«Երկիրը երկիր է». Սուրիահայ Սալբիին պատմութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/10/salbi-3.jpg)
Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական թաղամասի լահմաճոյանոցներէն մէկուն մէջ կին աշխատողի ներկայութիւնը անակնկալ էր այցելուներուն համար, ուստի Սալբի Ճապաղջուրեանին խենթ հայեացքով կը նայէին: Այնտեղի չգրուած օրէնքներուն համաձայն` կինը պէտք է դաստիարակէր երեխաները եւ հոգար տնային հոգերը: Սակայն Սալբին որո՞ւն բացատրէր, որ սրտի հիւանդութեամբ տառապող ամուսնուն օգնելու նպատակով հարկադրուած է համատեղել ընտանիքն ու աշխատանքը:
-Ողջ Հալէպի մէջ միակ կինն էի, որ կ’աշխատէի ամուսնուս հետ: Գոքորը առաւօտեան ժամը 6-էն կ’աշխատէր, ես` ժամը 9-էն: Սկիզբը ընկերուհիներս ծուռ հայեացքով կը նայէին ինծի, կ’ըսէին` ի՞նչ գործ ունիս, տունը նստիր, ճաշդ եփէ ու փոքրիկներդ նայիր: Սակայն ոեւէ մէկը չէր գիտեր ամուսնուս հիւանդութեան մասին, որ անոր օգնելու համար ես կ’աշխատիմ: Բայց կրցայ յաղթահարել ինծի համար անկարեւոր այդ խօսակցութիւնները: Հետզհետէ ընկերուհիներս սկսան քաջալերել զիս, գովել, կը զարմանային, թե ես ինչպէս գործարար տղամարդոց հետ կը քննարկեմ գործարարութեան հարցերը, որոնք քրոջ պէս կը վերաբերէին հետս, քանի որ իրենք ալ հասկցան, որ եթէ Գրիգորի կինը կ’աշխատի, ուրեմն այդպէս պէտք է, –womennet.am-ին կը պատմէ Սալբին:
Գործունեայ, աշխատասէր ու կենսախինդ Սալբիին համար փուռին մէջ աշխատիլը իրօք դժուար էր, ըսես կը կորչէին կանացի փափկութիւնն ու քնքշութիւնը: Սակայն, անտեսելով այդ ամէնը, ինչպէս ինք կ’ըսէ, «Կ’երթար հոսանքին հակառակ»: Վաղ առաւօտեան որդին ու դուստրը դպրոց ճանապարհելէն, կերակուր պատրաստելէն ու տունը կարգաւորելէն յետոյ Սալբին կը շտապէր լահմաճոյանոց, ուր լահմաճոյի որակն ու համը պահպանելու համար արագաշարժ ու հմուտ վարպետի ձեռքեր հարկաւոր էին: Ահա թէ ինչու Գրիգոր եւ Սալբի Ճապաղջուրեաններու պատրաստած լահմաճոն այնքան յայտնի ու պահանջուած էր ողջ Հալէպի մէջ:
Պատերազմը սկսելէ յետոյ Ճապաղջուրեաններու ընտանիքը բազմաթիւ սուրիահայերու նման հարկադրուած էր գաղթելու Հայաստան: 2012 թուականին Սալբիի որդին` Կայծակը կու գայ Հայաստան կամաւոր աշխատանքի անցած քրոջը`Մեղրիին այցելութեան: Իսկ երբ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը ալ աւելի կը սրուի, անոնց կը միանան նաեւ ծնողները: Շուրջ 6 ամիս անգործ մնալէ յետոյ ընտանիքը որոշեց վերսկսիլ նախկին գործը: Անծանօթ միջավայրի ցանկութիւնները ուսումնասիրելէ յետոյ ամուսինները համոզուեցան, որ իրենց պատրաստած լահմաճոներուն հանդէպ պահանջարկը նոյնն է, ինչ Հալէպի մէջ: Որոշ ժամանակ Խորենացի փողոցի վրայ աշխատելէ յետոյ Նալբանդեան փողոցի մէջ, շէնքերէն մէկուն ներքնայարկին մէջ հիմնովին հաստատուեցան:
Ահա, արդէն երկու տարի է, որ Նալբանդեան 5 հասցէ կը շտապեն իւրայատուկ համով լահմաճօ գերադասողները: Այդ գողտրիկ ու հաճելի լահմաճոյանոցը գրաւիչ դարձած է նաեւ իր առանձնայատուկ կոչ- գովազդով` «Երկիրը երկիր է»:
-Երբ եկանք ու որոշեցինք գործ սկսիլ, մեզի յաճախ կ’ըսէին` ինչու՞ կը մնաք այստեղ, ի՞նչ կայ այստեղ, այս երկիրը երկիր չէ եւ այլն: Ու երբ տեղաւորուեցանք, զաւակներս երեկոները զրուցելնուս կ’ըսէին. այս մարդիկ ինչո՞ւ դժգոհ են այս երկրէն, ի՞նչը պակաս է, ամեն ինչ գեղեցիկ, մաքուր է, երկինքը ջինջ ու կապոյտ է, աշխատողը կ’ապրի: Մենք կը սիրենք մեր հայրենիքը: Ու որոշեցինք մեր այս պանդոկի պատին փակցնել` «Երկիրը երկիր է» գրութիւն ըսեմ, թէ կոչը,- կը պատմէ Սալբին:
Անոր համոզմամբ մարդիկ կը սիրեն խառնուիլ ուրիշներու գործերուն, մինչդեռ ամէն մեկը իր գործը պիտի ընէ: Սալբիի գործը լահմաճօ պատրաստելն է, ու ան կ’աշխատի իր գործը սիրով ու նուիրումով ընել: Սուրիոյ մէջ մշտապէս ապրած է ապագայով, զանազան ծրագիրներ ու երազանքներ կազմելով, եւ ի՞նչ կատարուեցաւ: «Ո՞վ գիտէր, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմ կ’ըլլայ ու մարդիկ տնաւեր կը դառնան, կամ որ կը կորսնցնեմ ամուսնուս: Այսօր ես կ’ապրիմ Հայաստանի մէջ ու կը վայելեմ կեանքս ու երկիրս»:
Հայաստան կը սիրեմ ու այստեղէն հեռանալու մտադրութիւն չունի նաեւ Սալբիի որդին` 27-ամեայ Կայծակը, որ 13 տարեկանէն աշխատած է հօր լահմաճոյանոցին մէջ եւ արդէն այդ գործի կատարեալ վարպետն է: Կայծակի համոզմամբ մարդը պէտք է յարմարի որեւէ իրավիճակի, կարենայ յաղթահարել դժուարութիւնները, համամիտ է մօր հետ, այո, պէտք է ապրիլ ներկայով, իսկ ապագան` ժամանակը ցոյց կու տայ:
«Կ’ուզեմ նաեւ ընտանիք կազմել, սակայն ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ երբ կը ստացուի: Հիմա կը զբաղիմ գործով: Ինծի կը հարցնեն, այստեղի՞ աղջիկները լաւ են, թէ՞ Սուրիոյ: Կ’ուզեմ ըսել, որ այստեղի ու այնտեղի աղջիկներուն միջեւ տարբերութիւն չկայ, 21-րդ դարն է, աշխարհ մէկ կտոր եղած է»,- կ’ըսէ Կայծակ:
Հայաստանէն հեռանալու մասին չի մտածեր, իսկ ու՞ր եւ ինչու՞ հեռանալ, երբ այստեղ իրենց տունն ու աշխատանքը ունին, ընկերներ ու հիանալի ծանօթներ: Անգամ, եթե Սուրիոյ մէջ պատերազմը աւարտի, դարձեալ չեն երթար: Հայաստան իրենց հայրենիքն է, այստեղ է հօր գերեզմանը, իրենց ապագան ու առհասարակ` կեանքը:
Անոյշ Ներսիսեան