ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Երիտասարդ Գործարարներու Համահայկական Առաջին Համաժողովի Մասնակիցները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/pp2.jpg)
Յուլիս 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Երիտասարդ գործարարներու համահայկական առաջին համաժողովի մասնակիցները:
Հայաստանի երիտասարդ գործատուներու միութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ սփիւռքի ու արտաքին գործոց նախարարութիւններու աջակցութեամբ կազմակերպուած համաժողովին կը մասնակցի 80 երիտասարդ գործարար` Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Լիթվայէն, Ուքրանիայէն, Թուրքիայէն, Իրանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւներէն, Իսրայէլէն:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց երիտասարդ գործարարներու ներուժի համախմբումը եւ գործարար կապերու ստեղծումը, որ վստահաբար պիտի նպաստէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման ու հզօրացման:
«Հայրենիքում նման համաժողովների անցկացումը վկայում է այն մասին, որ Սփիւռքը դառնում է աւելի Հայաստանակենտրոն, որ Հայաստանն է այն առանցքը, որի շուրջ պէտք է համախմբուեն եւ գործեն մեր բոլոր կարող անհատներն ու կառոյցները: Համոզուած եմ, որ մեր գործարարներն իրենց յաջողութիւններով նպաստում են տարբեր երկրների տնտեսութիւնների զարգացմանը, որի համար շատ ուրախ եւ հպարտ եմ: Սակայն փորձառութիւնը ցոյց է տալիս, որ այն ամէնը, ինչը հայերի կողմից կառուցւում եւ իրականացւում է օտար երկրներում` ժամանակի հետ մոռացւում է: Ամենամնայունը հայրենի հողի վրայ, Հայրենիքի համար կառուցածն է,- ըսաւ նախարարը` յիշելով բազմաթիւ հայ գործարարներու օրինակներ, որոնք մեծ ներդրումներ իրականցուցած են տարբեր երկիրներու մէջ, սակայն ժամանակին հետ մոռուած են անոնց անունները:
Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին ընդունելութեան եւ տպաւորիչ խօսքերուն համար` հանդիպման մասնակիցները պատմեցին համաժողովի արդիւնքներուն, այս օրերուն ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններուն եւ իրենց ծրագիրներուն մասին, շարք մը գործնական առաջարկութիւններ` ըրին ապագային նման համաժողովները աւելի ներկայացուցչական եւ արդիւնաւէտ դարձնելու համար:
Հանդիպման աւարտին մասնակիցները տեսաֆիլմի միջոցով ծանօթացան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն եւ ոգեւորութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնեցին աշխատանքներ տանելու իրենց համայնքներէն ներս` այդ ծրագիրներուն աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն ապահովելու համար: