«Երջանիկ Եմ, Որ «Արի Տուն» Ծրագիրի Շնորհիւ Տեսայ Հայրենիքս, Զգացի Հայրենի Տան Ջերմութիւնը». Հրակ Պոսնոյեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի հետաքրքիր ու բովանդակալից մաս կը  կազմեն նաեւ ճամբարային օրերը, որոնք կ´անցնին Աղաւնաձորի գեղատեսիլ բնութեան գիրկին մէջ. ծրագիրի հերթական փուլերէն մէկուն ճամբարային առօրեայի վերջին` հրաժեշտի խարոյկին օրը, «Հայերն այսօր»-ի համար զրուցեցի մասնակիցներէն քանի մը հոգիի հետ, որոնցմէ մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը ներկայացնենք Լիբանանէն ծրագիրին մասնակցող, շատ տպաւորիչ` Հրակ անուամբ 15-ամեայ պատանիին հետ:

Հրա՛կ, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ` կը ներկայացնէ՞ս քու տպաւորութիւններդ:

-Տպաւորութիւններս հրաշալի են. մինչ այդ շատ  լսած էի Հայաստանի մասին, Արարատ լերան, Սեւանի, բայց «Արի տուն» ծրագիրի շնորհիւ այդ ամէնը տեսայ իմ աչքերովս: Մենք մանկութենէն  միշտ կը լսենք Հայաստանի մասին, կ´ապրինք Հայրենիքի կարօտով, դպրոցին մէջ  ու տան մէջ կը  լսենք հայերէն խօսք, երգեր, Հայոց պատմութեան դրուագներ, հայերէն աղօթք: Աւելի շատ գիրքերու մէջ  կարդացած էի Հայաստանի մասին ու ֆիլմերու մէջ տեսած: Շնորհակալ եմ ծնողներուս, որոնք  քաջալերեցին ինծի, որ մասնակցիմ այս սքանչելի նախաձեռնութեան: Շատ շնորհակալ եմ այս ծրագիրին, որ ինծի ծանօթացուց իմ Հայրենիքս:

Տեսարժան վայրերէն ո՞ւր  ամէնէն շատ  սիրեցիր:

-Բոլորն ալ տպաւորիչ էին, սակայն առաւել տպաւորիչ էր Ծիծեռնակաբերդը, որովհետեւ այն իմ նախնեաց արիւնալի ճակատագրի խորհրդանշական վկան է, յիշատակի վառ կրա՛կը  այնտեղ կը  բոցկլտայ: Այդ բարձունքէն տեսայ Երեւանի գեղեցիկ համայնապատկերը, իսկ վերեւը մաքուր, կապոյտ երկինքն էր, որն այնքա՜ն մօտ կը թուէր, տեսայ հեռուէն շողշողացող Մասիսը, յուզուեցայ, նաեւ հպարտութեան զգացում ունեցայ: Երջանիկ եմ, որ տեսայ Հայրենիքս, զգացի հայրենի տան ջերմութիւնը:

Հրա՛կ, ո՞ր երկիրներէն եկած երեխաներուն հետ կրցար աւելի շատ ընկերութիւն ընել, շփուիլ:

-Բոլորին  հետ ալ կրցած եմ շփուիլ, սակայն աւելի շատ  Յորդանանէն եւ ՌԴ-էն եկածներուն հետ. կ´ափսոսամ, որ ռուսերէն չեմ գիտեր, որոշած եմ անպայման սորվիլ:

Հայկական ո՞ր երգը, ո՞ր պարը   աւելի հոգեհարազատէր քեզի:

-Աւելի շատ կը սիրեմ սիրոյ թեմայով երգերը, պարերէն շատ կը սիրեմ «Քոչարի»-ն, որովհետեւ այն իր մէջ շատ կորով, հզօրութիւն ունի:

Բնականաբար, մօրդ պատրաստած կերակուրները ամէնէն համեղն են, սակայն Հայաստան գտնուելու օրերուն դուն համտեսեցիր նաեւ ուրիշներու պատրաստած հայկական ուտելիքները. ատոնցմէ ո՞ր մէկը  ամէնէն շատ սիրեցիր:

-Այո՛, մօրս պատրաստածն ամէնէն համեղն է, սակայն այստեղ ալ լաւ կը պատրաստեն. շատ կը սիրեմ խորովածն ու քապապը, որոնք հաճոյքով ճաշակեցի իմ Հայրենիքիս մէջ: Ճաշակած եմ նաեւ Հայաստանի համեղ միրգերը, սառնորակ, անփոխարինելի ջուրը: Շնորհակալութիւ՛ն այս ծրագիրի բոլոր կազմակերպիչներուն:

  Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

 

 

 

 

Scroll Up