Պետութիւնը Պիտի Շարունակէ Օժանդակել Սուրիահայերու Ընկերային, Իրաւական Եւ Կրթական Խնդիրներու Լուծման

ՀՀ կառավարութիւնը 2016 թուականին բուռն աշխատանքներ պիտի իրականացնէ հայրենիք վերադարձող սփիւռքահայերուն, որոնց մէջ` սուրիահայերուն` հասարակութեան ընդելուզման գործընթացի արագացման եւ այդ ուղղութեամբ կառուցակարգերու ներդրման ուղղութեամբ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմենփրես»-­ը, այդ ուղղութեամբ աշխատանքներու իրականացումը ընդգրկուած է կառավարութեան ընթացիկ տարուան գերակայ ծրագիրներու շարքին:

Ըստ գործադիրին` տարբեր երկիրներէ սփիւռքահայեր կը շարունակեն տեղափոխուիլ Հայաստան, հետեւաբար` մեր երկրին մէջ սփիւռքահայերու ընդելուզման տարաբնոյթ ծրագիրներու մշակումն ու իրականացումը հնարաւորութիւն կու տայ անոնց ինքնադրսեւորման նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելուն:

Կը նախատեսուի, հաշուի առնելով Հայաստան ժամանած սփիւռքահայերու պահանջներն ու կարիքները, անոնց ընդելուզումը դիւրացնող նախորդ տարիներուն ընդունուած իրաւական գործերուն համաձայն կազմակերպել աջակցութիւն, իրականացնել ծրագիրներ, միջոցներ` ընկերային, իրաւական, կրթական խնդիրների լուծման նպատակով:

Ծրագիրներու իրականացման արդիւնքով պիտի մշակուին ու իրականացուին սփիւռքահայերու, մասնաւորապէս` սուրիահայերու կրթական, մշակութային ընդելուզման նպաստող բազմաբնոյթ միջոցառումներ, անհրաժեշտ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի սուրիահայ դպրոցականներու եւ ուսանողներու կրթական գործընթացի կազմակերպման, մասնաւորապէս, ուսման վարձավճարներու փոխհատուցման: Կ՛ակնկալուի նաեւ խրախուսել Հայաստան տեղափոխուած սփիւռքահայերու ծրագրային նախաձեռնութիւնները, օժանդակել Հայաստանի մէջ գործող սփիւռքահայերու հասարակական միաւորումներուն, սփիւռքահայերու հիմնախնդիրներով զբաղուող կառոյցներու առնուազն 3 միջոցառման կազմակերպման, լեզուական հարցերու կարգաւորման:

Scroll Up