Կը Պատմեն «Արի Տուն» Ծրագիրի «Հնաբնակներ»-ը …
Աւարտեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն»-2016թ. ծրագիրը` հայրենաճանաչութեան, ազգային ոգիի եւ մտածելակերպի, հայ մնալու կարեւոր առաքելութեան մեծ դարբնոց մը դառնալով սփիւռքահայ երիտասարդներուն համար:
Ծրագիրի վերջին` 8-րդ փուլին ընթացքին «Արի տուն» ծրագիրի ճամբարային օրերուն ընդգրկուած էին նաեւ նախորդ տարիներուն ծրագիրին մասնակցած սփիւռքահայ պատանիներն ու աղջիկները…
«Հայերն այսօր»-ի առաջարկով ծրագիրի «հնաբնակներ»-ը կիսուեցան իրենց վերյուշով, որ ամէն անգամ մտաբերելնուն` կը ջերմացնէ անոնց հոգին, կը պարուրէ անհուն բերկրանքով:
Արփի Պետրոսեան, 18 տարեկան, Իրաք
Տեսնելով այդքան սփիւռքահայ երիտասարդներ մէկ վայրի մէջ հաւաքուած` հոգիս հպարտութեամբ կը լեցուէր եւ միաժամանակ կը յուզուէի: Կը մտածէի, թէ որքան հզօր, հաւաքական ուժ կը ներկայացնեն հայերը:
2013 թուականին «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելով` աւելի խոր գիտակցեցայ, թէ ինչ կը նշանակէ հայրենասիրութիւնը, վերարժեւորեցի հայ ըլլալու իրական արժէքն ու աւելի կ’ապուեցայ Հայրենիքիս:
Տպաւորուած եմ յատկապէս շրջայցերէն եւ մեր ջանքերով ճամբարին մէջ կազմակերպուած տօնական ձեռնարկէն: Կը յիշեմ` փորձերուն սրտի թրթիռով եւ պատասխանատուութեան մեծ զգացումով կը պատրաստուէինք, որպէսզի յաւուր պատշաճի ելոյթ ունենայինք ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին եւ միւս հիւրերուն առջեւ:
Անոյշ Աբրահամեան, 20 տարեկան, Մոսկուա
Ես նոյնպէս 2013 թուականին մասնակցած եմ «Արի տուն» ծրագիրին:
Ինծի համար երկշաբաթեայ ծրագիրին ընթացքին ամենավառ յիշողութիւններէն մէկը ճամբարին մէջ կազմակերպուած հայկական աւանդական հարսանիքի արարողութիւնն էր, որ չափազանց ուրախ մթնոլորտի մէջ անցաւ: Այս միջոցով պատկերացուցինք, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ իրական հայկական հարսանիքը: Շատ հետաքրքրիր եւ ուսանելի նախաձեռնութիւն էր: Իսկ հրաժեշտի պահուն մեծ յուզմունք ապրեցայ, քանի որ չէի ուզեր բաժնուիլ իմ` արդէն հարազատ դարձած ընկերներէս:
Մոսկուայի մէջ միշտ կը յիշեմ «Արի տուն» ծրագիրը. յաճախակի լուսանկարներն ու հոլովակները կը նայիմ` մտովի տեղափոխուելով դէպի Հայաստան: Ես հայերէն գրեթէ չէի խօսիր, սակայն ծրագիրին մասնակցելով` բաւականին յառաջընթաց ունեցայ Մայրենիով խօսելու ուղղութեամբ. հիմա արդէն հայերէնով եւ՛ կը խօսիմ, եւ՛ կը գրեմ:
«Արի տուն» ծրագիրը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ նաեւ հիանալի ընկերներ ձեռքբերելու պատճառով: Ամառը միասին Հայաստան գալով` հաճելի ժամանակ կ’անցնենք` յիշելով ծրագիրին ընթացքին անցուցած մեր անհոգ օրերը:
Կ’ուզեմ ըսել`«Արի տուն» ծրագիրը հրաշալի մտածուած ծրագիր է, քանի որ կրնանք Հայաստան այցելել, տեսնել պատմամշակութային վայրերը եւ աւելի կապուիլ Հայաստանին: Թո՛ղ Սփիւռքի բոլոր պատանիներն ու աղջիկները անպայման գան ու մասնակցին այս կարեւոր, հայապահպան ծրագիրին:
Ի դէպ, այս տարի նաեւ մասնակցեցայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներուն, որմէ ետք առաջարկեցին զիս Ծաղկաձորի մէջ մասնակցիլ հաւաք-հանդիպման:
Կարին Օսկանեան, 17 տարեկան, Իրաք
Մինչեւ հիմա ժպիտով կը յիշեմ ծրագիրին ընթացքին մեր ունեցած լուսաւոր օրերը, որոնք ամբողջ կեանքիս ընթացքին պիտի ուղեկցին զիս:
Երբեք չեմ մոռնար Աղաւնաձորի ճամբարն ու հրաժեշտի խարոյկը, երբ կրակին շուրջ երգեցինք ու պարեցինք: Իսկ ճամբարային վերջին օրը բոլորս արթուն մնացինք` ամփոփելով մեր շրջագայութիւնը Մայր հայրենիքի մէջ:
Շատ ազդեցիկ էր բաժանման պահը. յուզուած էինք եւ չէինք կրնար հեռանալ իրարմէ. ես անդադար կ’արտասուէի:
Ծրագիրին միջոցով մտերմացած ընկերներուս հետ համացանցի միջոցով մինչեւ հիմա կապը կը պահպանեմ. տարբեր առիթներու պարագային կը խօսինք իրար հետ` հետաքրքրուելով ուսումնական յառաջընթացով եւ յետագայ ընելիքներով:
Ոգեւորութեամբ, առանց տատանելու ընդունեցի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուած «Արի տուն» ծրագիրի նախորդ տարիներու մասնակիցներու հաւաք-հանդիպման հրաւէրը: Այս քանի մը օրերուն ընթացքին կրկին վերապրեցայ հայրենասիրական զգացումները, որոնք ստացած էի 2013 թուականին ծրագիրին մասնակցելուս ժամանակ: