Նամակ Հայ Զինուորին. Կը Գրեն Ղազախստան Ապրող Հայ Երեխաները

Որքան կը մօտենայ Հայոց բանակի տօնը, այնքան մեր նամակատուփը «կը ծանրաբեռնուի» հայ զինուորին ուղղուած նամակներով: Եւ սա պատահական չէ. չէ՞ որ այս տարին յոբելենական է, եւ մենք ազգովի պիտի նշենք բանակի կազմաւորման 25-ամեակը: Այսօր հայկական հզօր, կուռ եւ մարտունակ բանակը իրաւամբ, համայն հայութեան հպարտութիւնն է, եւ այս հրաշալի յոբելեանին առիթով աշխարհով մէկ` թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, կը կազմակերպուին տարաբնոյթ ձեռնարկներ:

Հայոց բանակը մեր յաղթանակներու ու վերածնունդի մարմնաւորումն է, մեր անվտանգութեան եւ անկախութեան երաշխաւորը, մեր յաջողութիւններու անառարկելի գրաւականը:  Հայ զինուորն ու սպան, իրենց անմնացորդ նուիրումով, անձնուրաց գործողութիւններով ու սխրագործութիւններով, բարձր պատրաստուածութեամբ ու պատասխանատուութեամբ, անցած հերոսական ճանա­պարհով դարձած են մեր խաղաղ ու ապահով կեանքի առհաւատչեան, մեր ուժն ու յենարանը:

Բանակի տօնը ըստ արժանուոյն նշելու պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերեն նաեւ հայկա­կան կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները: Անոնք միացած են «Նամակ հայ զինուորին» շարժ­ման եւ յուզառատ նամակներ կը գրեն` հաւատալով, որ ատոնք կը հասնին մեր հայ­րենիքի սահմանները անառիկ պահող հայ զինուորներուն ու սպաներուն, կ’ոգեւորեն ու նոր ուժ կը հա­ղորդեն անոնց:

«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ Ղազախստանի Փեթրոպաւլովսկ եւ Ասթանա քաղաքներէն ստացուած եւս քանի մը նամակ:

%d5%b6%d5%a1%d5%b4%d5%a1%d5%af%d5%b6%d5%a1%d5%b4%d5%a1%d5%af1%d5%b6%d5%a1%d5%b4%d5%a1%d5%af2

Scroll Up