Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ներկայ Գտնուեցաւ Լոս Անճելըսի «Հայաստան» Պարախումբի Յոբելենական Համերգին

Յուլիս 3-ին Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի պարարուեստի գործիչներու միութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած Լոս Անճելըսի «Հայաստան» պարախումբի 20-ամեակին նուիրուած յոբելենական համերգին: Խումբի գեղարուեստական ղեկավարն ու հիմնադիրն է Հայաստանի «Բերդ» պարային համոյթի նախկին կատարող Արման Վարդանեան, պարուսոյց` Նայիրա Վարդանեան:

Հայկական ժողովրդական պարերու կատարումներով հանդէս եկան «Հայաստան» պարախումբի 70 սաներ:

Պարախումբի հիմքին վրայ ստեղծուած է «Հայաստան» մշակութային կեդրոնը, որուն գլխաւոր մասնաճիւղը կը գտնուի Նորթ Հոլիւուտի մէջ, մասնաճիւղեր կը գործեն նաեւ Կլենտէլի, Փալմտէլի, Սանթա Գլարիթի մէջ: Կեդրոնը ունի երգի, պարի, ասմունքի, թատերական եւ այլ դասարաններ: Կը պատրաստուի յառաջիկային ընդլայնել ուղղութիւններն ու մեծցնել յաճախողներու թիւը:

Համերգի աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց պարախումբի ղեկավարներն ու կատարողները, անոնց հետ Հայրենիք ժամանած 30 ծնողները, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» մշակութային կեդրոնի ողջ ստեղծագործական խումբն ու սաները պարային համոյթին ստեղծման 20-ամեակին կապակցութեամբ, բարձր գնահատեց տէր եւ տիկին Վարդանեաններու` սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի ջահը վառ պահելուն ուղղուած ջանքերը, մաղթեց նոր ստեղծագործական նուաճումներ, նոր բեմեր: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց պարախումբի հիմքին վրայ մշակութային կեդրոնի ստեղծման վերաբերեալ եւ նշեց, որ Վարդանեան զոյգը 500 հայ երեխաներ ամուր կը կապեն ազգային ոգիին ու մշակոյթին:

Երկարատեւ եւ անխոնջ աշխատանքի, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելու, հայ մշակոյթը Սփիւռքի մէջ տարածելու համար Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Երախտագիտութեան մետալով եւ պատուոգիրով պարգեւատրեց Լոս Անճելըսի «Հայաստան» պարախումբը:

 

 

Scroll Up