Սուրբ Յարութեան Տօնը Դամասկոսի Մէջ

Կիրակի 27 Մարտ 2016-ին, Սբ. Յարութեան հանդիսաւոր պատարագ մատուցուեցաւ Առաջնորդանիստ Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուայ Պատարագիչն էր Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, Առաջնորդ Դամասկոսի Թեմի։ Սրբազան Հայրը Պատարագի ընթացքին ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յաւուր պատշաճի Սբ. Յարութեան պատգամը։

Պատարագի ընթացքին ներկայ էր Սուրիանի Ուղղափառ Եփրեմ Բ Պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ Դամասկոսի Սուրիանի Ուղղափառ Առաջնորդ Մաթթա Եպիսկոպոս Ալ Խուրին: Տ. Արմաշ Սրբազան Առաջնորդ հրաւէրով Ալ Խուրի Սրբազանը մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին եւ միասին բաշխեց Սուրբ Հաղորդութիւնը:

Սուրբ Պատարագին կը մասնակցէին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տոքթ. Փռոֆ. Արշակ Փօլատեանը, Սուրիոյ Բնապահպանութեան Նախարարուհի Նազիրա Սարգիսը, Ռուսաստանի Դաշնութեան Հիւպատոսի փոխանորդ տիար Տիգրան Կոտպաշեանը եւ Դամասկահայ հոծ բազմութիւն: Զատկական մթնոլորտը ճոխացուց Դամասկոսի Հ. Մ. Միութեան նուագախումբ փողերախումբը, որ կատարեց հայրենասիրական եւ ազգային երգեր։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի Առաջնորդ Սրբազանը Հայրը ներկաներէն ընդունեց շնորհաւորանքներ հաւկթախաղի ուրախ մթնոլորտին մէջ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս, 27 Մարտ 2016

Scroll Up