Հոլանտայի Հայ Դատը Կառավարութենէն Յստակ Դիրքորոշում Կ’ակնկալէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով

Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին ընդառաջ Հոլանտայի Հաագա քաղաքին մէջ Ապրիլ 23-ին կ’իրականացուի բողոքի ցոյց եւ ոգեկոչման արարողութիւն: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուց Հոլանտայի «Հայկական կազմակերպութիւններու դաշնութեան» նախագահ, «Աբովեան մշակութային միութեան» նախագահ Մաթօ Հախվերտեան: Անոր խօսքով, ոգեկոչման արարողութիւններ եւ համերգ  տեղի պիտի ունենայ նաեւ Հոլանտայի այլ քաղաքներու մէջ:

«Հոլանտայի խորհրդարանը իր դիրքորոշումը յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած, որ չենք տեսներ Կառավարութեան յայտարարութիւններուն մէջ: Մեզի համար կարեւոր է, որ կառավարութիւնը նոյնպէս յայտնէ իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան հարցի առնչութեամբ: Ամէն անգամ բառախաղերու օգնութեան կը դիմեն, չեն ցանկար հաստատ խօսիլ: Մեր ցանկութիւնն է, որ խորհրդարանի որդեգրած քաղաքականութիւնը գործադիր մարմինն ալ շարունակէ: Իշխանութիւնները միշտ ալ կը փորձեն դիւանագիտական տարբեր հնարքներ կիրառել` ըսելով հայկական ողբերգութիւն, որ չի համապատասխաներ խորհրդարանի ընդունած բանաձեւի բովանդակութեան»,-ըսաւ Մաթօ Հախվերտեան: Անոր տեղեկացմամբ` Ապրիլ 16-ին Հոլանտայի մէջ հայերու, թուրքերու քիւրտերու մասնակցութեամբ պիտի իրականացուի համաժողով: «Ի հարկէ, պիտի մասնակցին այն թուրքերն ու քիւրտերը, որոնք կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Համաժողովի նպատակն է երկխօսութիւն եւ կապ հաստատել կողմերու միջեւ»,-ըսաւ Մաթօ Հախվերտեան: Համաժողովէն բացի, կը նախատեսուի նմանատիպ այլ նախաձեռնութիւն եւս կեանքի կոչել:

Մասնաւորապէս, Հոլանտայի սոցիալական հարցերով գերատեսչութեան հետ համատեղ կը նախատեսուի իրականացնել գիտաժողով թրքական կազմակերպութիւներու մասնակցութեամբ: Նպատակը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վերաբերող հարցերը քննարկելն է: 2004 թուականի Դեկտեմբեր 21-ին Հոլանտայի խորհրդարանը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին որոշում: 2015 թուականին ալ Հոլանտայի խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է որոշում, որմով կարեւոր կը համարուի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողմէ իրենց պատմութեան վերաբերեալ ընդհանուր համաձայնութեան ձեռքբերումը:

Որոշման համաձայն` յանձնարարուած է կառավարութեան` 2004թ. համաձայնութեամբ ընդունուած որոշմանը համահունչ, երկկողմանիօրէն եւ ԵՄ ծիրէն ներս շարունակել կոչ ընել Թուրքիոյ կառավարութեան նոր խթան հաղորդել Հայաստանի հետ մերձեցման եւ հաշտեցման եզրեր փնտրել Հայաստանի կառավարութեան հետ:

Scroll Up