Հալէպցի կինը` գոյատեւում, վճռակամութիւն, ստեղծագործութիւն
Կազմակերպութեամբ Հալէպի ճարտարարուեստի պալատի Գործարար Տիկիններու Յանձնախումբին, Հալէպի «Նէտուէթ Շահպաա» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ եռօրեայ ցուցահանդէս մը «Հալէպցի կինը` գոյատեւում, վճռակամութիւն, ստեղծագործութիւն» վերնագիրով, 14,15 եւ 16 Մարտ 2016-ին:
Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը կատարեցին Հալէպի նահանգապետ Մարուան Ուլապի, Հալէպի Ճարտարարուեստի պալատի նախագահ Ֆարէս Շահապի եւ Գործարար Տիկիններու Յանձնախումբի ատենապետ Ալին Լահտօ:
Ցուցահանդէսին նպատակն էր քաջալերել արհեստներու եւ միջին ու փոքր արդիւնաբերական ծրագիրներու տէր կիները, առիթ ընծայել անոնց` ցուցադրելու եւ վաճառելու իրենց արտադրանքը, որպէսզի սուրիական տագնապի դժնդակ պայմաններուն մէջ, կանայք կարենան նպաստել իրենց ընտանեկան օրապահիկի ապահովման:
Ցուցահանդէսի 80 մասնակիցները, որոնց մէջ նաեւ հայուհիներ, ցուցադրեցին հանդերձի, ասեղնագործութեան, զարդեղէնի եւ ուտեստեղէնի ճոխ տեսականի, որուն մէջ կ՛արտացոլար Հալէպի բազմերանգ մշակոյթը:
Գործարար յանձնախումբի ատենապետուհի Ալին Լահտօ այս առիթով ըսաւ, թէ նման ձեռնարկներու ընդմէջէն հալէպցի կինը իր պատգամը կը փոխանցէ ողջ աշխարհին` ըսելով, որ ան պատերազմի մարտահրաւէրները կը դիմագրաւէ կեանքին կառչելով, ստեղծագործելով, արտադրելով եւ սուրիական ընկերութեան վերելքին նպաստելով:
Գործարար Տիկիններու Յանձնախումբը նման ձեռնարկներու կողքին, կը կազմակերպէ նաեւ կնոջ արդիւնաբերական հմտութիւններու զարգացման եւ ընտանեկան տընտեսութեան նպաստող «Ճարտար կիներ» խորագիրը կրող դասընթացքներ:
Ցուցահանդէսի աւարտին, վերոյիշեալ դասընթացքի երկրորդ հանգրուանի մասնակիցները համապատասխան վկայագիրներ ստացան:
Յատկանշական էր հալէպահայ կիներու մասնակցութիւնը ե՛ւ ցուցահանդէսին, ե՛ւ կազմակերպըւած դասընթացքներուն, որ Սուրիական Հայրենիքի վերականգնումի ծրագիրներուն մասնակից դառնալու գեղեցկագոյն արտայայտութիւնը կը հանդիսանար:
Այս առիթով մասնակից հայուհիները արժանացան Ճարտարարուեստի պալատի նախագահ Ֆարէս Շահապիի եւ Գործարար Տիկիններու Յանձնախումբին գնահատանքին ու քաջալերանքին:
Տեղին է նշել, որ Հալէպի Ճարտարարուեստի պալատի Գործարար Տիկիններու -Յանձնախումբին (14 անդամներէ բացկացած) մաս կը կազմեն երկու հայուհիներ` Սոնա Գաբրիէլեան եւ Անի Մարկոսեան:
Շաբաթ, 19 Մարտ 2016-ին, Սուրիոյ Ճարտարարուեստի պալատի նախագահ Ֆարէս Շահապիի տիկինը` Շիրին Շահապի, Գործարար Տիկիններու Յանձնախումբի ատենապետուհի Ալին Լահտոյի եւ յանձնախումբի անդամ Սոնա Գաբրիէլեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Ազգ. Պատսպարան, ուր դիմաւորուեցաւ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան եւ Պատսպարանի Յանձնախումբին կողմէ:
Այցելութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ Ազգ. Պատսպարանի գործունէութեան ու կառոյցի վերանորոգման աշխատանքներուն մասին զեկոյց:
Այցելուները գնահատեցին պատսպարեալներու հոգատարութիւնն ու ՍՕԽ-ի նուիրական աշխատանքը:
Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար: