Կառավարութիւնը Հաստատած Է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան 2016 Թուականի Ամառնային Ծրագիրները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/logo4.jpg)
Յունուար 29-ի կայացած նիստին կառավարութիւնը հաստատած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի եւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2016 թուականի ծրագիրները ու ձեռնակներու ցանկը:
Ներկայացնելով ծրագիրները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը այս տարի պիտի ընթանայ 4 ուղղութիւններով ` «Պարարուեստի օրեր» «Երգչախմբային արուեստի օրեր» «Տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու փառատօն», «Հայ երգի օր», իսկ «Արի տուն» ծրագիրով Հայաստան պիտի ժամանեն 1100 սփիւռքահայ երիտասարդ, որոնք կը հիւրընկալուին հայաստանեան ընտանիքներէն ներս, ապա իրենց հասակակիցներուն հետ կը մասնակցին «Արի տուն» ճամբարին:
Իրականացուող ծրագիրներուն նպատակն է ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերը, աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն համար ճանաչելի դարձնել Հայրենիքը, զարգացնել անոնց հայոց լեզուի իմացութիւնները, աջակցիլ հայրենասիրական դաստիարակութեան, ներկայացնել հայ ժողովուրդի սովորոյթներն ու աւանդոյթները, նպաստել հայ մշակոյթի եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման: