«Ամենամեծ Հարստութիւնը Ինծի Համար Երեխայիս Հայրենիք Տալն Է». Մակի (Մարգարիտ) Պոշնակեան-Ճորճեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Ֆրանսայի հրաշագեղ Նիս քաղաքէն հիւրընկալուած «Melting Dance» պարի դպրոցի հիմնադիր-ղեկավար Մարգարիտ (Մակի) Պոշնակեան-Ճորճեանի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը. ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք այդ հարցազրոյցը:
-Մարգարի՛տ, թոյլ տուէք Ձեզի այսպէս դիմել` հայկական լիարժէք ու գեղեցիկ անունով. ինչպէ՞ս յայտնուած էք հեռաւոր Ֆրանսայի միջերկրածովեան Նիս քաղաքին մէջ:
-Ես ծնած եմ Պոլիս: 5 տարեկան եղած եմ, երբ ընտանիքով տեղափոխուած ենք Ֆրանսա:
-Դուք հրաշալի կը խօսիք արեւմտահայերէնով, պահպանած էք լեզուն, չէք մոռցած մայրենին. ըսէք, խնդրեմ, թէ որուն պարտական էք ատոր համար:
-Մօ՛րս. ա՛ն է մեր ընտանիքէն ներս պահած ու պահպանած հայոց լեզուն: Հայ օճախներու մէջ լեզուն պահողները հիմնականին մէջ հայ մայրերն են, շնորհակալ եմ մօրս: Յաճախած եմ ֆրանսական դպրոց եւ շատ արագ սորված ֆրանսերէն լեզուն:
-Կը կարօտնա՞ք Ձեր ծննդավայրը:
-Անկեղծօրէն պէտք է ըսեմ, որ չեմ կարօտնար, ուղղակի երբեմն կը յիշեմ զայն: Պատճառներէն մէկն այն է, որ շատ փոքր եղած եմ, երբ տեղափոխուած ենք Ֆրանսա եւ իմ ծննդավայրէս գրեթէ բան չեմ յիշեր, միւս պատճառն ալ այն է, որ թուրքը կը մնայ թուրք: Մեծ մայրս, շատ ափսոս, Թուրքիոյ մէջ մահացաւ, բնականաբար, գացինք, ու ես հասկցայ, որ այնտեղ տեսակ մը կը ճնշուիմ: Ծննդավայր երթալու ուրիշ առիթ չէ եղած:
-Ֆրանսայի մէջ դպրոց յաճախելու տարիներուն ֆրանսացի երեխաները տարբերութիւ՞ն դրած են իրենց եւ Ձեր միջեւ. այդ առումով խորթութիւն զգացա՞ծ էք:
-Նախ` ըսեմ, որ տեղափոխուելէ 10 ամիս անց հայրս մահացաւ. ատիկա մեծ հարուած էր մեր ընտանիքին համար: Ընդամէնը 34-ամեայ երիտասարդ մայրս հոգիի տոկունութեամբ յաղթահարեց բոլոր դժուարութիւնները եւ պահեց իր ընտանիքը` ինծի ու ինծմէ 10 տարի մեծ եղբօրս: Ես շատ լաւ մանկութիւն ունեցած եմ: Դպրոցին մէջ, շրջապատիս մէջ ես երբեք օտար չեմ զգացած:
–Մակի՛, դպրոցն աւարտելէ յետոյ ո՞ւր շարունակեցիք Ձեր ուսումը, ի՞նչ մասնագիտութիւն ձեռք բերիք:
-Դպրոցն աւարտելէ յետոյ հաշուապահութիւն եւ ոճաբանութիւն ուսանեցայ. հմուտ էի այդ գործերուն մէջ, սակայն իմ աշխարհս պարն էր, ու ես պարի դպրոց բացի: Ես Նիսի մէջ պալէի յաճախած եմ: Շատ երիտասարդ հասակիս պարած եմ մեր «Նայիրի» պարային խումբին մէջ: Երբ Հայաստան եկայ, յաճախեցի Սոֆի Դեւոյեանի, Սուրէն Չանչուրեանի մօտ, Հայաստանի մէջ ալ ստացայ իմ տիպլոմս: 2007-ին բացի իմ պարի դպրոցս, ուր կը սորվեցնենք ամէն տեսակի պարեր, հայկական պարերը ես կը սորվեցնեմ: Ես պարած եմ մեր «Նայիրի» պարախումբին մէջ, որ անցեալին կը կոչուէր Մշակութային պարախումբ: Բացի իմ պարի դպրոցէս` կ’աշխատիմ նաեւ «Նայիրի» պարախումբին` դասաւանդելով պարի բեմադրութիւն: Կը փափաքիմ, որ մեր պարախումբը ըլլայ Հայաստանի մէջ. յուսանք, որ «Նայիրի» համահայկական փառատօնին կը հասցնենք պատրաստուիլ ու մասնակցիլ:
–Ինչպէ՞ս կը լուծէք պարախումբի տարազներու ընտրութեան, ատոնք հայթայթելու շատ կարեւոր ու նուրբ հարցը. որո՞ւն հետ կը խորհրդակցիք տարազներու պատրաստման, ատոնց` Պատմական Հայաստանի բոլոր գաւառներուն բնորոշ բոլոր մանրամասնութիւններու Ճիշդ ընտրութեան հարցով:
-Կ’օգտուինք եղած գիրքերէն, կ’ուսումնասիրեմ մանրամասնութեամբ. ես նկարած եմ այդ բոլոր մանրամասնութիւնները: Եթէ հնարաւոր ըլլայ, տարազներ կը գնենք այստեղէն: Ատոնք կարելու հարցով ինծի շատ կ’օգնէ մայրս` վաստակաշատ մանկավարժ Հռիփսիմէ Պոշնակեան, որուն Նիսի քաղաքապետը մանկավարժական երկարամեայ եւ հասարակական աշխոյժ գործունէութեան համար պարգեւատրած է ոսկէ մետալով: Մենք կ’աշխատինք հնարաւորինս մօտ ըլլալ մեր պատմական տարազներուն: Ատոնք հայթայթելու գործին մէջ նիւթապէս կ’աջակցին պարախումբի անդամներու ծնողները:
– Գործնակա՞ն այցով եկած էք հայրենիք…
-Եկած եմ ` կարօտի թեւերով, հետս են նաեւ ամուսինս ու 3-ամեայ երեխաս: Ես 3-րդ անգամ կու գամ Հայաստան, ամուսինս` առաջին անգամ: Կը ցանկամ, որ իմ բալիկս կապուի Հայաստանին, որ իր ապագան կառուցէ մեր Հայրենիքին մէջ: Ամենամեծ հարստութիւնը երեխայիդ Հայրենիք տալն է: Շատ տեսարժան վայրեր այցելած ենք, եղած ենք Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ եւ Մոնումենտ անուանուող բարձունքէն դիտած ենք Երեւանի գեղեցիկ համայնապատկերը: Գացած ենք Սեւան, Օշական, Գառնի, Գեղարդ, Էջմիածին, Ջերմուկ…ուր որ գացինք, Հայրենիք է:
-ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժումը ծանօ՞թ է Ձեզի:
-Այո՛, ծանօթ է, աւելին` մենք այդ շարժման աշխոյժ մասնակիցներէն ենք: Նիսի հայ մշակոյթի տունը նոյնպէս աջակցութիւն ցուցաբերած է Ղարաբաղին. Ապրիլեան քառօրեային զոհուած 6 զինուորներու ընտանիքներու աջակցած ենք նիւթապէս, բժշկական պարագաներ (վիրակապեր) տրամադրած ենք զինուորներուն: Բախտ չէ վիճակուած Արցախ այցելել. յուսամ, որ յաջորդ այցիս կը կարենամ այցելել Արցախ: Հիմա կը մտածենք, թէ յաջորդ օգնութիւնը ինչ տեսքով ուղարկենք:
-Ին՞չ է Ձեզի համար Հայրենիքը, Մարգարի՛տ:
-Ամէն ինչ` ապահովութիւն, սէր, լոյս, ապագայ:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան