեր նպատակը ճշգրիտ էթնոսը բերելը կամ քարոզելը չէ, մեզի համար ամենակարեւորը գեղագիտութիւնն է: Տարազները կը պատրաստուին մեր ճաշակով, ի հարկէ, խորհրդակցելով տարազ կարող արհեստավարժ դերձակներու հետ, որոնցմէ մէկն ալ Ռուբինա Յովհաննիսեանն է, օփերայի յայտնի վարպետ-դերձակ Կարինէն, հիմա ծանօթացած ենք դերձակ-նկարչուհի Այտա Մելքոնեանի հետ, որ այնպիսի՜ ձեւաւորում կ´ընէ, կ’ուզէի, որ բոլորը տեսնէին անոր գծագրութիւնները:
–Քատարինա՛, Դուք եւ Ձեր ամուսինը` Արամը, միայն կը ղեկավարէ՞ք համոյթը, թէ՞ նաեւ դուք կը պարէք :
-Կը ղեկավարենք խումբը, կը սորվեցնենք նոր եկողներուն, աւելի երկար տարիներ պարողներուն կը փորձենք կատարելագործել, եւ մենք ալ կը պարենք: Կը շարունակենք պարել` այդպիսով վաստակելով նաեւ մեր ապրուստը: Կը պարենք յաճախ մեծ բեմերու վրայ, կը ցուցադրենք եւ՛ մենապար, եւ՛ զուգապար, նաեւ` ոչ հայկական պարեր, ֆլամինկոյի դասեր կը վերցնենք, բայց կը դասաւանդենք հայկական պար:
–Միայն կը դասաւանդէ՞ք, թէ՞ նաեւ կը պատմէք տուեալ պարի կարճ պատմութիւնը:
-Եւ՛ կը դասաւանդենք, եւ՛ կը ներկայացնենք տուեալ պարի արմատները, կը բացատրենք պարի շարժումներու նշանակութիւնը:
-«Արարատ»-ը Ֆրանսայէն դուրս` ուրիշ ո՞ր երկիրներու ու քաղաքներու մէջ ելոյթներ ունեցած է:
-Մեր համոյթը ելոյթներ ունեցած է Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու, Պելճիգայի մէջ, յաջորդ տարի կը պատրաստուինք Հայաստանի մէջ նշել մեր համոյթի 15-ամեակը եւ համերգ ունենալ:
–Ին՞չ յաճախականութեամբ կու գաք Հայրենիք. Սփիւռքի նախարարութիւն առաջի՞ն անգամ կ´այցելէք:
-Ամէն տարի կու գանք Հայաստան, իսկ Սփիւռքի նախարարութիւն առաջին անգամ կու գանք: Մեզի շատ սիրով ընդունեց յարգարժան նախարարը. մենք եկանք` պատմելու մեր աշխատանքին ու հեռահար ծրագիրներուն մասին, խորհրդակցելու:
–Կա՞ն պարեր, որոնք դեռեւս չէք բեմադրած եւ կ´աշխատիք ատոնց վրայ:
-Շատ պարեր բեմադրած ենք, պարզապէս կը ցանկանք որոշ պարեր նորովի բեմադրել. մենք նորամուծութիւններու կողմնակից ենք եւ հէ՛նց այդ պատճառով նորովի բեմադրեցինք «Բերդ» հանրայայտ պարը:
–Ձեզի կը ծափահարե՞ն ֆրանսացիները…
-Այո՛, մենք ելոյթ ունեցած ենք ֆրանսական քաղաքի մէջ, ուր դահլիճին մէջ հիմնական ֆրանսացի հանդիսատեսներ էին. անոնց ընդունելութիւնը շատ ջերմ էր, ծափահարութիւնները չէին լռեր:
–Բացի Ձեր աշակերտներէն` Ձեր մասնագիտութիւնը շարունակողներ ունի՞ք:
-9-ը տարեկան աղջիկ ունինք, որ արդէն 5 տարի կը պարէ մեր համոյթին մէջ, մեր տղան դեռեւս 4 տարեկան է, առ այժմ չի պարեր, սակայն համակ ուշադրութեամբ կը հետեւի մեր պարերուն. ան շատ պարային կառուցուածք ունի եւ կը կարծեմ, որ օր մը պիտի ցանկայ պարել:
–Քատարինա՛, հարցս կ´ուզեմ ուղղել Արամին. Արա՛մ, ո՞վ է յառաջատարը ձեզմէ, ո՞վ համոյթին հետ կապուած աշխատանքներուն աւելի շատ կը չարչարուի:
-Երկուքս ալ, հաւասարապէս կը չարչարուինք, սակայն կինս աւելի շատ հոգեբանական աշխատանք կը տանի, կը խօսի, կը բացատրէ, իսկ ես կը պահանջեմ պարողներէն ու շարունակ կը ստիպեմ աւելի շատ աշխատիլ:
-14 տարի ղեկավարելով պարային համոյթ, դուք ալ ըլլալով արհեստավարժ պարողներ` տարիներու ընթացքին ի՞նչ հետաքրքիր բացայայտում ունեցած էք հայկական պարերու նմէջ:
–Հայկական պարերուն մէջ ոչ թէ բացայայտած, այլ միշտ զգացած ենք այն բացառիկ շաչժումները, որոնք բնորոշ են միայն հայկական պարերուն:
–Քատարինա՛, Արա՛մ, եթէ հրաշքով կրկին ծնէիք, դարձեա՞լ կ’ընտրէիք պարարուեստը…
-Անպայմա՛ն: Մենք միակարծիք ենք այդ հարցով: Պարը կեա՛նք է, պատմութիւ՛ն, լեզու եւ…զէ՛նք:
–Դէ ինչ, սպասենք Ձեր երկար սպասուած համերգին Հայրենիքի մէջ:
Կարինէ Աւագեան