Հայկական Ժողովրդական Պարերը Սիսիլիոյ Մէջ

2013 թուականի միջազգային շարք մը փառատօններ Գրասնոտարի «Նարեկ» կրթամշակութային կեդրոնի սաներուն համար հանդիսացան շրջադարձային ու նշանակալի:
Վերջերս հայկական տուտուկն ու զուռնան հնչեցին հեռաւոր Իտալիոյ գեղահրաշ Սիսիլիա կղզիին մէջ: Հայկական ժողովրդական նազանի պարերը համոյթի մենապարուհի Աննա Մոսինեանի կատարմամբ մեծ հաճոյք պարգեւեցին հանդիսատեսին եւ գնահատող յանձնաժողովին: Ամէն անգամ բեմահարթակէն հեռանալով` Աննան կ’արժանանար բուռն ծափահարութիւններու: Այս անգամ, բացի պարէն ու երգէն, փառատօնի ծրագիրին համապատասխան, «Նարեկ» կեդրոնը ներկայացուց Նայիրա Յարութիւնեանի արուեստական հաւաքածուն` 1920-30թթ.. «Coco Chanel»-ի հիմունքներով: Միջազգային բոլոր փառատօններէն «Նարեկ» համոյթի սաները կը վերադառնան հրաշալի արդիւնքներով, գաւաթներով ու պատուոգրերով` բարձր պահելով աշխարհասփիւռ հայերու ոգին: