«Շատ Կարեւոր Կը Համարեմ Ու Կ’արժեւորեմ «Արի Տուն» Հայրենաճանաչողական Ծրագիրը». Սուսաննա Բագրատունեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» հայրենաճանաչողական ծրագիրի ծիրէն ներս տարիներ շարունակ սփիւռքահայ բազմաթիւ տղաներ ու աղջիկներ կու գան Հայաստան, կը ծանօթանան Հայրենիքի տեսարժան վայրերուն, պատմամշակութային կոթողներուն, կը սորվին հայերէն, իսկ անոնք, որոնք գիտեն մայրենին, կը հարստացնեն հայոց լեզուի իրենց ունեցած գիտելիքներու պաշարը: Անոնք կը հանգստանան նաեւ Հայաստանի գեղատեսիլ բնութեան գողտրիկ անկիւններէն որեւէ մէկուն մէջ, կը մասնակցին զանազան ձեռնարկներու, քանդակի, մաքրամէի, հայրենագիտութեան, երգի, պարի դասերու եւ կը նախապատրաստուին հրաժեշտի խարոյկի թատերականացուած ձեռնարկին: Սփիւռքահայ երեխաներուն համար հայրենաճանաչողական իւրօրինակ եւ հրաշալի դասեր են նաեւ հիւրընկալ ընտանիքներու մէջ ապրած օրերը. այդ ընտանիքներու հիւրընկալ միջավայրին մէջ անոնք կը ծանօթանան հայաստանեան ընտանիքներու նիստուկացին, սովորոյթներուն, հայկական աւանդական ճաշատեսակներուն, կը շփուին եւ կ’ընկերանան հիւրընկալ ընտանիքի իրենց հասակակիցներուն հետ:
Այդ հիւրընկալ ընտանիքներէն մէկուն ներկայացուցիչ, ընտանիքի մայր Սուսաննա Բագրատունեանի հետ «Հայերն այսօր»-ի համար զրուցեցի անոնց ընտանեկան յարկին ներքոյ տարբեր տարիներու հիւրընկալուած հայորդիներուն մասին, եւ տիկին Սուսաննայի պատմածներէն հասկցայ, որ անոնց ընտանիքէն ներս այդ հիւրընկալութիւնը արտառոց երեւոյթ չէ համարուած, որովհետեւ հայ մարդն, առհասարակ, բոլոր ժամանակներուն աչքի ինկած է իր հիւրընկալ, հիւրամեծար բնաւորութեամբ:
–Տիկի՛ն Սուսաննա, մեր զրոյցը սկսինք հայու հիւընկալ, հիւրամեծար, հիւրասէր էութենէն…
-Այո՛, հայերը միշտ եղած են ու մնացած այդպիսին. այս պարագային մեր հիւրերը հարազատներ էին, այսինքն` աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած հայորդիներ: Դժուար չէ ըլլալ հիւրընկալ ու հիւրասէր, եթէ հոգիիդ ու սրտիդ մէջ, անկախ ազգային պատկանելիութենէն, սէր կայ` Աստուծոյ պարգեւներէն ու պատուիրաններէն ամենակարեւորը:
–Քանի՞ երեխաներու հիւրընկալած էք Ձեր յարկին ներքոյ:
-Տարբեր տարիներու` երեք երեխաներու` Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն եւ Ջաւախքէն: Բոլորը շատ սիրեցինք. աշխատած ենք, որ անոնք ազատ, հանգիստ զգան մեր տան մէջ, ճաշակեն մեր աւանդական կերակուրները, մասնակցին զանազան ձեռնարկներու, խօսին մայրենի լեզուով: Երբ կը վերադառնային շրջագայութիւններէն, այնքա՜ն ոգեւորուած կը պատմէին այդ ամէնուն մասին, որ մենք ակամայէն կը ցանկայինք կրկին այցելել մեր Հայրենիքի տեսարժան վայրերը:
– Ձեր ընտանիքի բոլոր անդամները համաձա՞յն էին այդ որոշման հետ:
-Անշու՛շտ. մենք` ամուսինս, ես, 2 աղջիկներս ու տղաս միակարծիք եղած ենք այդ հարցով: Հիմնականին մէջ ամուսինս անոնց առաւօտեան կը տանէր նշանակուած վայր եւ շրջագայութենէն յետոյ կը դիմաւորէր ու տուն կը բերէր, սակայն երբեմն` նաեւ տղաս մեր հիւրերուն կ’ուղեկցէր: Ամէն մէկ հիւր մեր ընտանիքի անդամներուն կողմէ ընդունուած է ջերմութեամբ, հարազատի նման:
–Դուք, եթէ չեմ սխալիր, կ’աշխատիք Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի ղեկավարի աշխատակազմի Կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բաժինին մէջ եւ, բնականաբար, շատ ծանրաբեռնուած կ’ըլլաք. Ձեր հիւրերուն համար ո՞վ կերակուրներ կը պատրասէ, կ’օգնէ Ձեզ:
-Ամուսնուս մայրը` կեսուրս` ժրաջան, շնորհալի կին մը, որ շատ սիրով, ջերմութեամբ օգնած է զիս, կերակուրներ պատրաստած, հիւրասիրած. մեր ընտանիքէն ներս հիւրերուն համար բոլորը պատրաստակամ եղած են:
–Կապ ունի՞ք անոնց հետ:
-Հիմնականին մէջ երեխաներս կապը կը պահեն, սոցիալական ցանցով նամակագրական կապի մէջ են, սակայն աւելի շատ կապուած ենք Ջաւախքէն մեր տունը հիւրընկալուած երեխային հետ:
–Տիկի՛ն Սուսաննա, այս ամառ հիւընկալելու մտադրութիւն ունի՞ք:
-Սիրով կը հիւրընկալէի, սակայն աղջիկս նշանուած է եւ ամուսնութեան հարցերով շատ զբաղուած պիտի ըլլանք, սակայն ոչինչ կը բացառուի. դեռ պարզ չէ:
– Անոնց հետ կապուած ի՞նչ առանձնայատուկ դէպք կրնաք յիշել:
-Ամերիկայէն մեր տունը հիւրընկալուած երեխային մայրն ալ այդ տարի կը մասնակցէր «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացներուն, անհանգիստ էր, որոշած էր գալ մեր տուն, տեսնել, թէ ուր, ինչպէս կ’ապրի իր երեխան. ի հարկէ, շատ լաւ տպաւորութիւն ստացաւ: Մենք սեփական տուն ունինք, որուն պատշգամէն կ’երեի Մասիսը: Մեր հիւրը, պատշգամէն տեսնելով Մասիսի վեհաշուք տեսարանը, այնքան բարձր բացականչեց` եկէ՜ք, Մասիսը՜,Մասիսը՜, տիկինը իր հիացմունքը այնքա՜ն արտառոց ձեւով արտայայտեց, որ բոլորս վազեցինք պատշգամ…ան իր աղջկան անընդհատ կ’ըսէր` շու՛տ, շու՛տ, նկարէ՛ այս տեսարանը: Միայն հեռուէն Արարատի մասին լսած ու նկարներով այն տեսած մարդուն համար, իրօ՛ք, ատիկա հեքիաթային, աննկարագրելի պահ էր :
–Տիկի՛ն Սուսաննա, ի՞նչ կ’ըսէք «Արի տուն» ծրագիրին մասին:
-Շատ կարեւոր կը համարեմ ու կ’արժեւորեմ այդ ծրագիրը` հայրենաճանաչողութեան իմաստով: Շատ հայորդիներ առաջին անգամ կու գան Հայաստան, կը ծանօթանան Հայրենիքի պատմամշակութային յուշարձաններուն, կը շփուին Հայաստան բնակող եւ Սփիւռքի տարբեր երկիրներէ ծրագիրին մասնակցող իրենց հասակակիցներուն հետ: Յիրաւի, ողջունելի ծրագիր է:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան