ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մեկնեցաւ Լիբանան

Փետրուար 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մեկնեցաւ Լիբանան` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային յանձնախումբի ամփոփիչ հաւաք-հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 13-14-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա-ի բարձր հովանիի ներքոյ, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ:

 Պիտի ամփոփուին 2015թ. ձեռք բերուած արդիւնքները եւ պիտի քննարկուին յառաջիկային իրականացուելիք աշխատանքներն ու ծրագիրները, ընդհանուր ուղղութիւնները:

 Հաւաք-հանդիպման պիտի մասնակցին Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ գործող Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող յանձնախումբերու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները:

 Սփիւռքի նախարարը հանդէս պիտի գայ ծաւալուն զեկուցմամբ` ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին աշխարհի մէջ եւ, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ձեռարկները, արձանագրուած արդիւնքներն ու ընելիքները:

Փետրուար 13-ի երեկոյեան Հրանոյշ Յակոբեան պիտի մասնակցի Սուրբ Վալենթինի տօնի առիթով Լիբանանի օգնութեան խաչի կողմէ կազմակերպուած երեկոյին եւ հանդէս պիտի գայ «Կնոջ դերը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետոյ» զեկոյցով:

 Փետրուար 14-ին նախարարը պիտի հանդիպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա-ի հետ, Փետրուար 15-ին` Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Գապրոյեանի, այնուհետեւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ:

Scroll Up