«Արցախի Ազատագրուած Շրջաններուն Մէջ Դպրոցը Միայն Կրթօճախ ՉԷ». Նելլի Շուշի Մարտիրոսեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Նելլի-Շուշի-Մարտիրոսյան.jpg)
Սեպտեմբեր 1-ին դպրոցական առաջին զանգը հնչեց ԼՂՀ Քաշաթաղի շրջանի Հերիկ գիւղի նորակառոյց դպրոցին մէջ: Արցախի ազատագրուած տարածքին մէջ դպրոցաշինութեան ծրագիրը կեանքի կոչուած է «Հայրենասէր» կազմակերպութեան ջանքերով, որ իր նուիրատուներու օգնութեամբ հնարաւորութիւն տուաւ գիւղի երեխաներուն կիսախարխուլ ու խոնաւ տուն-դպրոցի փոխարէն յաճախելու բարեկարգ ու լուսաւոր դպրոց: Օրեր առաջ «Հայրենասէր» կազմակերպութեան համահիմնադիր Ստեփան Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ դպրոցը անուանակոչուեց Արցախի հերոս Ռոբերտ Աբաջեանի անունով:
«Հերիկի չքնաղ բնութեան գիրկին մէջ լոյսի պէս կը վառի Հերիկի նոր կառուցուած դպրոցը, որ դարձած է յոյսի տուն գիւղի բնակիչներուն համար»,- կը նշէ «Հայրենասէր» կազմակերպութեան համահիմնադիր Նելլի Շուշի Մարտիրոսեան, որուն հետ եւ զրուցած է«Հայերն այսօր»-ը:
– Նելլի, ինչու՞ ընտրուեցաւ Հերիկ գիւղի դպրոցը:
– Հերիկը կը գտնուի Քաշաթաղի հիւսիսը: Ազատագրումէն ետք` 1995-96 թթ., սկսած է վերաբնակեցուիլ: Ելեկտրականութեան եւ դպրոցի բացակայութեան պատճառով Հերիկը 1999-2000-ական թուականներուն սկսած է դատարկուիլ: Սակայն Հերիկը մեծ գիւղատնտեսական ներուժ ունի եւ պէտք է վերաբնակեցուէր:
2009-2010 թթ. Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավարութեան յատուկ որոշմամբ Հերիկը սկսած է կրկին վերաբնակեցուիլ: Այստեղ տեղափոխուած են քանի մը ընտանիքներ, գիւղը ապահովուած է ելեկտրականութեամբ:
Տարրական որոշ պայմաններ ապահովուելէ ետք ալ, սակայն, գիւղին մէջ առաջնային կը մնար դպրոցի հարցը: Հերիկ գիւղի երեխաները դասերը կ’իրականացնէին կիսախարխուլ ու խոնաւ տունի մը մէջ: Ծնողները ամէն օր կը մտածէին երեխաներուն օր առաջ այդ դպրոցէն, հետեւաբար` գիւղէն հեռացնելու մասին: Շատ ընտանիքներ կը խուսափէին վերաբնակուիլ Հերիկի մէջ` հաշուի առնելով հէնց դպրոցի անմխիթար վիճակը:
Հէնց այս պատճառով ալ «Հայրենասէր»-ը որոշում կայացուց կառուցել դպրոց Հերիկ գիւղին մէջ եւ այդ քայլով երաշխաւորել վերաբնակեցումը ու գիւղի ապագան:
– Որո՞ւն օգնութեամբ կը կառուցուի դպրոցը, ովքե՞ր են նուիրատուները: Ցանկացողները ինչպէ՞ս կրնան օգտակար ըլլալ դպրոցաշինութեան եւ «Հայրենասէր» կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն:
– Ինչպէս «Հայրենասէր»-ի բոլոր ծրագիրներու պարագային, Հերիկի դպրոցը նոյնպէս կը հովանաւորեն հիմնականին մէջ ԱՄՆ բնակող հայրենասէր հայերը, թէեւ նուիրատուներու շրջանակը կը ներառէ նաեւ աշխարհի միւս երկրներու մէջ բնակող հայեր: Իւրաքանչիւր անձ, որեւէ երկրէ կրնայ մաս կազմել այս ծրագիրին` այցելելով «Հայրենասէր»-ի կայք, ուր կրնայ առցանց նուիրատուութիւն կատարել: Իսկ աւելի անձնական ներգրաւուածութեան համար, կրնան նամակով կապուիլ «Հայրենասէր»-ի հիմնադիրներ Ստեփան Սարգսեանի եւ Նելլի Շուշի Մարտիրոսեանի հետ: «Հայրենասէր» կայք-էջի հասցէն է www.hayrenaser.org.
– «Հայրենասէր» կազմակերպութիւնը վերանորոգած է Արցախի եւս երկու գիւղերու դպրոցներ: Ինչու՞ յատկապէս որոշեցիք դպրոցներու վերակառուցմամբ եւ կառուցմամբ զբաղուիլ:
– Վերաբնակեցուող Քաշաթաղի շրջանի դպրոցներու շէնքերը վատթար վիճակի մէջ են, մինչդեռ ազատագրուած շրջաններուն մէջ դպրոցը ոչ միայն կրթօճախ է, այլ վերաբնակեցուող բնակավայրի տնտեսական, սոցիալական եւ մշակութային զարգացման աղբիւր ու գրաւական: Եթէ ըլլայ դպրոց, ապա աշխատավարձերու եւ պետական այլ միջոցներու մուտքը բնակավայր կ’ապահովագրէ վերաբնակեցուող գիւղի ապագան` նպաստելով նաեւ արտագաղթի կանխման: Քաշաթաղը ՀՀ-ն եւ ԼՂՀ-ն կապող օղակն է: Հետեւաբար, այն յոյժ կարեւոր է մեր հայրենիքի անվտանգութեան համար եւ պէտք է շարունակուի վերաբնակեցուիլ:
Դպրոց կառուցելու նման մեծ ենթակառուցուածքային ծրագիրի իրականացումը նաեւ կ’ոգեշնչէ վերաբնակներուն, յոյս ու հաւատք կը ներշնչէ ապագայի նկատմամբ:
– Սեպտեմբեր 1-ին Հերիկի նորակառոյց դպրոցին մէջ հնչեց առաջին զանգը, սակայն դպրոցի պաշտօնական բացումը դեռ տեղի չէ ունեցած: Յայտնի՞ է, թէ երբ այն կը կայանայ ու ինչպէ՞ս նախատեսած էք տօնել Հերիկ գիւղին համար, եւ ոչ միայն, այդքան կարեւոր իրադարձութիւնը:
– Պաշտօնական բացումը պիտի կայանայ Սեպտեմբերի վերջը կամ Հոկտեմբերի սկիզբը: Քաշաթաղի վարչակազմը, որ, ի դէպ, դպրոցաշինութեան ծրագիրներուն «Հայրենասէր»-ի ամենավստահելի գործընկերն է, պիտի կազմակերպէ բացման արարողակարգը: Իւրաքանչիւր դպրոցի բացում կը դառնայ համընդհանուր ժողովրդական տօնախմբութիւն բոլոր բնակիչներուն համար:
– Ձեր կարծիքով, ի՞նչ կը փոխուի գիւղին մէջ:
– Վերաբնակներէն շատերը թերահաւատօրէն կը նայէին այն շէնքի աւերակին, որ կը նախատեսուէր վերակառուցել որպէս նոր ու ժամանակակից դպրոց: Շատերը չէին հաւատար ծրագիրի հնարաւոր ըլլալուն: Սակայն քանի մը ամսուան մէջ «Հայրենասէր»-ը աւերակը վերածեց յարմարաւէտ ու մաքուր դպրոցի: Այսօր արդէն նոր ընտանիքներ կու գան գիւղ` հաշուի առնելով դպրոցի առկայութիւնը: Հէնց Սեպտեմբեր 1-ին ընտանիք մը տեղափոխուեցաւ Հերիկ` երեք երեխաներով:
Հերիկի մէջ կառուցուած դպրոցը այսօր դարձած է գիւղի լինելութեան, զարգացման ու կայացման գրաւականը: Գիւղը այսօր լիայոյս է ապագայի հանդէպ: Ծնողը, տեսնելով իր երեխային համար կառուցուած նոր դպրոցը, այլեւս չի մտածեր անոր որեւէ տեղ տեղափոխելու մասին: Երեխան ալ այսօր մեծ ուրախութեամբ կ’երթայ մաքուր ու բարեկարգ, դեռեւս նախորդ տարի միայն երազանք թուացող դպրոցը:
Գիւղի բնակիչները, ենթակառուցուածքներու առկայութեան պարագային, պատրաստ են ապրելու ու աշխատելու Հերիկի մէջ: Գիւղի դիրքը թոյլ կու տայ մեծ ծաւալով ցորեն, գարի մշակել, ինչով ալ գիւղացիները հիմնականին մէջ կը զբաղին:
