Հալէպի Մէջ Բուռն Հրթիռակոծումներ. Կան Հայ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Այսօր առաւօտեան վաղ ժամերէն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը հրթիռակոծեն Հալէպի Նոր Գիւղ եւ Վիլլաներ հայաշատ թաղամասերը։
Նոր Գիւղի մէջ գտնուող Ազգ. Պատսպարանի սաները առժամաբար փոխադրուեցան համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր։

Վայրկեաններ առաջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին վիլլաներ թաղամասը։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող բնակարանի մը վրայ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով արձանագրուեցան հայ զոհեր եւ վիրաւորներ։ Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Գանձասար պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:

Շտապ օգնութեան ծառայողներ շրջափակեցին շրջանը։

Հալէպի շտապ օգնութեան մարմնի անդամները վիրաւորները փոխադրեցին հիւանդանոց։

Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ապահովական նկատառումներով աշակերտութիւնը անմիջապէս տեղափոխեց ներքնայարկ։
Մանրամասնութիւնները շուտով։

Scroll Up