Մասնակիցները Կու գան Տարբեր Երկիրներէ Եւ Վերջաւորութեան Կը Դառնան Մէկ Ընտանիք. «Արի Տուն»-2016

Արդէն պատմութիւն է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն»-2016 ծրագիրը: Ծրագիրին շնորհիւ ծանօթանալով Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին, հասարակական կեանքին, հոգեւոր եւ ընտանեկան աւանդոյթներուն, 4 օր շարունակ հիւրընկալուելով Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ` մասնակիցները մեկնած են իրենց բնակութեան երկիրներ, վերադարձած են իրենց առօրեային:

«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ  փոքրիկ անդրադարձ մը «Արի տուն» ծրագիրի առօրեայէն:

Տիգրան Մալխասեան,  Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարի պետ

– Այստեղ իւրաքանչիւր անձ, իւրաքանչիւր պատանի շատ թանկ է ինծի համար, այնքան, որքան կրնայ թանկ ըլլալ իր եղբօր, ծնողին համար: Երբ պատասխանատու ես` պէտք է ճիշդ վերաբերիս, աշխատիս: Իսկ քու աշխատանքիդ պատասխանը երեխաներու ժպիտներէն արդէն պարզ կը դառնայ: Ինծի համար այնքան ալ կարեւոր չէ, որ երեխաները մասնագիտական երգել կամ պարել սորվին, կարեւոր է, որ այստեղէն ինչ-որ բան սորված երթան: Ես ինքս ապրած եմ արտերկրի` ՈԴ մէջ, ու երբ վերադարձայ Հայաստան, շատ հարազատ զգացողութիւն ունեցայ, հասկցայ,  որ վերջապէս տունն եմ: Այն ընդունելութիւնը, որ ես ստացած եմ, կ’ուզեմ, որ այս երեխաներն ալ ստանան: Իմ երազանքս է, որ բոլոր սփիւռքահայերը ետ գան Հայաստան:

Իմ տպաւորութիւններս ու զգացողութիւններս չեմ կրնար խօսքով արտայայտել. երբ կը տեսնեմ երեխաները ժպիտով, ուրախութեամբ կու գան ճամբար, ատիկա արդէն ամէն ինչէ վեր է: Բոլոր մասնակիցներն ալ լաւ են: Անոնք բոլորը տարբեր երկիրներէ են, տարբեր դաստիարակութիւն, մտածելակերպ ունին, բայց մենք վերջաւորութեան արդէն ընտանիք կը դառնանք, բոլորը միանման կը դառնան: Իմ ցանկութիւնս է նաեւ, որ այս երեխաները, երբ վերադառնան  իրենց բնակութեան երկիրներ, իրենց հայ ընկերներուն պատմեն Հայաստանի մասին:

Շատ ուրախ եմ, որ ես ու իմ ջոկատավարներս կրնանք երեխաներուն օգնել: Յաճախ կը տեսնեմ, թէ հայրենագիտութեան դասերուն ինչպէս  ջոկատավարները կ’օգնեն այն երեխաներուն, որոնք հայերէնին չեն տիրապետեր, բայց ուշադրութեամբ կը լսեն ու կը ցանկան սորվիլ:

Յորդորս է բոլոր հայերուն, որ մեր լեզուն, մշակոյթը չմոռնան: Ես շատ ուրախ եմ, որ 4 փուլ առիթ ու պատիւ ունեցայ աշխատելու այս երեխաներուն հետ, որոնք սկիզբը մոլորուած հայեացքներով կը նայէին շուրջբոլորը: Իսկ վերջին օրերուն արդէն աչքերնուն մէջ յստակ կարելի էր կարդալ. «Ես հայ եմ, մենք բոլորս հայ ենք,  մեծ ընտանիք մըն ենք»:

Ինծի համար դժուար պիտի ըլլայ առանց ճամբարի, երեխաներու, ցանկութիւն կայ միշտ, ամբողջ տարին աշխատիլ անոնց հետ: Ես պատրաստ եմ օր ու գիշեր ամէն ինչ ընել, որ երեխաներուն համար ամէն ինչ լաւ ըլլայ:

Աւարտին կ’ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել ճամբարի ղեկավարներուն` Արարատ եւ Այտա Յովակիմեաններուն, բոլորիս ջերմ ընդունելնուն եւ սեփական երեխաներու նման վերաբերուելնուն համար:

Արսէն Աւետիսեան, պարուսոյց

-Շատ հաճելի էր ծանօթանալ տարբեր երկիրներէ ժամանած երեխաներու հետ, որոնք կու գան քանի մը օրով ու այստեղ կը դառնան մէկ ընտանիք: Երբ կը տեսնէի երգի դասերուն ինչպէս երեխաները միասնական կ’երգեն մեր Օրհներգը, մեծ հպարտութիւն կը զգայի: Միասին կը սորվէինք պարել հայկական քոչարին, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է իմանայ, քանի որ ատիկա մեր ազգային պարն է, մեր նկարագիրը: Եղած են երեխաներ, որոնք ցանկութիւն  յայտնած են անհատական հայկական պարեր սորվելու, որ ինծի շատ ուրախացուցած է:

Աղազարեան Դերենիկ, ծրագիրի մասնակից

– Իրանէն ընտանիքիս հետ Հայաստան  տեղափոխուած ենք 11 տարի առաջ: Այս ծրագիրին առաջին անգամ կը մասնակցիմ, շատ լաւ զգացողութիւններ ունիմ: Ծնողներս նախարարութենէն  տեղեկացած էին, որ կրնամ մասնակցիլ ծրագիրին, ուստի որոշեցի առիթը չփախցնել: Շատ ուրախ եմ, քանի որ ծրագիրին շնորհիւ ձեռք բերի նոր ընկերներ, որոնց հետ միասին շատ լաւ ժամանակ անցուցինք:

Նորավանքի, Խոր Վիրապի եւ Կեչառիսի եկեղեցին չէի այցելած ու այնչափ տպաւորուած եմ: Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին եւ նախարարութեան աշխատակիցներուն, որ ինծի ու  միւս պատանիներուն առիթ ընձեռեցին մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրին:

Տաթեւիկ Յարութիւնեան, ծրագիրի մասնակից

– Կ’ապրիմ Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ, առաջին անգամ կը մասնակցիմ «Արի տուն» ծրագիրին: Շատ լաւ ծրագիր է, որուն ընթացքին մեզի կը ծանօթացնեն մեր հայրենիքին, տարբեր վայրեր կ’այցելենք: Այցելած  ենք Գառնի, Գեղարդ, Մատենադարան: Այնչափ տպաւորուած եմ Գառնի հեթանոսական տաճարով եւ Գեղարդի վանքով: Օրերը շատ հետաքրքիր կ’անցնին նաեւ ճամբարին մէջ, ափսոս, որ ժամանակը  շատ կարճ է: Ցանկութիւն կայ կրկին մասնակցելու ծրագիրին:

Արփի Պետրոսեան

ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի  2-րդ շրջանի ուսանողուհի

 

Scroll Up