«Սփիւռքը Այսօր Ունի Միայն Մէկ Մտասեւեռում` Զօրակցիլ Արցախին». Շահան Գանտահարեան

Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը  ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ողջ երկայնքով Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւնները սասանեցին ոչ միայն մեր սահմանները, այլեւ փոթորկեցին ողջ Հայկական աշխարհը: Արցախին զօրակացելու, արցախցիին, Հայոց բանակի զինուորի կողքին կանգնելու կոչեր հնչեցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ:

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան «Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին ներկայացուցած է  այս օրերուն լիբանանահայ համայնքէն ներս տիրող մթնոլորտը, ձեռնարկուած քայլերն ու ընելիքները:

Պարո՛ն Գանտահարեան, Ձեր կարծիքով` ինչը՞ Ատրպէյճանին մղեց նման նախայարձակ գործողութեան:

– Այս օրերուն Ատրպէյճանի պահուածքը շատ հասկնալի է, յստակ է նաեւ ատրպէյճանական նախայարձակման բուն պատճառը: Անզէն աչքով անգամ նկատելի է, որ Ատրպէյճանի թիկունքին կանգնած է Թուրքիան: Ատրպէյճանը նման տարողութեան քայլ առանց իր «աւագ եղբօր» ցուցմունքին` չէր ձեռնարկեր: Սա փաստ է. հիմնական օժանդակութիւնները` տեղեկատուական, քարոզչական, դիւանագիտական, զինուորական` ան կը ստանայ իր դաշնակցից` Թուրքիայէն:

Թուրքիոյ մէջ, բոլորս  տեղեակ ենք, թէ ինչ խճճուած իրավիճակ կը տիրէ: Ներքին, արտաքին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու պատճառով Անգարան շատ նեղ կացութեան մէջ  յայտնուած է: Ու Ատրպէյճանը իր այս քայլով կը փորձէ աշխարհաքաղաքական որոշ ուժերու ուշադրութիւնը շեղել Թուրքիայէն:

Սակայն, կը կարծեմ` ի վերջոյ միջազգային կառոյցները կը յաջողին զինադադար պարտադրել Ատրպէյճանին:

Այստեղ պէտք է նկատի ունենանք նաեւ հայկական կողմի պաշտպանուածութիւնը եւ համարժէք, նոյնիսկ առաւել ցաւոտ պատասխաններ հասցնող քայլերը, որոնք կ’օգնեն հակառակորդին խաղաղութիւն պարտադրել:

Լիբանանահայ համայնքէն ներս ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ  այս օրերուն, երբ ոտքի  ելած է ողջ Հայկական աշխարհը:

– Լիբանանի մէջ ամենուրէք միեւնոյն զօրակցական տրամադրութիւնն է: Քաղաքակական կուսակցութիւնները արդէն իրենց պաշտօնական դիրքորոշումը յայտնած են` դատապարելով ատրպէյճանական յարձակումները: Միաժամանակ իրենց ողջ կարողութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ զօրակցութիւն  յայտնած են մեր երկու Հանրապետութիւններու` Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն, իրենց ողջ ուժը ներդնելու` մեր հայրենիքի սահմանները անառիկ եւ անսասան պահպանելու առաջնային աշխատանքներուն մէջ:

Իրենց բողոքի եւ զօրակցութեան ձայնը  բարձրացուցած են նաեւ տարբեր կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւնները: Այսօր` Ապրիլ 6-ին,  Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ ՀՅԴ երիտասարդական թեւի նախաձեռնութեամբ պիտի կայանայ Արցախի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն զօրակցութիւն յայտնող երիտասարդական հաւաք, ուր, համոզուած եմ, երիտասարդներուն կողմէ կը հնչեն նաեւ կոչեր` այս դժուար պահուն մեր ժողովուրդին կողքին կանգնելու:

Նաեւ տեղեակ էք, որ հոգեւոր առաջնորդներուն կողմէ հայկական եկեղեցիներուն մէջ զօրակցութեան, զոհուած հայ զինուորներուն եւ անմեղ քաղաքացիներուն հոգիի հանգստութեան համար աղօթքներ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւններ տեղի ունեցան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջինը ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ իր զօրակցութիւնը  փոխանցած է, որուն հետեւեցաւ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Կաթողիկոս-պատրիարք Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի յայտարարութիւնը:

Լիբանանահայ համայնքը աչալուրջ կը հետեւի իրադարձութիւններու զարգացման: Մենք եւս արտակարգ կարգով կ’աշխատինք, իւրաքանչիւր 5 վայրկեանը մէկ թարմ հրապարակումներ կը ներկայացնենք` յենուելով  Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւններու տարածած մամուլի հաղորդագրութիւններուն, ինչպէս նաեւ այլ գերատեսչութիւններու հրապարակած պաշտօնական յայտարարութիւններուն վրայ:

Համայնքը տեղեկացուած է եւ վայրկեան առ վայրկեան կը հետեւի իրադարձութիւններուն:

Շուտով նաեւ աշխատանք պիտի սկսինք օտարերկրեայ դեսպանութիւններու հետ, որպէսզի վերջիններս իրազեկուին առարկայական վերլուծականներով, հասկնան թէ  իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին, եւ որն է մեր պահանջը, որպէսզի իրենց երկիրները սանձեն Ատրպէյճանի քայլերը:

Պիտի խօսինք ԵԱՀԿ անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ, յուշագիրներ  պիտի յանձնենք: Այսինքն` դիւանագիտական, քաղաքական, ներազգային, հոգեւոր, տեղեկատուական ամբողջական աշխատանքի մէջ ենք, որուն նպատակը, անշուշտ, մեր արցախահայութեան զօրակցիլն է:

Պարո՛ն Գանտահարեան, ինչպիսի՞ն է արաբական մամուլի արձագանքը Արցախի մէջ ծաւալած դէպքերուն շուրջ:

– Արաբական մամուլի արձագանքը միանշանակ չէ: Ցաւօք, համաշխարհային լրատուութեան ընդհանուր միտումները ճիշդ չեն եւ որոշակի առումով նաեւ` ատրպէյճանամէտ են: Այս հարցով մենք որոշակի բացթողում ունինք, որ կ’ազդէ նաեւ Արաբական աշխարհի վրայ: Մենք պէտք է նաեւ շատ զգոյշ ըլլանք, որպէսզի կրօնական հանգամանքը չշահարկուի:

Այդ պատճառով երէկ արդէն Հայ դատի յանձնախումբը Արցախ  գործուղած է համաարաբական կարեւոր հեռուստաընկերութիւններէն մէկուն` MTV-ի լրագրողական խումբը, որուն կցուած է նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը, որպէսզի տեղուոյն վրայ հետեւին դէպքերու եւ իրադարձութիւններու զարգացման:

MTV Արաբական աշխարհի մէջ մեծ լսարան ունեցող հեռուստաընկերութիւն է: Այս քայլով կը փորձենք ոչ միայն հակակշռել  հակառակորդի ապատեղեկատուական նկրտումները, այլեւ ճիշդ ուղղորդել լրատուութիւնը, որուն առանցքը պէտք է ըլլայ միջազգային իրաւունքին համահունչ` ազգային ինքնորոշման իրաւունքով ձեւաւորուած եւ կայացած, հանրաքուէով որոշուած Արցախի ժողովուրդի անկախ ապրելու իրաւունքը:

Պարո՛ն Գանտահարեան, դուք նշեցիք, որ տեղեկատուական առումով որոշ բացթողումներ ունինք: Հետեւաբար ի՞նչ պէտք է ընենք այդ դաշտին մէջ մենք` Սփիւռքի եւ Հայաստանի լրագրողներս:

– Այսօր մենք նաեւ տեղեկատուական պատերազմի մէջ ենք, որ կ’ընթանայ նոյնքան թէժութեամբ, որքան ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին ծաւալած պատերազմն է: Եւ այստեղ մենք առաւելութիւն  արձանագրած ենք: Այս օրերուն հայկական լրատուամիջոցները համարեայ չինկան հակառակորդի ապատեղեկատուական ծուղակը:

Միաժամանակ մենք` իբրեւ հայկական լրատուամիջոցներ, բացառապէս պէտք է օգտնուինք ՀՀ եւ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւններու պաշտօնական լրահոսէն: Այստեղ սխալուիլը թոյլատրելի չէ, նոյնքան  զգօնութիւն պէտք է նաեւ հայկական տեղեկադաշտի  սահմաններու պահպանութեան առումով:

Մենք պէտք է միջազգային լրատուամիջոցներուն շատ աշխոյժ մշտադիտարկում ընենք, որպէսզի հակադարձենք ատրպէյճանամէտ միակողմանի, խեղաթիւրող տեղեկութիւններուն: Եւ ոչ միայն ճշդենք, այլեւ իրականութեան համապատասխանող լուրեր սփռենք:

Մենք  քիչ մը  բացթողում ունինք միջազգային լրահոսի վրայ ազդելու առումով եւ այս ուղղութեամբ պէտք է շատ աւելի աշխոյժ աշխատինք:

Եթէ Ատրպէյճանը յղում կը կատարէ տարածքային ամբողջականութիւնը շեշտող միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու սկզբունքներուն, մենք պէտք է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային չափանիշներով յղում կատարենք: Եւ շեշտենք, որ զաւթիչ Պաքուի թիկունքին  կանգնած Թուրքիան արդէն յայտնուած է նեղ իրավիճակի մէջ եւ կը փորձէ տարբեր ճակատներ օգտագործելով` աշխարհաքաղաքական ուժերու ուշադրութիւնը շեղել:

Համոզուած ենք, որ այս փորձութիւնն ալ կը յաղթահարենք: Փորձը ցոյց կու տայ, որ երբ կը միաւորուի ողջ հայկական աշխարհը, մենք միշտ կը յաղթենք: Եւ միաւորման բոլոր նախադրեալները ունինք`  պատմական այս հանգրուանին եւս յաղթանակ գրանցելու:

Աստուած տայ, որ խաղաղութիւնը շուտ վերահաստատուի, բայց այդ խաղաղութեան հաստատման պարտադրանքին մէջ կարեւոր է հզօր ըլլալը:

Պարո՛ն Գանտահարեան, ԼՂՀ կառավարութիւնը աջակցութեան կոչ յղած է համայն հայութեան: Ինչպիսի՞ն են կոչի լիբանանեան արձագանքները:

– Կոչը, միանշանակ, զօրակցական տրամադրութիւններով ընկալուեցաւ: Այստեղ բոլորը  պատրաստ են տեղեկատուական, դիաւանագիտական, քաղաքական, մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ ընդառաջ երթալու Արցախի իշխանութիւններուն: Արցախին օգնելու ցանկութիւնը Լիբանանի մէջ բոլորին  վարակած է: Եւ շատ բան կախուած է բախումներու տեւողութենէն: Իւրաքանչիւր հանգրուան ունի իր պահանջներն ու առաջնահերթութիւնները:

Չմոռնանք, որ լիբանանահայ համայնքը առաջիններէն էր, որ Արցախեան ազատամարտի օրերուն արցախցիի կողքին էր, պատերազմի դաշտին: Մենք ունեցած ենք եւ՛ վիրաւորներ, եւ՛ զոհեր: Լիբանանահայը այսօր ալ պատրաստ է զէնք վերցնելու` յանուն Արցախի անկախութեան:

Պարո՛ն Գանտահարեան, եթէ չեմ սխալիր, Ձեր աղջկան` Սանանի ամուսինը նոյնպէս Արցախ է:

– Այսօր Սփիւռքէն շատերը  Արցախի կողքին են: Բազմաթիւ կամաւորներ  մեկնած են Արցախ, որոնք կը փորձեն օգտակար ըլլալ Արցախի պետութեան ու ժողովուրդին: Աղջկաս ամուսինը, անոր զարմիկը, նոյնպէս այդ կամաւորներու շարքին մէջ են: Թէեւ լրատուական աշխատանքով, սակայն կը փորձեն օժանդակել այն բոլոր աշխատանքերուն, որուն կարիքը այսօր Արցախը ունի:

Պարո՛ն Գանտահարեան, այսօր ամէնուր մեր միասնականութեան, հերոսական ոգիի մասին կը խօսուի: Հետաքրքիր է, Դուք ի՞նչ կը «տեսնէք»:

– Ամէնուր կը զգամ համազգային զարթօնք, որովհետեւ ամէն խնդիր մղուած է երկրորդ հերթ: Բոլոր միութիւններն ու կուսակցութիւնները հիմա ունին միայն մէկ մտասեւեռում` զօրակցիլ, միանալ եւ իրենց պատարաստակամութիւնը յայտնել արցախահայութեան:

Արցախը բոլորիս հայրենիքն է: Հայրենիքի պաշտպանութիւնը ամենանուիրական, ամենառաջնային եւ սուրբ գործն է բոլորիս համար:

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up