Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցելութիւնները` Համայնքային Կեդրոններ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երկուշաբթի, 15 փետրուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին կողմէ: Նախարար Յակոբեանին կ’ուղեկցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան, Զմմառու վանքի մեծաւոր  եւ միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան, արհիապատիւ, գերյարգելի, գերապատիւ հայրեր, նախկին նախարար մեթր Ժաք Չուխատարեան եւ հայ կաթողիկէ յանձնախումբերու անդամներ:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց առաւելաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի աշխատանքներուն հաշուեկշիռը, որուն լոյսին տակ նախարար Յակոբեան մեծապէս գնահատեց  100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին եւ համայնքային կառոյցներուն աշխատանքը եւ շեշտեց զայն աւելի մեծ ու կազմակերպուած թափով շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Կարեւոր նկատուեցաւ համահայկական հիմնահարցերուն շուրջ համահայկական խորհրդակցութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Շեշտուեցաւ յատկապէս հայկական պետութիւնը հզօրացնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ու զօրացման ի խնդիր յարաճուն աշխատանք ծաւալելու հրամայականը: Անդրադարձ եղաւ Հայաստանի զարգացման համար ներդրումներ կատարելու, արտագաղթը արգելակելու եւ հայրենի ժողովուրդը յուզող հրատապ խնդիրներու: Խօսուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս պապի Հայաստան այցելութեան կարելիութեան մասին:

Դեսպան Քոչարեան յիշեցնելով, որ ինք շուտով հրաժեշտ պիտի տայ Լիբանանին` իր պաշտօնաշրջանը աւարտին հասած ըլլալով, շնորհակալութիւն յայտնեց  ընդհանրապէս լիբանանահայ գաղութին եւ յատկապէս հայ կաթողիկէ համայնքին կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերումին համար: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Լիբանանի մէջ դեսպանին վեցամեայ ծառայութեան մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր հետագայ առաքելութեան:

Այցելութիւն` ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոն

Hranush_Karaguezian_021516

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր եռօրեայ Լիբանան այցելութեան ծիրին մէջ երկուշաբթի, 15  փետրուարի առաւօտեան հանդիպում  ունեցաւ ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի եւ Կեդրոնական մարմինի ատենապետ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի բարգաւաճման եւ զարգացման համար իրագործուած եւ իրագործելի ծրագիրները: Շեշտը դրուեցաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ունեցած գնահատելի ներդրումին վրայ: Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան նախարարը տեղեկացուց Համաշխարհային խորհուրդին կողմէ յառաջիկայ սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ կատարուելիք կարգ մը ձեռնարկներուն մասին: Այս համասփիւռքեան գործունէութիւնը նուիրուած պիտի ըլլայ հայ աւետարանականութեան հաստատման 170-ամեակին, որ կը համընկնի Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին:

Նախարարը մեծապէս գնահատեց Հայկազեան համալսարանին հետ իրականութիւն դարձած փոխադարձ գործակցութիւնը, որ մեծապէս կը սատարէ Հայաստան-սփիւռք դրական փոխադարձ յարաբերութիւններու դրսեւորման, յատկապէս համալսարանի հիմնադրման 60-ամեակին կապակցութեամբ: Նախարարը միութեան փոխանցեց «Հայկական սփիւռք» տարեգիրքի վերջին համարը:

Այս հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ իր պաշտօնավարութեան աւարտին կը մեկնի Լիբանանէն: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց միութեան նախագահին` անցնող տարիներուն գոյութիւն ունեցած փոխադարձ  գործակցութեան համար: Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան իր կարգին դրուատեց դեսպանին հայրենանուէր աշխատանքը եւ բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ անոր ծաւալած գործունէութիւնը, որ նպաստած է գաղութի աշխուժացման:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up