Հայաստանի ժողովուրդը գրկաբաց կ՚ընդունի իր հայրենակիցները՝ մանաւա՛նդ Սփիւռքի նախարարութիւնը. Ռազմիկ Փանոսեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Նոր Յառաջ»-ի հարցազրոյցը «Կիւլպէնկեան» ՀԻՄՆԱՐԿութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն
Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ

«Նոր Յա­ռաջ» – Տա­րի մը առաջ ձե­զի հետ տե­սակ­ցութեան ըն­թացքին ներ­կա­յացու­ցիքձեր տնօ­րէն նշա­նակուելէն ի վեր «Կիւլպէն­կեան» Հիմնարկու­թեան գոր­ծունէու­թեան հա­շուեկ­շի­ռը՝ մշա­կուած հնգամեայ ծրագ­րի ծի­րէն ներս։ Այ­սօր ի՞նչ ըն­թացքի մէջ կըգտնուին այդ աշ­խա­տանքնե­րը եւ որո՞նք են ապա­գայի հե­ռան­կարնե­րը։
Ռազ­միկ Փա­նոսեան

– Ան­ցեալ ան­գամ խօ­սեցանք սկզբնա­կան ժա­մանա­կաշրջա­նի մեր ծրա­գրե­րու մա­սին։ Այժմ կրնամ ներ­կա­յաց­նել անցնող մէկ տա­րուան ըն­թացքին իրա­գոր­ծուած աշ­խա­տանքնե­րը։ Ան­շուշտ 2015-ը իւ­րա­յատուկ տա­րի մըն էր հայ­կա­կան աշ­խարհին մէջ եւ չնա­յած որ մենք այդ առու­մով քա­ղաքա­կան հար­ցե­րով չզբա­ղեցանք, բայց ներդրում ու­նե­ցանք մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկնե­րու մէջ, հո­վանա­ւորե­լով երեք մեծ հա­մերգներ այն քա­ղաք­նե­րուն մէջ, որոնք մօտ էին Գա­լուստ Կիւլպէն­կեանին՝ Լոն­տոն, Փա­րիզ եւ Պո­լիս։ Աւելցնեմ թէ Պոլ­սոյ մէջ օժան­դա­կեցինք նաեւ քա­նի մը ցու­ցա­հան­դէսնե­րու կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տանքնե­րուն, որ­պէսզի հոն շեշ­տուի հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ներ­կա­յու­թիւնը։ Ու­րա­խու­թեամբ նշեմ, թէ այս տա­րի Հա­յաս­տա­նի մէջ Փոր­թուկա­լի դես­պա­նը (նստա­վայ­րը՝ Մոս­կուա) Ապ­րիլ 24-ին Երե­ւան այ­ցե­լեց եւ մաս­նակցե­ցաւ Ծի­ծեռ­նա­կաբեր­դի Յու­շա­համա­լիրին մէջ կա­յացած ոգե­կոչ­ման արա­րողու­թեան՝ իր յար­գանքի տուրքը մա­տու­ցա­նելով նա­հատակ­նե­րու յի­շատա­կին։

Ամ­փո­փելով մեր միամեայ գոր­ծունէու­թեան ար­դիւնքնե­րը կրնամ ըսել թէ շեշ­տը դրուեցաւ կա­րեւոր նպա­տակ­նե­րու իրա­գործման վրայ։ Առա­ջինը կը վե­րաբե­րի Սփիւռքի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու ծրագ­րա­ւոր­ման ար­դիակա­նաց­ման հար­ցին։ Անի Կար­մի­րեանի միջոցաւ այդ ուղղու­թեամբ բա­ւական աշ­խա­տանք տա­րուած է։ Մենք սկսանք Լի­բանա­նով, ուր մեծ թիւ կը կազ­մեն հայ­կա­կան դպրոց­նե­րը եւ մաս­նա­գէտ­նե­րէ բաղ­կա­ցած յանձնա­խումբի մը շնոր­հիւ սկսանք յստա­կաց­նել դպրոց­նե­րու կա­րիք­նե­րուն սահ­մա­նը, որ­պէսզի այդ պէտ­քե­րու հի­ման վրայ կա­րողա­նանք ապա­գային ծրա­գիր­ներ մշա­կել եւ օժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բերել։ Նոյն սկզբունքը որ­դեգրե­ցինք նաեւ Պոլ­սոյ եւ Ֆրան­սա­յի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու պա­րագա­յին, ուր նոյնպէս կեան­քի կո­չուած յա­տուկ յանձնա­խումբե­րը կ՚աշ­խա­տին այդ ուղղու­թեամբ։ Յայտնեմ, թէ մենք կը զբա­ղինք նաեւ Եւ­րո­պական այլ հա­յաշատ քա­ղաք­նե­րու դպրոց­նե­րու հար­ցե­րով, բայց կո­րիզը Ֆրան­սա պի­տի գտնուի, որով­հե­տեւ այդ գա­ղու­թին մէջ աւե­լի մեծ թի­ւով դպրոց­ներ գո­յու­թիւն ու­նին։
Հարկ է ընդգծել, թէ վե­րոն­շեալ երեք եր­կիրնե­րու Հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու ար­դիակա­նացու­մը կ՚ընդգրկէ ման­կա­վար­ժա­կան եւ մեթոտաբանութեան մար­զե­րը։ Ման­կա­վար­ժութեան ծի­րէն ներս պէտք է յի­շեմ կա­րեւոր գի­տաժողովը որ կազ­մա­կեր­պե­ցինք ԻՆԱԼՔՕ-ի հետ Սեպ­տեմբե­ր 21-22-ին որուն քիչ ետք պի­տի անդրա­դառ­նամ։

Իսկ մեր նպա­տակ­նե­րու երկրորդ բա­ժինը կ՚առընչուի մաս­նա­գիտա­ցու­մի դաշ­տին, ուր կը փա­փաքինք որ հա­յերէն լե­զուն եւ ար­դիական մաս­նա­գիտա­ցու­մը զու­գա­հեռ ըն­թացքով յա­ռաջա­նան։
Կ՚ու­զեմ նշել, թէ բա­ւական մեծ յա­ջողու­թիւն գտաւ մեր կող­մէ առա­ջադ­րուած «Վի­քիփե­տիա»յի արեւմտահայե­րէնով ծրա­գիրը, որ դար­ձեալ սկսանք Լի­բանա­նի հա­յաշատ գա­ղու­թէն եւ կ՚ու­զենք նմա­նօրի­նակ տարեկան բա­նակումներ կազ­մա­կեր­պել այլ շրջան­նե­րու մէջ եւս, որով­հե­տեւ երի­տասարդնե­րը այդ ծրագ­րով ո՛չ միայն արեւմտահայե­րէնով կ՚ար­տա­յայ­տուին եւ նիւ­թե­րը ընտրե­լու ազա­տու­թիւնը ու­նին, այ­լեւ կա­րելիու­թիւնը կ՚ու­նե­նան աշ­խարհով մէկ իրա­րու հետ կապ հաս­տա­տելու եւ ընդհա­նուր ցանց մը գո­յաց­նելու։

Անցնող տա­րուան ըն­թացքին Հա­յաս­տա­նի մէջ մաս­նա­գիտա­կան ժո­ղով մը գու­մա­րեցինք «Թու­մօ» կազ­մա­կեր­պութեան հետ, որուն մաս­նակցե­ցան ճար­տա­րագի­տու­թեան ու լե­զուի փոր­ձա­գէտ­ներ, քննար­կե­լով այն միջոցնե­րը որոնք լե­զուն ա­ւելի կը մօ­տեց­նեն ճար­տա­րագի­տու­թեան։ Օրի­նակի հա­մար ինչպէ՞ս կա­րելի է մշա­կել արեւմտա­հայե­րէնի ուղղագ­րութիւ­նը ստու­գող ծրա­գիր մը (spell checker), ար­դի հե­ռաձայն­նե­րու եւ հա­մակար­գիչնե­րու մէջ զե­տեղե­լու հա­մար։ Սոյն ժո­ղովին ներ­կայ 30-35 մաս­նա­գէտ­նե­րը դի­տել տուին թէ հոն հաս­նե­լու հա­մար նախ պէտք է արեւմտահայե­րէնով գրու­թիւննե­րու մար­մին (corpus) մը ստեղ­ծել (արե­ւելա­հայե­րէնով ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նի)։ Այդ առու­մով յա­ջորդ շա­բաթ­նե­րու ըն­թացքին մրցում մը պի­տի յայ­տա­րարենք, որ­պէսզի ներ­կա­յացուած առա­ջարկնե­րէն լա­ւագոյ­նը ընտրե­լով նախ մար­մինը (corpus) հիմ­նուի, յե­տոյ ստեղ­ծուին այնպի­սի գոր­ծիքներ, որոնց միջոցով կա­րելի ըլ­լայ արեւմտահայե­րէնի ուղղագ­րութեան սրբագ­րիչ մը եւ քե­րակա­նու­թիւնը ստու­գող սարք մը գո­յաց­նել։ Ան­շուշտ նման ծրագ­րի մը գոր­ծադրու­թիւնը եր­կար ժա­մանակ կը պա­հան­ջէ։ Ըսեմ որ նման ծրա­գր­եր հա­ւանա­բար կան «շու­կա­յի» վրայ, սա­կայն անոնցմէ որե­ւէ մէ­կը այն մա­կար­դա­կին չէ հա­սած որ­պէսզի կա­րելի ըլ­լայ զայն ար­դի հե­ռաձայ­նի (smartphone) վրայ բեռ­նել (download), հե­տեւա­բար այդ ծրա­գիրը պէտք է հարստաց­նել, ճո­խաց­նել եւ բա­րելա­ւել։ Գի­տէք սոյն ծրա­գիր­նե­րը իրա­գոր­ծե­լէ թե­րեւս մէկ-եր­կու տա­րի ետք կրնանք ըսել թէ «Կիւլպէն­կեան»ի միջոցաւ իւ­րա­քան­չիւր հե­ռաձայն հա­յերէ­նով ուղղագ­րա­կան սրբագ­րիչ (spell check) մը ու­նի։ Մեր նպա­տակը հոն հաս­նիլն է։

Դպրո­ցական ծրա­գր­ե­րու կա­պակ­ցութեամբ նա­խատե­սած էինք նո­րագոյն տե­սալ­սո­ղական մեթոտներով դաս­տիարակ­չա­կան խա­ղեր ստեղ­ծել երա­խանե­րու հա­մար, զորս ու­սուցիչ­նե­րը եւս կա­րե­նան օգ­տա­գոր­ծել հա­յերէ­նի դա­սըն­թացքնե­րու ժա­մանակ։ Այդ խա­ղերէն քա­նի մը հա­տը ար­դէն լոյս տե­սած են եւ մնացեալներն ալ մինչեւ տա­րեվերջ կը հրա­տարա­կուին։ Լա­ւագոյննե­րը մեր կայ­քէ­ջին վրայ պի­տի զե­տեղենք։ Նաեւ առ­ցանց գրա­կան աշ­խա­տանոց մը մէջ­տեղ բե­րելու ծրա­գիր մշա­կած ենք, որու միջոցաւ զա­նազան մար­դիկ պի­տի կա­րենան հա­մացան­ցով հա­յերէ­նով գրել ու ստեղ­ծա­գոր­ծել։

Սկսած ենք նաեւ Մխի­թարեան­նե­րու հան­դէսնե­րու հա­ւաքա­ծոյի թուայ­նացման գոր­ծընթա­ցը, ան­շուշտ իրենց հետ մօ­տէն գոր­ծակցե­լով եւ աշ­խա­տելով մաս­նա­գէտ­նե­րու խմբա­կի մը հետ։ Բա­ցի այդ, թարգմա­նու­թեան ծրա­գիր մը մշա­կելու աշ­խա­տանքն ալ ըն­թացքի մէջ է, որու միջոցով կա­րելիու­թիւնը պի­տի ու­նե­նանք օտար գիր­քերն ու բնա­գիր­նե­րը հա­յերէ­նի թարգմա­նել, որ­պէսզի մա­նաւա՛նդ Հա­յաս­տա­նի մէջ գիտ­նա­կան­նե­րուն եւ ու­սա­նող­նե­րուն հա­մար առ­նուազն 19րդ դա­րու վեր­ջա­ւորու­թեան եւ 20րդ դա­րու սկիզ­բի դա­սական գրա­կանու­թիւնը (առա­ւել՝ ըն­կե­րաբա­նական տե­սաբա­նական նիւ­թե­րը) մատ­չե­լի ըլ­լայ եւ կար­դա­ցուի։ Այժմ գիր­քե­րու ցան­կը կը պատ­րաստուի։ Աւելցնեմ, թէ կը փա­փաքինք նաեւ օտար գրա­կանու­թիւնն ալ հա­յերէ­նի թարգմա­նելու ծրա­գիր մը մշա­կել։ Մօտ ապա­գային կը հրա­պարա­կուի թարգմա­նու­թեան յանձնա­խումբին մաս կազ­մող մաս­նա­գէտ­նե­րու անուանա­ցան­կը։

Հոս կ՚ու­զեմ անդրա­դառ­նալ հե­տեւեալ հար­ցին։ Հա­յաս­տա­նէն մեզի ներ­կա­յացուած ծրա­գր­ե­րը ար­հեստա­գիտա­կան տե­սան­կիւնէն շատ լաւ էին։ Սա­կայն լե­զուա­կան բա­ժինը՝ մա­նաւա՛նդ արեւմտահայե­րէնի պա­րագա­յին բա­րելաւ­ման կա­րիք ու­նի, որով­հե­տեւ լե­զուն նոյնքան կա­րեւո­րու­թիւն ու­նի որ­քան թէք­նիք բա­ժինը։ Արեւմտահայե­րէնը ո՛չ միայն պէտք է հասկնալ այլ նաեւ հո­գեպէս ապ­րիլ։ Յե­տագա­յին շեշ­տը պի­տի դրուի յատ­կա­պէս այս կէ­տին վրայ։
Մեր կող­մէ աշ­խա­տանք կը տա­րուի որ­պէսզի ստեղ­ծուի «Նոր Յա­ռաջ»-ի հա­յերէն եւ անգլե­րէն լե­զու­նե­րով կայ­քէ­ջը, ինչպէս ըրած ենք Պոլ­սոյ «Ժա­մանակ» օրա­թեր­թի պա­րագա­յին։ Այս առու­մով կ՚օժան­դա­կենք նաեւ «Յու­շա­մատեան»-ին՝ հոն զետեղուած նիւ­թե­րու թրքե­րէն թարգմա­նու­թեան եւ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու հետ կապ հաս­տա­տելու տե­սան­կիւնէն։

Ար­դէն ձեր ըն­թերցող­նե­րը ծա­նօթ են որ «Կիւլպէն­կեան»ի մաս­նակցու­թեամբ Փա­րիզի մէջ անցնող օրե­րուն կազ­մա­կեր­պուեցաւ Գրի­գոր Պըլ­տեանի նուիրուած միջազգային գի­տաժո­ղովը (Տե՛ս. «ՆՅ»ի Սեպ­տեմբեր 22-ի թի­ւը), նկա­տի ու­նե­նալով որ վեր­ջինս արեւմտա­հայ ժա­մանա­կակից գրա­կանու­թեան մեծագոյն ներ­կա­յացու­ցիչն է։ Ատոր յա­ջոր­դեց Սփիւռքի դպրոց­նե­րուն հա­մար «Դաս­տիարակ­չա­կան նո­րարա­րու­թիւններ» խո­րագ­րով 21րդ դա­րուն արեւմտահայե­րէնի դա­սաւանդման մար­տահրա­ւէր­նե­րուն նուիրուած եր­կօ­րեայ գի­տաժո­ղովը (Սեպ­տեմբեր 21-22-ին), կազ­մա­կեր­պուած մեր հաս­տա­տու­թեան կող­մէ, ԻՆԱԼՔՕ-ի մաս­նակցու­թեամբ։ 35 մաս­նա­գէտ­ներ 13 եր­կիրնե­րէ եւ շուրջ 60 ունկնդիր­ներ ներ­կայ էին, առա­ւել՝ գի­տաժո­ղովին կա­րեւո­րու­թիւնը ընդգծե­լու հա­մար Կիւլպէն­կեանի հո­գաբար­ձու մարմնի ան­դամ Մար­թին Եսայեան բաց­ման խօս­քը կա­տարե­լէ ետք քննար­կումնե­րուն մաս­նակցե­ցաւ եր­կու օրե­րու ըն­թացքին։ Մենք մաս­նա­ւորա­պէս կ՚ու­զենք քա­ջալե­րել նո­րարա­րու­թեանց մուտքը հայ­կա­կան կրթա­կան աշ­խարհին մէջ։ Կը յու­սանք որ այս ժո­ղովը շօ­շափե­լի եւ յստակ առա­ջարկներ կը ներ­կա­յաց­նէ, որ­պէսզի խօս­քէն ետք այ­լեւս գոր­ծի անցնինք։ Գի­տէք որ մեր ամենէն մեծ խնդի­րը այ­սօր արեւմտա­հայե­րէնի նա­հանջն է եւ հարկ է հրա­տապ լու­ծումներ գտնել։ Մէկ բան պէտք է մար­դոց մտքին մէջ յստակ ըլ­լայ որ «Կիւլպէն­կեան» հաս­տա­տու­թիւնը ներ­կա­յացուած ծրա­գր­ե­րը – յար­մար նկա­տելու պա­րագա­յին – կը ֆի­նան­սա­ւորէ, որ­պէսզի գոր­ծադրուին, բայց ատոր հա­մար հրա­մայա­կան է մաս­նա­գէտ­նե­րու աշ­խոյժ մաս­նակցու­թիւնը, որոնք պէտք է փոր­ձեն, աշ­խա­տին եւ առա­ջարկ ու ծրա­գիր ներ­կա­յաց­նեն։
Յայտնեմ նաեւ որ այ­սօր մեր հաս­տա­տու­թեան հա­յագի­տական բա­ժան­մունքը ար­դէն ու­նի իր ամ­բողջա­կան եօթը հո­գինոց կազ­մը, որ կը հա­մադ­րէ այս բո­լոր աշ­խա­տանքնե­րը։

Ան­շուշտ մեր միւս աշ­խա­տանքնե­րը կը շա­րու­նա­կուին. այսպէս, մէկ միլիոն եւ­րո­յի հա­մար­ժէ­քով կրթա­թոշակ­ներ, հրա­տարա­կու­թիւննե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­յին ոչ կա­ռավա­րական եւ քա­ղաքա­ցիական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու աջակ­ցութիւն ցու­ցա­բերե­լով։

«ՆՅ» – Հա­յաս­տա­նի մէջ Սու­րիա­հա­յերու կա­ցու­թիւնը հա­յաշ­խար­հի հրա­տապ հար­ցը կը նկա­տուի։ Ինչպէ՞ս կը հա­մակար­գէք պա­տե­րազ­մէն տու­ժած մեր հայ­րե­նակից­նե­րու օժան­դա­կու­թեան հար­ցը։

Ռ.Փ– Զա­նազան ձե­ւերով կ՚օգ­նենք Սու­րիահա­յերուն։ Ար­դէն ան­ցեալ տա­րուը­նէ ի վեր կը մաս­նակցինք Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած ու­սա­նող­նե­րու կրթա­թոշակ­նե­րու ծախ­սե­րուն։ Նաեւ նա­խան­ձախնդիր ենք Սու­րիահա­յերու կող­մէ արե­ւելա­հայե­րէնի իւ­րացման կող­քին անոնց արեւմտա­հայե­րէնի գի­տու­թեան պահ­պա­նու­մին Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Սփիւռքի մէջ մենք դէմ առ դէմ կը գտնուինք լե­զուա­կան ձու­լումի հար­ցին եւ կը փոր­ձենք լու­ծումներ գտնել։ Օրի­նակ Ֆրան­սա­հայը երբ ֆրան­սե­րէն կը խօ­սի մենք զա­նոնք հա­յերէն լե­զուին մօ­տեց­նե­լու ճամ­բա­ներ կ՚որո­նենք։ Բայց նոյն օրի­նակով կա­րելի չէ մօ­տենալ Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած Սու­րիահա­յերուն, քա­նի որ հոն լե­զուն հա­յերէն է, արե­ւելա­հայե­րէն։ Ար­դեօք հոն նոյն ձե­ւով կրնա՞նք խօ­սիլ լե­զուա­կան ձու­լումի մա­սին…։ Ըստ իս բնա­կանա­բար՝ ո՛չ։ Հե­տեւա­բար պէտք է խոր­հիլ թէ ի՞նչ կա­րելի է ընել որ­պէսզի արեւմտա­հայե­րէնը մնայ Սու­րիահա­յու­թեան լե­զուն ու զար­գա­նայ, հար­կաւ՝ արե­ւելա­հայե­րէնին զու­գա­հեռ։ Հա­յաս­տա­նի մէջ սու­րիահայ երի­տասարդնե­րը կ՚ու­զեն ան­մի­ջապէս արե­ւելա­հայե­րէն խօ­սիլ որ­պէսզի չզա­նազա­նուին եւ նմա­նին միւսնե­րուն։ Ար­դէն որոշ միջոցնե­րու ձեռ­նարկած ենք, բայց վերջնա­կան ար­դիւնքը ժա­մանա­կի կը կա­րօտի։

«ՆՅ» – Այլ խօս­քով Սու­րիահա­յու­թիւնը հայ­կա­կան միջավայ­րի մէջ ըլ­լա­լով պէտք չէհրա­ժարի արեւմտահայե­րէնէն։ Միաժա­մա­նակ ատի­կա կ՚են­թադրէ որ պե­տու­թիւնըպէտք է քա­ղաքա­կան կամք ցու­ցա­բերէ եւ կա­րենայ դպրո­ցական ծրա­գրե­րու մէջընդգրկել արեւմտահայե­րէնի ու­սուցու­մը։ Ի՞նչ կար­ծիք ու­նիք այս հար­ցին կա­պակ­ցութեամբ։

Ռ.Փ. – Պէտք է ըսել որ ժո­ղովուրդը ընդհան­րա­պէս գրկա­բաց կ՚ըն­դունի իր հայ­րե­նակից­նե­րը եւ մա­նաւա՛նդ Սփիւռքի նա­խարա­րու­թիւնը կը փոր­ձէ անոնց հար­ցե­րուն լու­ծումներ գտնել։ Սա­կայն այս բո­լորէն առաջ, նախ պէտք է փո­խուի ա՛յն մար­դոց մտայ­նութիւ­նը որոնց հա­մաձայն արեւմտահայե­րէնը հա­յերէն չէ…, իսկ ատոր հա­մար հրա­մայա­կան են պե­տական միջոցնե­րը եւ պե­տու­թեան երաշ­խի­քը։ Օրի­նակ հե­տեւե­լով Սփիւռքի նա­խարա­րու­թեան կայ­քէ­ջի օրի­նակին, այլ նա­խարա­րու­թիւններ ալ կրնան արեւմտա­հայե­րէնը ընդգրկել իրենց ցան­ցին մէջ, ինչպէս Ար­դա­րադա­տու­թեան կամ Ֆի­նանսնե­րու նա­խարա­րու­թիւնները, որոնց կայ­քէ­ջերէն տե­ղեկու­թիւններ կը քա­ղեն Սու­րիահա­յերը։

«ՆՅ» – Ի՞նչ կ՚ըսէիք «2115» ծրագ­րին կա­պակ­ցութեամբ։


Ռ.Փ. –
 Զե­կոյ­ցը շու­տով լոյս պի­տի տես­նէ։ Եր­կու ծրա­գր­եր որոնք մէջ­բե­րուե­ցան ժո­ղովին ըն­թացքին ար­դէն իրա­գոր­ծուեցան. առա­ջինը՝ ճար­տա­րագի­տու­թիւնը եւ հա­յերէ­նի մեր­ձե­ցու­մը Թու­մո­յի հետ կազ­մա­կեր­պուած ժո­ղովին նիւթն էր եւ երկրոր­դը՝ Սեպ­տեմբեր 21-22-ին «Դաս­տիարակ­չա­կան նո­րարա­րու­թիւններ»ուն նուիրուած գի­տաժո­ղովը, որ կը վե­րաբե­րի արեւմտահայե­րէնի ու­սուցման ար­դիակա­նաց­ման հար­ցին։

«ՆՅ» – Ան­ցեալ տա­րի Փոր­թուկա­լի մէջ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին շա­բաթ մը կազ­մա­կեր­պուեցաւ։ Ար­դեօք այդ ծրա­գիրը շա­րու­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նա՞յ։
Ռ.Փ. – Այդ ծրա­գիրը եր­կա­մեայ բնոյթ պի­տի կրէ, որով­հե­տեւ հսկա­յական աշ­խա­տանք մըն է։ Հե­տեւա­բար 2016 Յու­նիս-Յու­լիս ամիսնե­րուն դար­ձեալ պի­տի կազ­մա­կեր­պենք մշա­կու­թա­յին շաբաթ մը, որ նա­խոր­դէն քիչ մը տար­բեր պի­տի ըլ­լայ։ Ձեռ­նարկը պի­տի կա­յանայ «Կիւլպէն­կեան»ի պար­տէզնե­րուն մէջ եւ շեշ­տը պի­տի դրուի երի­տասար­դութեան եւ նո­րագոյն մշա­կոյթնե­րու վրայ, ուր հան­րութեան պի­տի ներ­կա­յացուին հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի տար­բեր երես­նե­րը (երաժշտու­թիւն, գրա­կանու­թիւն, դա­սական պար, սի­նեմա, ին­չու չէ նաեւ հայ­կա­կան ճա­շատե­սակ­ներ, եւայլն)։

«Կիւլպէն­կեան»ը որ­պէս Սփիւռքի մէջ հիմ­նուած կազ­մա­կեր­պութիւն, ամէն ջանք կը թա­փէ որ­պէսզի Սփիւռքը կա­րենայ իր ինքնու­թիւնը պահ­պա­նել։ Այս է մեր գե­րագոյն նպատակը։

Scroll Up