– Նելլի՛, Արցախէն ստացած ձեր տպաւորութիւններով յաճախ կը կիսուիք համացանցի վրայ: Ին՞չ է Ձեզի համար Արցախն ու ի՞նչ գտած էք դուք այնտեղ, որ Ձեզի այդքան ուժ, եռանդ ու լաւատեսութիւն տուած է:
– Ինծի եւ ամուսնուս` Ստեփանին, առաջ մղող ու ոգեւորող ուժը այն իրականութեան գիտակցումն է, որ հայ ազգը մինչ օրս չէ լուծած իր գոյութեան հարցը: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը ատոր վառ ապացոյցն է: Ու եթէ իւրաքանչիւրս անձնազոհութեամբ ու ամէնօրեայ քրտնաջան աշխատանքով չնպաստենք մեր անվտանգութեան ամրապնդման, մեր երկրի կայացման, ապա չենք ունենար Հայաստան, ու չըլլար հայ ազգ: Այսօր Արցախը այդ պայքարի թէժ առաջնագիծն է:
– Ամերիկա-Արցախ. եթէ փորձենք համեմատել…
– Նախ նշեմ, որ Արցախը մենք չենք դիտարկեր որպէս առանձին երկիր մը. այն Հայաստանի անբաժան մասն է: Լաւագոյն պարագային կարելի է Արցախը համեմատել ԱՄՆ-ի նահանգի մը հետ, օրինակ` Քալիֆորնիոյ: Յիրաւի, թէ Արցախի ու Քալիֆորնիոյ, թէ Հայաստանի ու ԱՄՆ-ի համեմատութիւնները բազմաթիւ են եւ զանազան: Անձամբ մեզի համար առաջնային է հայ ագզի յարատեւ գոյութիւնը, հայկական ինքնութեան պահպանումը: Իսկ ատիկա հնարաւոր է միայն Հայոց պետականութեան սահմաններով: Այս չափանիշով համեմատելուս` Հայաստան անփոխարինելի է եւ առաւել բոլոր երկիրներէն:
– Կը յիշէ՞ք Ձեր առաջին այցելութիւնը Արցախ: Կը պատմէ՞ք Ձեր զգոցողութիւններուն, տպաւորութիւններուն մասին:
– Իմ առաջին այցելութիւնս Արցախ տեղի ունեցաւ 2008 թուականի ամառը. «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան հետ գացած էի: Եօթերորդ երկնքի մէջ էի, ծայրաստիճան երջանիկ, ծայրաստիճան ուրախ: Կը մտածէի` ի՜նչ լաւ է, որ Արցախը մերն է, ու կարիք չունինք մէկ այլ երկրի պետական սահմաններ կտրել, որ հասնինք Արցախ ու վերջաւորութեան ալ բուռ մը հող թաշկինակի մէջ լեցնենք ու ետ բերենք մեզի հետ տուն: Կը մտածէի` ի՜նչ լաւ է, որ Արցախի տարածքի բոլոր հողերը մերն են, ու թաշկինակի մէջ հող լեցնելու եւ տուն բերելու փոխարէն` կրնանք այդ հողը շէնացնել: Քանի որ առաջին այցս երեք օրով էր, հէնց Արցախի մէջ որոշեցի, որ յաջորդ ամառ պէտք է վերադառնայի Արցախ ծրագիրով մը, որ ինծի թոյլ պիտի տար եւ՛ ապրիլ Արցախի մէջ քանի մը ամիս, եւ՛ հանրօգուտ աշխատանք տանիլ Արցախի մէջ: Եւ այդպէս ալ ըրի: 2009-ի ամառը վերադարձայ Արցախ երկուքկէս ամիսով: Ապրեցայ Մարտակերտի շրջանի Ծմակահող գիւղին մէջ եւ իրականացուցի աշակերտութեան զարգացման նուիրուած իմ ծրագիրս: Մանրամասնութիւններուն կրնաք ծանօթանալ այստեղ` http://www.hayrenaser.org/depihayrenik/tsmakahogh/:
Հիմա արդէն Արցախը մեր ընտանիքին համար ամէնօրեայ ներկայութիւն է:
Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան