Լոնտոնի Մէջ ՀԲԸՄի Նուիրատուներու Հաւաքը 325,000 Տոլար Գոյացուց Սուրիահայութեան Համար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/AGBU-London.jpg)
ԼՈՆՏՈՆ.- Մայիս 21ին, Լոնտոնի մէջ կայացաւ ՀԲԸՄի համակիրներու եւ նուիրատուներու հաւաք, որ նուիրուած էր կազմակերպութեան բարեսիրական իրագործումներուն, իսկ անոր ընթացքին կարելի եղաւ 325,000 տոլար գոյացնել սուրիահայութեան ի նպաստ։
Շնորհիւ ձեռնարկի հիւրընկալ՝ ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ճոզէֆ Ուղուրլեանին եւ անոր կնոջ՝ Ճենիի առատաձեռնութեան, հաւաքուած գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան համար հաստատուած ՀԲԸՄի հիմնադրամին։
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախկին նախարար եւ Լորտերու պալատի առաջին հայ անդամ Արա Տարզին, որ միւս ելոյթ ունեցողներուն նման, շեշտեց մարդասիրական նախաձեռնութեան մասնակցելու եւ յատկապէս սուրիահայութեան կարիքներուն հասնելու կարեւորութիւնը։ Փակման խօսքը արտասանեց ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեան։
Սուրիահայութեան աջակցութեան ՀԲԸՄի ջանքերուն միանալու համար, այցելելhttps://donate.agbu.org/agbu-urgent-appeal կայքէջը։