Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած խաչքար Արժանթինի մէջ
Հոկտեմբեր 10-ին Պուէնոս Այրէսի Վիսենթէ Լոփես քաղաքին մէջ, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, խաչքար տեղադրուած է: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Արժանթինի մէջ իր աղբիւրներէն: Նախաձեռնողները Վիսենթէ Լոփեսի մէջ ապրող հայերն են, որոնց աջակցած է տեղի քաղաքապետարանը:
Խաչքարի բացման արարողութեան ներկայ եղած են Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան, երեսփոխաններ, համայնքային ներկայացուցիչներ եւ աշակերտներ: Խաչքարի օրհնութեան կարգը կատարած է Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան:
Ելոյթ ունեցած են Վիսենթէ Լոփեսի հայ համայնքի վարչութեան ատենապետ Ճորճ Թոսունեան եւ քաղաքապետ Ճորճ Մաքրին: Ընթերցուած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական նամակը:
Հանդիսութեան գեղարուեստական մասին մէջ ելոյթ ունեցած են երգչուհիներ Ալինը եւ Թալինը, «Նայիրի» պարախումբը:
Հանդիսութեան աւարտին Օֆելեայ Դերձակեան հայ համայնքին կողմէ Վիսենթէ Լոփեսի քաղաքապետին յուշատախտակ յանձնած է: