«Գագաթը նուաճելէն ետք ստորոտ իջնելը մեծ սխալ կ’ըլլայ». Մհեր Գարագաշեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/Mher-Karagashyan.jpg)
Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացը խթանելու եւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգելու նպատակով Սփիւռքի մէջ ստեղծուեցան տարածաշրջանային յանձնախումբեր:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Գանատայի մէջ իրականացուած ձեռնարկները կ’ամփոփէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Գանատայի յանձնախումբի նախագահ Մհեր Գարագաշեանը: Վերջինս ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով պարգեւատրուած է Երախտագիտութեան մետալով` Սփիւռքի համայնքներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպման եւ իրականացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար:
Սկիզբ
Յանձնախումբի աշխատանքները սկսած ենք ծրագրել դեռ 2011 թուականին, մտածելով, թէ ինչ պէտք է ընենք 2015-ին: Այն ժամանակ ամէն ինչ միայն մտքեր էին, գաղափարներ:
2012 թուականին Օթթաուայի մէջ գտնուող Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ մեր անդրանիկ ժողովը գումարեցինք՝ աւանդական կուսակցութիւններու, բարեսիրական երկու մեծ կազմակերպութիւններու (ՀՕՄ եւ ՀԲԸՄ) ձեւաչափով: Նպատակն էր, որ բոլորը ներառենք մեր աշխատանքներու մէջ:
Ժողովի ընթացքին շուրջ 45 տարբեր ծրագիրներ ուրուագծուեցան, թիրախաւորուած, տարբեր ոլորտները ներառող՝ քաղաքական, մշակութային, երիտասարդական, էկումենիկ, կրթական եւ այլն:
Ձեռնարկներու խորհրդանշական մեկնարկը տրուեցաւ 2013 թուականին Լաւալի մէջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթողի բացումով: Շատ գեղեցիկ յուշակոթող, որուն հեղինակն է մեծ արուեստագէտ եւ քանդակագործ Արտօ Չաքմաքջեանը:
Ապա Վանկուվերի մէջ այլ յուշակոթողի մը բացումը կատարուեցաւ. այսպէս սկսաւ մեր գործունէութիւնը:
2014 թուականին մեկնարկեց «100 իր՝ 100-րդ տարելիցին» ծրագիրը: Նպատակն էր հաւաքել 100 իր, որոնք «վերապրած» էին Ցեղասպանութիւնը: Յոյս չունէինք, որ կը կարենանք 100 իր հաւաքել, բայց, ի զարմանս մեզ, հնարաւոր է, որ թիւը աւելի մեծ ըլլայ: Այս ծրագիրը դեռ ընթացքի մէջ է եւ հաւանաբար ամփոփենք 2016 թուականին: «Վերապրած» իրերը իրենց պատմութեամբ «պիտի ամփոփուին» համացանցային թանգարանի մէջ: Իսկ այն մարդիկ, որոնք կը ցանկան իրենց իրերը նուիրել Ցեղասպանութեան թանգարանին, կը բերենք Հայաստան:
2014 թուականին Մոնրէալի Մակ-Գիլլ համալսարանի սրահի մէջ տեղի ունեցաւ «Մորինարի» քառեակի համերգը: Օտարներէն կազմուած այս խումբը շատ յայտնի է Մոնրէալի մէջ:
Մէկ ամիս անց Մոնրէալի քաղաքային կենդրոնի մէջ ցուցադրեցինք Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» ֆիլմը:
Մեր բոլոր նախագիծերու սկզբունքը նոյնն էր. մեր հիմնական թիրախը պէտք է ըլլայ օտարը: Այս է պատճառը, որ մեր ձեռնարկներու վայրերը պատահական չէին ընտրուած:
Քայլ առ քայլ, մեր ձեռնարկներու շղթայի հանգոյցները սկսուան բացուիլ:
Մեր կարեւոր նուաճումներէն մէկը «Ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդներու» դաշինքն է, որ ստեղծեցինք Մոնրէալի մէջ: Այսօր արդէն ցանկանք նմանօրինակ դաշինքներ ստեղծել նաեւ Թորոնթոյի եւ Վանկուվերի մէջ:
Դաշինքը, որը շատ աշխոյժ կը գործէ Մոնրէալի մէջ, իր շուրջ կը համախմբէ հայերը, հրէաները, ռուանտացիները, ուքրանիացիները:
Դաշինքի անունը արդէն, սկսաւ մեր առջեւ շատ դռներ բանալ: Նախապէս, երբ իբրեւ հայ կը ներկայանայինք, այնքան ալ դիւրին չէր, որովհետեւ միայնակ էինք: Իսկ երբ մի քանի համայնքով կը փորձես որեւէ բան նախաձեռնել, կը սկսին արդէն քուէները հաշուել:
Դաշինքի առաջին ձեռնարկը Կոնկորդի համալսարանի մէջ «Երկինքը ուսումնասիրողները» ֆիլմի ցուցադրութիւնն էր: Վերջինս նուիրուած է «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը շրջանառութեան մէջ դրած Ռաֆայէլ Լեմկինը: Ֆիլմի մէջ կը ներկայացուի նաեւ Սողոմոն Թէհլիրեանի պատմութիւնը:
Նոյեմբերին կայացաւ մեր հանգանակային ձեռնարկը. բոլորս ալ կը հասկնանք, որ առանց նիւթական միջոցներու հնարաւոր չէ որեւէ աշխատանք իրականացնել: Միայն Մոնրէալի մէջ 150 հազար տոլար կարցանք հաւաքել, թէեւ ընելիքները աւելի մեծ գումարներ կը պահանջէին:
2015 թուականի Յունուարին մեր ծրագիրներուն միացաւ Թորոնթոն, Վանկուվերը: Որոշած էինք ամէն ամիս այս կամ այն քաղաքի մէջ կամ միաժամանակ մի քանի քաղաքներու մէջ ձեռնարկներ իրականացնել:
Ձեռնարկները կասեցուցինք, հասկանալի պատճառներով, միայն ամրան ամիսներուն: Անիկա ալ նոր հնարաւորութիւն մըն էր՝ նոր հանգրուանի նախապատրաստուելու համար:
Կարեւոր ամիսները
Մարտին Մոնրէալի, Թորոնթոյի, Վինձորի եւ այլ քաղաքներու համալսարաններու մէջ տեղի ունեցան համալսարանական գիտաժողովներ: Բանախօսներու շարքին էր նաեւ թուրք Ֆաթեկ Մուգեգ Քուչէկը, որուն թեման նուիրուած էր հատուցման:
Տարբեր համալսարաններու մէջ կազմակերպեցինք նաեւ Ցեղասպանութեան նուիրուած ֆիլմերու ցուցադրութիւնները:
Բրիթիշ Կոլումբիա համալսարանի մէջ մեր ուսանողները «Թէհլերեան-Լեմկին» խորագիրով բանաստեղծութեան մրցոյթ կազմակերպած էին:
Թորոնթոյի մէջ «100 տարի» խորագիրով ցուցահանդէս կազմակերպեցինք:
Մեկնարկը տրուեցաւ «100 ձայներ» ծրագրի. երիտասարդ սերունդը կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած նախնիներու մասին կամ կ’ասմունքէ:
Մեր ձեռնարկներու գլխաւոր հարթակը Քորնինկ կենտրոնն էր, կեդրոն, որ կը կրէ Սառա Քորնինկի անունը: Գանադացի բուժքոյրը, որ անցեալ դարասկզբին գնաց Իզմիր եւ 5000 որբեր փրկեց, դարձած է մեր խորհրդանիշը: Այս առիթով կը պատրաստենք դրոշմանիշ, որ պիտի յայտածենք Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն: Կ’ուզենք Գանատային յիշեցնել այն մարդասիրական քայլի մասին, որ ցուցաբերած է Ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի նկատմամբ:
Եթէ ամբողջացնենք Մարտ ամսուն իրականացուցած մեր ձեռնարկները, ապա շեշտը կարելի է դնել ուսանողական գիտաժողովներու վրայ:
Ի հարկէ, թուրքերը փորձեցին իրենց ձայնը լսելի դարձնել, բայց չյաջողեցան:
Ապրիլին Մոնրէալի քաղաքապետարանը մեծ ձեռնարկ կազմակերպեց, որու ժամանակ ելոյթ ունեցաւ Մոնրէալի քաղաքապետը: Ան բազմաթիւ հիւրերու ներկայութեամբ վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը: Խոստացաւ նաեւ Անմոռուկի պատկերով ծաղիկ զետեղել քաղաքապետարանի առջեւ: Այդ «ծաղիկը» արդէն մօտ 6 ամիս է անցորդները «կ’իրազեկէ» Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Ապրիլի վերջին շաբաթը կարեւոր ձեռնարկները Տորոնտոյի, Մոնրէալի, Օթաուայի մէջ իրականացուող քայլարշաւներն էին: Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ քայլարշաւը իրականացաւ ոչ միայն Հայկական ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով, այլ ուղղուած էր բոլոր ցեղասպանութիւններու դէմ, ցեղասպանութիւնները կնախարգիլող բնոյթ կը կրէր:
Թորոնթոյի քայլարշաւի խորագիրն էր՝ Քայլարշաւ միութեան համար, իսկ Մոնրէալինը՝ Քայլարշաւ մարդկութեան համար: Մասնակցեցան ասորիներ, յոյներ, կամբոտիացիներ, տերսիմցիներ, հրէաներ:
Օնտարիոյի վարչապետի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ բացօթեայ էկումենիկ մեծ հանդիսութիւն, զոր նախագահեց Գանատայի կաթոլիկներու կարտինալը:
Օթթաուայի մէջ Ապրիլ 24-ը պատմական օր էր. մօտ 10 հազար մարդ հաւաքուած էր: Նախ խորհրդարանի առջեւ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն, զոր խանգարել փորձեցին մօտ 300 թուրքեր, բայց հազարի դէմ հարիւրը ինչ կրնար ընել:
Այդ օրը ընդունուեցաւ բանաձեւ մը, որուն նախապատրաստական աշխատանքները սկսած էինք 2014 թուականի Դեկտեմբերին: Նշեմ, սակայն, որ մեզմէ առաջ Հայ դատի յանձնախումբը բանաձեւ ներկայացուցած էր, որպէսզի Ապրիլ 24-ը Գանատայի մէջ յիշատակուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր, բայց գործը յառաջընթաց չէր ունեցած: Վերաշարադրելով բանաձեւը` առաջարկեցինք, որ Ապրիլ 24-ը Գանատայի մէջ հռչակուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր, իսկ ողջ շաբաթը յայտարարուի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման շաբաթ: Այս կերպ այլեւս հնարաւոր չէր մերժել: Եթէ կայ Հոլոքոստի յիշատակման օր, ինչու չի կրնար ըլլալ Հայոց ցեղասպանութան, եւ ոչ միայն, յիշատակի օր:
Սկսանք տեսակցիլ համայնքի մօտիկ բարեկամ, այն ժամանակ Քաղաքացիութեան, ներգաղթի եւ բազմամշակութայնութեան նախարար Ճէյսոն Քէնիի հետ: Կ’աշխատէինք երկու ճակատով՝ Հայ դատը իր միջոցներով, յանձնախումբը՝ իր: Ամէն ինչ կ’նէինք, որ յաջողինք:
Ապրիլ 24-ին բոլոր աստղերը շարուեցան մէկ գիծի վրայ: Կարծես նախապէս գրուած սենար ըլլար. մենք քայլեցինք դէպի Խորհրդարան, բանաձեւը ներկայացուց պատգամաւոր Բրադ Բաթը, եւ կէս ժամ քննարկումներէ ետք, երբ մենք արդէն Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ էինք, միաձայն կ’ընդունուէր բանաձեւը: Մենք ժողովրդին հաղորդեցինք այդ լուրը, որ ուրախութենիէն ուղղակի պայթեցաւ: Թուրքերը փորձեցին խանգարել, բայց դարձեալ ապարդիւն: Յաղթական օր էր մեզի համար, որուն անդրադարձան բազմաթիւ լրատուամիջոցներ:
Իսկ երեք շաբաթ ետք Ձերակոյտը վերահաստատեց ընդունուած բանաձեւը:
Մայիսին տեղի ունեցաւ Մոնրէալի մեծ քայլարշաւը, որուն 10-12 հազար մարդ մասնակցեցաւ: Քայլարշաւին ներկայ էր նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, ֆրանսացի պատգամաւոր Վալերի Պուայէն եւ այլ յայտնի հասարակական, քաղաքական դէմքեր:
Քայլարշաւը առաջնորդեցին Մոնրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետերը:
Անմոռանալի օր էր մեզի համար: Քայլարշաւը սկսանք Գանատայի ստեղծման 100-ամեակի առիթով Ուէսթ Մաունթ քաղաքի մէջ տեղադրուած յուշակոթողի մօտէն: 3-4 քմ ճանապարհ անցնելով՝ հասանք «Արուեստներու կեդրոն» անունը կրող հրապարակ, ուր ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի սկաուտները Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտերը պատրաստած էին: «Յուշակոթողին» ծաղիկներ դնելէն ետք` գացինք «Փլաս դէզ արտի» արուեստներու կեդրոնի 1500 հոգինոց սրահ, որ լեփ լեցուն էր: Ձեռնարկի ժամանակ իրենց պատգամները յղեցին Լաւալի քաղքապետը, Գանատայի կառավարութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Քրիս Ալեքսանդրը եւ այլք:
Մայիսին Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ ցուցադրեցինք «Հատում« եւ «1915» ֆիլմերը:
Կրնամ ըսել, որ ասոնք մեր աշխատանքներու եւ ձեռնարկներու բաձրակէտերն էին:
Հրատարակութիւններ
Իբրեւ մնայուն արժէք, հրատարակեցինք «Կանչ Հայաստանէն եւ Գանատայի դերը Հայկական ցեղասպանութեան մէջ սկսած 1895 թուականէն» գիրքը: Ուսումնասիրութեան ժամանակ գանատական արխիւներու մէջ զարմանալի նիւթեր գտանք: Այդ գիրքը, որ հնարաւոր եղաւ կեանքի կոչել Պաստրմաճեան ֆոնտի նուիրատուութեան շնորհիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Առաջինի ձեռամբ նուիրած ենք Գանատայի Ծերակոյտի նախագահին, պաշտպանութեան նախարարին եւ այլ պաշտօնեաներուն: Հիմա կ’աշխատինք գիրքի ֆրանսերէն թարգմանութեան վրայ:
Յանձնախումբը նիւթական ներդրում ունեցաւ երկու այլ հրատարկութիւններու մէջ եւս:
Մակ-Գիլլ համալսարանի Քուինս հրատարակչութիւնը նպատակ ունէր թարգմանելու Ֆրանսայի մէջ տպագրուած երկու լրագրողներու «Ցեղասպանութեան ուրուականը» գիրքը: Սակայն նիւթական խնդիրներ ունէր, եւ մենք օժանդակեցինք: Գիրքը հրատարակուեցաւ Մայիսին:
Օժանդակեցինք նաեւ Հասան Ճեմալի «1915. Հայկական ցեղսպանութիւն» գիրքի անգլերէն թարգմանութեան:
Հայոց ցեղասպանութեան մէջ Գանատայի ունեցած դերի մասին երկու գրքոյկ ալ հրատարակեցինք Թորոնթոյի մէջ: Այժմ կը նախատեսենք գիրքի ֆրանսերէն թագմանութիւնը:
Երկրորդ հանգրուան
Արդէն մտած ենք երկրորդ հանգրուան, որուն մեկնարկը լեհ մեծագոյն երաժշտահան Քշիշտոֆ Պենդերեցկիի համերգն էր Մոնրէալի սիմֆոնիկ նուագախումբի հետ: Համերգը նուիրուած էր Հայկական ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին:
Աւելցնեմ միայն, որ Ապրիլ 23-ին նոյնքան մեծ համերգ ունեցանք Թորոնթոյի սիմֆոնիկ նուագախումբի մասնակցութեամբ, որուն ժամանակ ելոյթ ունեցաւ ճանչցուած երգչուհի Իզապէլ Պայրաքտարեանը, խօսքով հանդէս եկաւ Ատոմ Էկոյեանը:
Սեպտեմբերին Մակ-Գիլլ համալսարանի մէջ տեղի ունեցած համերգի ժամանակ օտար եւ հայ երգիչներու կատարմամբ հնչեցին բոլոր այն երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները, որոնք Ցեղասպանութեան վերապրողներ են:
Սեպտեմբերին Թորոնթոյի մէջ բացուեցաւ «Յիշողութիւն» խորագիրով ցուցահանդէս, ուր Գանատայի մէջ ապրող հայ արուեստագէտները Ցեղասպանութեան թեմաներով մօտ 60 գործեր (քանդակ, գեղանկար) ներկայացուցած էին:
Հոկտեմբերի սկզբին անգլիախօս թատրոնը ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բեմականացում: Ներկայացման հերոսուհին ռուանտացի է, որ կը փնտռէ հայկական ցեղասպանութեան ծալքերը: Բիեսի հեղինակը ծագումով հնդիկ Ռահուլ Բարման է:
Հոկտեմբերին ցուցադրուեցաւ նաեւ «Գազանը լուսնի վրայ» ներկայացումը՝ հայկական «Հայ բեմ» խումբի ներկայացմամբ:
Աւարտ եւ նոր սկիզբ
Դեկտեմբերին ունինք երկու կարեւոր ձեռնարկ, որով կ’աւարտենք տարին ու կ’ամբողջացնենք մեր ծրագիրները:
Դեկտեմբեր 10-ին Մոնրէալի Հոլոքոստի թանգարանի մէջ տեղի կ’ունենայ Ֆրանս Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» գիրքին եւ մուսալեռցիներու պատմութեան առնչուող ցուցահանդէս: Մէկ տարի է կ’աշխատինք այս ուղղութեամբ: Այնճարէն, Ցեղասպանութեան թանգարանէն բաւականին լուսանկարներ բերած ենք, շարք մը հետազօտութիւններ կատարած ենք: Ցուցահանդէսի ժամանակ պիտի իրականցուի նաեւ կլոր-սեղան, քննարկում, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Եահիր Աուրոնը, որ «Մուսա լեռան 40 օրը» գիրքի վերաբերեալ մենագրութիւն ունի գրուած: «Մուսա լերան 40 օրը գիրքի ազդեցութիւնը հրէական դիմադրութեան վրայ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ» աշխատութեան մէջ փշաքաղուելու պատմութիւններ կան: Ականատեսներու վկայութեամբ` «Մուսա լերան 40 օրը» գիրքը հրէաներու դիմադրութեան Աւետարանը եղած է:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան նաեւ Նիւ Եորքի Կառնեգի կորպորէյշընի նախագահ Վարդան Գրիգորեանը, որ մեծ դեր խաղացած է, որպէսզի Ֆրանս Վերֆելի աճիւնը տեղափոխուի Աւստրիա եւ Մոնրէալի Կոնկորդի համալսարանի Մարդու իրաւունքներու եւ Ցեղասպանութիւններու հետազօտման հիմնարկութեան համահիմնադիր Ֆրանս Ջոփը: Կ’ուզենք, որ ցուցահանդէսը դառնայ նաեւ քաղաքականացուած ձեռնարկ: Հրաւէրներ ուղարկած ենք Գանատայի մէջ Ֆրանսայի եւ Աւստրիոյ դեսպաններուն: Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Յունուարի վերջը:
Յաջորդ կարեւոր Ձեռնարկը Յասմիկ Պապեանի եւ Աւօ Գոյումճեանի համատեղ համերգն է, որ պիտի կայանայ Դեկտեմբեր 19-ին:
Դեկտեմբերին պաշտօնապէս պէտք է աւարտի յանձնաժողովի գործունէութիւնը: Բնականաբար, շարք մը ձեռնարկներ կան, զորս պիտի շարունակենք 2016 թուականին:
Իբրեւ ամփոփում՝ ինչ հնարաւոր եղաւ յաջողցնել յանձնախումբի ձեռնարկներու շնորհիւ
Գանատայի մէջ չմնաց որեւէ վայր, թերթ, հեռուստակայան, որ չանդադարձաւ մեր ձեռնարկներուն:
Ապրիլ ամսուն ամէնուր էինք: Նախապէս, երբ Ապրիլ 24-ին ցոյց կը կազմակերպէինք, մենք կը հեռաձայնէինք լրատուամիջոցներուն եւ կը խնդրէինք, որ գան ու լուսաբանեն. շատ յաճախ չէին ալ գար: Այս տարի իրենք սկսան մեզ փնտռել եւ նիւթեր պատրաստել:
Սա ինքնին մեծ յաջողութիւն է, որուն արձագանգները լսուեցան ոչ միայն Գանատայլի մէջ, այլեւ անոր սահմաններէն դուրս:
Գանատայի մէջ մենք երեք վերապրող ունինք՝ 102, 104 եւ 106 տարեկան մամիկներ, որոնք յայտնուեցան լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին: Բոլորը կ’ուզէին զիրենք նկարահանել: Մենք անոնց մասին յատուկ տեսաֆիլմեր պատրաստած ենք:
Մեր յանձնախումբի անդամներէն մէկը յօդուած գրեց, որ արտատպուեցաւ «The guardian» պարբերականի մէջ: Այդ հրապարակման շնորհիւ հիմա այլ լրագրողներ եւ լրատուամիջոցներ կը հետաքրքրուուին Հայոց ցեղասպանութեամբ: Այս ամէնը շղթայի օղակներ են, որոնք յաջորդեցին մէկը միւսին:
Հռոմի պապ Ֆրանցիսկոս Երկրորդի յայտարարութիւնը ամէն ինչ արագացուց, դրաւ խոշորացոյցի տակ: Մենք կ’երթայինք մեր ճանապարհով, բայց Հռոմի պապի յայտարարութիւնը, Էրտողանի գործելաոճը մեր լաւագոյն դաշնակիցները դարձան:
Մենք Գանատայի մէջ շառաչիւն ապտակ հասցուցինք թուրք համայնքին, որ ամէն կերպ կը փորձէր խոչընդոտել մեր ձեռնարկները:
Մեր ժողովուրդի մէջ կրցանք բեկում մտցնել: Որ վերջ, ճանաչման գործընթացը վերջացաւ, պէտք է անցնինք հատուցման խնդիրին:
Ակամայէն Գանատայի մէջ դարձանք ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդներու առաջնորդը: Մեզի կը նային յարգանքով եւ ակնկալութեամբ, որովհետեւ ուժ տեսան, կազմակերպուած ուժ: Նոյնիսկ հրէա համայնքը, որ շատ կազմակերպուած է, հզօր, աւելի վաղ հաստատուած է Գանատայի մէջ, մեզի իբրեւ դաշնակից կը նայի, որովհետեւ տեսաւ, որ եթէ ցանկանք, կը ցնցենք:
Կիրառեցինք նաեւ նոր «զէնք» մը, որուն առաջին արձագանգը եղաւ Ապրիլ 24-ին: Երբ Թուրքիան կը շարունակէ ժխտողական քայլերն ու կ’ըսէ, որ Հայկական ցեղասպանութիւն չէ եղած, իսկ դուն կը պատասխանես, որ դուն իրագործած ես երեք ազգերու՝ ասորիներու, հայերու, պոնտացի յոյներու ցեղասպանութիւն, որ ուղղուած էր քրիստոնեաներու կամ փոքրամասնութիւններու դէմ եւ նպատակը զիրենք թրքացնելն էր, աւելի դժուար է այս մօտեցումը ժխտելը:
Այս մօտեցումը ինքնին շատ հզօր զէնք է: Եւ պէտք չէ կանգ առնենք:
Բոլոր այս ձեռնարկները նուաճումներ են, զորս կարելի է շօշափելի համարել: Ամէնէն կարեւորը, սակայն, այն է, որ պէտք է պահենք այս ամէնը, հետ քայլ չընենք: Գագաթը նուաճելէն ետք ստորոտ իջնելը մեծ սխալ կ’ըլլայ:
Լուսինէ Աբրահաման