«Հայրենիքը Բոլորիս Հիմքն Է Ու Հիմնասիւնը». Վահան Վերմիշեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը միշտ իր հիւրընկալ դռները կը բանայ որեւէ առիթով Հայրենիք ժամանած սփիւռքահայերու համար, կը լսէ անոնց մտահոգութիւնները, առաջարկները, կը ծանօթանայ տուեալ երկրի հայկական համայնքի աշխատանքներուն, ձեռքբերումներուն եւ նորութիւններուն, բոլոր հարցերուն մէջ հնարաւորինս կ’աջակցի համայնքներուն:Այս անգամ նախարարութեան մէջ Ղրիմէն հիւրընկալուած էր Սիմֆերոփոլի «Մասեաց աղաւնի» հայալեզու (երկլեզու) հասարակական-քաղաքական եռամսեայ հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Վահան Վերմիշեանը, որուն հետ «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ ծաւալեցաւ մեր հետաքրքիր զրոյցը:

Բարո՛վ  եկած էք Հայրենիք, պարո՛ն Վերմիշեան. ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէք Ղրիմի մէջ, կը խնդրեմ այդ մասին աւելի հանգամանալից պատմէք:

– Ես կ’աշխատիմ եւ կ’ապրիմ հիմա արդէն` Ռուսաստանի Դաշնութեան Ղրիմի Հանրապետութեան Սիմֆերոփոլ քաղաքին մէջ: 1993 թուականէն հրաւիրուած մասնագէտ  եղած եմ. իրենց յարմար էր կանչել մէկ ընտանիքէ երկու մասնագէտներու` ինծի եւ Նելի Գրիգորեանին: Այդտեղէն սկսաւ մեր գործունէութիւնը: Ինծի հիմնականին մէջ հրաւիրած էին` վերականգնելու Գաբրիէլ Այվազովսկիի հիմնադրած «Մասեաց աղաւնի» ամսագիրը: 1990-ին փորձած էին վերականգնել ամսագիրը,  քանի մը համար  լոյս տեսած էր, որմէ ետք  դադրած էր աշխատանքը, որովհետեւ ամսագիրը կարծէք թէ լոյս կը տեսնէր Սիմֆերոփոլի մէջ, սակայն  կը տպագրուէր Երեւանի մէջ, եւ ատիկա հսկայական ծախսերու հետ  կապուած էր: Նախկին գլխաւոր խմբագիրը կը վերցնէր նիւթերը, կու գար Երեւան…այսինքն` տանջանք: 1993-ին ինծի կանչեցին, որպէսզի վերականգնեմ ամսագիրը ` արդէն նոր մեթոտներով, համակարգչային արհեստաբանութիւններով: Երեւանէն  զիս օգնեցին «Ազգ» թերթի խմբագրութենէն, ստացայ ծրագիրներ, տառատեսակներ, որուն համար շատ շնորհակալ եմ: Ինքս ալ սորվեցայ համակարգչային աշխատանքը եւ կազմակերպելով այդ աշխատանքները` կրցանք առաջ երթալ. 1994-ին լոյս տեսաւ ամսագիրի առաջին համարը եւ, փառք Աստուծոյ, մինչ այժմ ալ լոյս կը տեսնէ: Այն հիմնականին մէջ ազգային-մշակութային եւ լուսաւորչական 44 էջնոց  երկլեզու պարբերական է, սակայն ամենակարեւոր առաքելութիւնը Ղրիմի հայերուն  մասին լրատուութիւն ներկայացնելն է:

Հայաստանեան լուրերու բաժին ունի՞ք…

-Հայաստանեան լուրերուն համար տեղ չի մնար եւ իմաստ ալ չունի անդրադառնալ ատոնց: Ժամանակ մը, երբ թերթի տեսքով երկու շաբաթ անգամ մը  լոյս կը տեսնէր, այդ ժամանակ մենք հայաստանեան լրատուութիւն կու տայինք. Հայաստանէն կը ստանայինք լրատուութիւն, կ’ընտրէինք Սփիւռքի այդ հատուածին հետաքրքրող նիւթեր եւ  մեր թերթի էջերուն մէջ կը զետեղէինք երկու լեզուով: Հիմա լրատուամիջոցները այնքան  զարգացած են, որ Հայաստանի լուրերուն կարելի է հետեւիլ համացանցի միջոցով: Թերթը 2003 թուականէն կը հրապարակուի որպէս ամսագիր: Հրատարակման, տպագրական ծախսերու  գումարը հրատարակչութեան կը փոխանցուի Ազգութիւններու պետական կոմիտէի կողմէ, մնացած ամէն ինչը ես եւ  մեր լաւ դասարանցին, իմ տեղակալ Ռուշան Փիլոսեանն է: Որոշ ժամանակ ընդհանրապէս պետական ֆինանսաւորումը դադրեցուած էր, եւ մենք մեծ դժուարութիւններով, համայնքի օգնութեամբ կրցանք հրատարակել ամսագիրը, պահպանել զայն: Հանգամանքներու բերումով այնպէս եղաւ, որ ես երեք տարի աշխատեցայ Օդեսայի հայկական համայնքին մէջ, յետոյ հրաւիրեցին Մոսկուա, ուր ես աշխատեցայ ԱՊՀ-ի հիմնադրամին, ուր կը հրատարակէի  մեծ ամսագիր մը, որ կը տարածուէր բոլոր երկիրներուն մէջ. այն, բացի մշակոյթէն, գիտութենէն եւ մարզանքէն, կը պատմէր ամէն անգամ  հանրապետութեան մասին: Այբբենական կարգով Հայաստան ներկայացնելու հերթը դեռ չէր եկած, սակայն առաջինը ներկայացուեցաւ Հայաստանը` խախտելով հերթականութիւնը: Ցաւօք, իմ երթալէն ետք այդ գործը պարզապէս մարեցաւ: Հիմա ես ուրիշ առաջարկ ունիմ` Սեպտեմբեր 26-էն զիս նշանակած են Ղրիմի բոլոր ազգութիւններու համար հրատարակուելիք «Наш Крым» նոր ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր. ամսագիրի հիմնական լեզուն ռուսերէնը պիտի ըլլայ, սակայն նիւթեր պիտի  տեղադրուին բոլոր լեզուներով, որպէսզի հասկնալի ըլլան բոլոր ազգութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Մե՞ծ է հայկական համայնքը, թէ՞ պարզապէս հայերու գործունէութիւնը   ծաւալուն է եւ աչքի զարնող:

-Ղրիմահայ համայնքը այնքան ալ մեծ չէ, որքան կը կարծեն բոլորը: Մենք Հայկաւան անուամբ աւան մը կառուցեցինք հայերուն համար, 400-է աւելի հողամասեր բաժնուեցան  հայերուն, ուր մեծ մասը շինարարական աշխատանքներ կը կատարեն: Հայկաւանի շինարարութեան ղեկավարը շատ դիպուկ կ’ըսէր` մենք հայերով քիչ ենք, ուղղակի շատ կը շարժինք…այո՛, մեր շարժումը  շատ է, մեր ծաւալած գործունէութիւ՛նը  ծաւալուն է, չափազանց աշխոյժ: Մարդահամարի տուեալները սխալ են. այդ տուեալներով ընդամէնը կը հաշուէ 11 հազար երեսունեօթ հայ, բայց իրականութեան մէջ 20-25 հազար հայ կ’ապրի  այնտեղ: Ղրիմ ապրող շատ հայեր նոյնիսկ չէին  մասնակցած մարդահամարին, ատոր համար հայերու ճիշդ  թիւը շատ դժուար է ըսել: Մենք, ի հարկէ, ունինք մեր գործիչներու  եւ այն մարդոց ցուցակը, որոնք կը համարուին Ղրիմահայոց ընկերութեան անդամ: Հիմա այդ ընկերութիւնը վերանուանուած է Ղրիմի Հանրապետութեան տարածաշրջանի Հայկական  ազգամշակութային ինքնավարութիւն: Բացի այդ` 7 քաղաքներու մէջ կան տեղական կառոյցներ, որոնք պաշտօնապէս նոյնպէս ձեւակերպուած են. Սիմֆերոփոլի, Սաքիի, Եալթայի,Գերչի, Եւպատորիայի, Ճանկոյի մէջ կան ազգային մշակութային ինքնավարութիւններ, որոնք կ’օգտուին քաղաքային կազմակերպութիւններուն տրուող միջոցներէն: Մեր ձեռնարկները ընդհանուր են. մենք ամէն տարի կը կազմակերպենք Հայ մշակոյթի օրեր, փառատօններ, որոնք կը սկսին Սեպտեմբերին, 4-5 տարի շարունակ մենք իրականացուցինք «Սուրբ խաչ» հայ մշակոյթի, հայ արուեստի փառատօններ, որոնք փոխարինուեցան նոր ազգային փառատօներով (նոր հոգեւորականը համարեց, որ այդ տարածքին մէջ չի կարելի նման ձեռնարկներ ընել, քանի որ ատիկա վանական համալիր է), որ կոչուեցաւ «Մերձծովեան Հայաստան. ճենովացիները  մօտաւորապէս 17-րդ դարուն այդպէս  անուանած են   Ղրիմի հարաւարեւելեան ափերը: Այս տարի Հոկտեմբեր 9-ին այն տեղի կ’ունենայ. պիտի հրաւիրուեն տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներ, խումբեր, անհատ կատարողներ:  Այդ օրը կը ներկայացնենք նաեւ ազգային խոհանոց, ազգային մշակոյթ, ունինք այնտեղ Գրողներու միութիւն, որուն նախագահն է Ռուշան Փիլոսեանը, միութեան անդամները այդ օրը կը ներկայացնեն իրենց գործերը, ունինք  Հայ նկարիչներու միութիւն, անոնք ալ իրենց ստեղծագործութիւնները կը ներկայացնեն: Ղրիմի հայկական համայնքի նախկին նախագահ Անուշաւան Դանիէլեանը հասկցաւ, որ պէտք է մասնագէտներ հրաւիրել. եկան մասնագէտներ, գործը առաջ գնաց, եւ մինչեւ հիմա ալ կը գործեն մեր ստեղծած ռատիօ եւ  հեռուստատեսային հաղորդումները: Ունինք պարի եւ երգի համոյթներ…այսինքն` հայերը ազգային-մշակութային աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն Ղրիմի մէջ:

Տարիներու հեռուէն իմ ճանչցած Վահան Վերմիշեան- բանասէրի, խմբագիրի նկարագիրին մէջ  ի՞նչ  պակսած է եւ ի՞նչ  աւելցած` որպէս մարդ, որպէս  մասնագէտ, որպէս հայ:

-Սիրելի՛ Կարինէ, եթէ կը յիշէք, ես միշտ խմբագիր  եղած եմ եւ դեռեւս ուսանողական տարիներուն  պատրաստած ու խմբագրած եմ համալսարանական «Զուարթնոց» թերթը, ուր իրենց առաջին գործերը տեղադրեցին յետագային նշանաւոր դարձած շատ գրողներ: Մենք ամէն տարի օրացոյց կը հրատարակէինք, ուր կային նաեւ երջանկայիշատակ կնոջս` Նելի Գրիգորեանի գործերէն. ինծի միշտ կ’ըսէին, թէ ես կրնա՛մ գրել բանաստեղծութիւններ: Քանի մը գործ ունիմ, սակայն ես ինքզինքս բանաստեղծ չեմ համարեր, ես խմբագիր ու յօդուածագիր, թարգմանիչ, լրագրող եմ: Ես չեմ փոխուած, նոյնը մնացած եմ, պարզապէս իմ նկարագիրիս մէջ, իմ կեանքիս մէջ աւելցած են տարիներու վաստակն ու փորձառութիւնը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ ե՞րբ  ձեւաւորուած են բարեկամական կապերն ու համագործակցութիւնը:

-Կրնամ ըսել, որ այդ կապերը նախարարութեան ստեղծման առաջին իսկ օրերէն եղած են, որովհետեւ մարդիկ մեզմէ տուեալներ կ’ուզէին, մեր փորձը կ’ուզէին տարածել, որովհետեւ մեր համայնքը շատ կայացած, բազմաբովանդակալից շատ ձեռնարկներով յագեցած համայնք է:

Եւ ինչպէս բարեկամը բարեկամին մասին` ինչպէ՞ս կը գնահատէք Սփիւռքի նախարարութեան ծաւալած գործունէութիւնը:

-Ես կը կարծեմ, որ այս նախարարութեան  ստեղծումը շատ կարեւոր էր մեր երկրին համար, որովհետեւ աշխարհով մէկ սփռուած հայութիւն ունինք: Մեր գործունէութեան հիմնական  շփումները սկսան` հայոց լեզուի մեծ ծրագիրներուն հետ կապուած. մենք կրցանք մեծ յաջողութիւններու հասնիլ` ամբողջ Սփիւռքի համար ստեղծելով  1- 4-րդ դասարաններուն համար հայոց լեզուի ծրագիր, դասագիրք (ծրագիրի հեղինակները երեքս ենք` ես, Ռուշան Փիլոսեանը եւ Գաբրիէլ Այվազովսկիի անուան ոչ աւանդական դպրոցի ուսուցչուհի Թամարա Սալիստաիա-Գրիգորեանը):

Ձեր բարեմաղթանքը մեր երկրի Անկախութեան 25-րդ տարեդարձին  առիթով:

-Ես իր բնօրրանին մէջ ապրող իմ հայ ժողովուրդին կը մաղթեմ տոկունութիւն եւ իմաստնութիւն, ընտանիքներուն` բարեկեցութիւն եւ բարօրութիւն, կը ցանկամ , որ բոլորս ճանչնանք մեր ժողովուրդի իսկական բարեկամները:

Պարո՛ն Վերմիշեան, որպէս հարցումիս շարունակութիւն` ըսէ՛ք խնդրեմ, ի՞նչ է հայրենիքը Ձեզի համար:

-Հայրենիքը բոլորիս հի՛մքն է ու հիմնասիւնը, մեր ոտքերու տակի հողը, մեր թիկունքը:

Հարցազրոյցը` Կարինէ Աւագեանի

Scroll Up