ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Պոլսահայ Երգեհոնահար Էտվին Կալիպեանը Եւ Երգիչ Արթիւր Պաղտասարեանը
Սեպտեմբեր 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս համերգային ծրագիրով Երեւան ժամանած պոլսահայ երգեհոնահար Էտվին Կալիպեանը եւ երգիչ Արթիւր Պաղտասարեանը:
Հրանոյշ Յակոբեան գոհունակութիւն յայտնեց «Իմ Հայաստան» փառատօնին պոլսահայ երաժիշտներու մասնակցութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց Սեպտեմբեր 15-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ կայանալիք անոնց համերգին:
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Հրանոյշ Յակոբեանին նման հնարաւորութիւն ընձեռելու համար եւ վստահեցուցին, որ հայաստանեան համերգները մեծ կարեւորութիւն ունին իրենց կեանքին մէջ եւ նոր լիցք ու աւիւն կը հաղորդեն յետագայ ստեղծագործական ծրագիրներուն:
Այնուհետեւ, Արթիւր Պաղտասարեան նախարարի պաշտօնակատարին նուիրեց իր հեղինակած «Ձայնագրեալ պատկերազարդ երգարան» մատենաշարի նոր` «Մեղեդի» ժողովածուն, որ կը պարունակէ հայ երգի բազմաթիւ հրաշալի նմուշներ:
Հրանոյշ Յակոբեանի առաջարկով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան միջոցով երգարանը հասու դարձնել սփիւռքահայ դպրոցներուն:
Զրոյցի աւարտին արուեստագէտները նախարարի պաշտօնակատարին ծանօթացուցին իրենց յառաջիկայ համերգային ծրագիրին: