«Մեր Աշխատանքին Նպատակը Հայաստանին Ու Արցախին Օգտակար Ըլլալն Է».Մուրատ Աքիւզ

Գերմանիոյ հայ գործարարներու միութեան նախագահ Մուրատ Աքիւզը «Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին կը ներկայացնէ միութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները, որոնք մեծաւմասամբ ուղղուած են Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր ոլորտներու զարգացման: Միութեան «դիտակէտէն» չեն վրիպած նաեւ Գերմանիոյ հայ համայնքէն ներս առկայ խնդիրները:

Պարո՛ն Աքիւզ, ե՞րբ  ստեղծուած է Գերմանիոյ հայ գործարարներու միութիւնը, ո՞րն է միութեան գործունէութեան հիմնական նպատակը:

-Տասնվեց տարի առաջ որոշեցինք ստեղծել միութիւն, որն ազգօգուտ աշխատանքներ կատարելու համար կը համախմբէր Գերմանիոյ եւ առհասարակ` օտար երկիրներու մէջ ապրող հայ գործարարներուն: Միութեան ստեղծումէն  քանի մը տարի յետոյ մարդիկ հասկցան, որ այն յոյժ կարեւոր, ժամանակի հրամայականով ստեղծուած կառոյց է:

Միութիւնը ունի «Արմէն Տէրտէրեան» հիմնադրամը, որուն շնորհիւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ընկերային, կրթական, առողջապահական եւ այլ բնոյթի ծրագիրներ կ’իրականացնենք: Մեր աշխատանքին նպատակը Հայաստանին ու Արցախին օգտակար ըլլալն է:

 Ուշադրութեան կեդրոնին մէջ առողջական խնդիրներ ունեցող երեխաներու բուժման, հիւանդանոցներու, համաբուժարաններու, մանկապարտէզներու, դպրոցներու կառուցման կամ վերանորոգման հարցերն են: Բժշկական ծրագիրները կը կատարենք մեր լուսահոգի ընկերներէն մէկուն յիշատակին, որուն հետ շուրջ 20 տարի բարեկամաբար աշխատած ենք:

Անցեալին կը համագործակցէինք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հետ, այժմ, սակայն, ինքնուրոյն  ծրագիրներ կ’իրականացնենք, թէեւ հիմա ալ կը մասնակցինք հիմնադրամի ամէնամեայ դրամահաւաքին:

Տարուան կտրուածքով հաստատուած պիւտճէ ունինք, եւ միութեան վարչակազմով կը քննարկենք, թէ տուեալ գումարն ինչ նպատակի ծառայեցնել: Գումարին մէկ մասով Հայաստանի մէջ  ծրագիրներ կ’իրականացնենք, իսկ միւս մասով` Գերմանիոյ հայ համայնքին  տարբեր հարցրերով կ’օգնենք:

Բոլոր աշխատանքները կատարած ենք Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատան հետ համագործակցելով: Հայաստանի մէջ կը համագործակցինք նաեւ ԵՊՀ աստուածաբանութեան բաժանմունքի տնօրէն Տէր Անոյշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեանի հետ, որ ժամանակին Գերմանիոյ մէջ  ուսանած է: Ան մեզի համար վստահելի գործընկեր է:

Վարչութեան ատենապետին եւ փոխատենապետին հետ որոշեցինք յետագային գործերն առաջ տանելու համար նոր գաղափարներ մտածել: Իբրեւ արդիւնք Քեոլն քաղաքին մէջ վարկային պայմաններով շէնք գնեցինք, որուն սենեակները վարձով կու տանք գերմանացի 6 ընտանիքներու: Այդ շէնքը մեզի տարեկան 120.000 եւրոյի եկամուտ կը բերէ, որն ալ կ’օգնէ մեր աշխատանքները համակարգելուն:

Հայաստան այցելութիւնը բարեգործական հերթական ծրագիրն իրականացնելու հե՞տ  կապուած էր:

-Այո՛: Մարտ 3-ին Երեւանի թիւ 1 համաբուժարանի վերանորոգուած շէնքի բացումը կատարեցինք` կեանքի կոչելով եւս  մէկ բարի գործ: Բացման արարողութեան կը մասնակցէր նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Վերջերս փոխեցինք Արմաւիրի մարզի Փարաքար գիւղի մանկապարտէզի պատուհանները: Իբրեւ հայ մարդ` չկրցանք անտարբեր անցնիլ, թէ ինչպէս  երեխաները այդպիսի պայմաններու մէջ իրենց օրը կ’անցնէին:

Եկէ՛ք քիչ մը առարկայական խօսինք` նշելով, թէ ուրիշ ի՞նչ ծրագիրներ  կատարած էք Հայաստանի մէջ:

–Հայաստանի մէջ առաջին ծրագիրը Աբովեան քաղաքի մէջ  իրականացուցած ենք: Տարիներ առաջ, երբ Համահայկական խաղերուն մասնակցելու համար հայ մարզիկներու խումբ մը ուղարկած էինք, անոնք Աբովեան քաղաքին մէջ ոչ բարւոք վիճակի մէջ գտնուող  մանկապարտէզ մը տեսած էին, որ վերանորոգման կարիքը ունէր: Մարզիկները մեզի տեղեակ պահեցին այդ մասին եւ այցելելով այդ մանկապարտէզ` յանձն առինք կատարելու վերանորոգման աշխատանքները:

 Պարբերաբար գերմանացի դասախօսներ, փրոֆէսորներ կ’ուղարկենք Հայաստան` ԵՊՀ տարբեր բաժանմունքներու ուսանողներուն համար դասախօսութիւններ կարդալու: Կրթաթոշակներ կը յատկացնենք հիմնականին մէջ մարզերէն ու Արցախէն երեւանեան համալսարաններուն մէջ սոցիալապէս անապահով ուսանողներուն: Մեզի համար կարեւոր է, որ անոնք ուսման վարձի պատճառով չզրկուին բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն: Վերանորոգած ենք Աշտարակ քաղաքի  քանի մը դպրոցներ, ի թիւս այլ հանգանակութիւններու, գումար  յատկացուցած ենք Պեռլինի մէջ ՀՀ դեսպանատան շէնքի կառուցման նպատակով:

Կարեւոր նշանակութիւն կու տանք մշակութային ծրագիրներու իրականացման` գիտակցելով, որ Սփիւռքի մէջ ազգային մշակոյթի պահպանումն ու տարածումը ինքնութեան պահպանման նախապայմաններէն մէկն է: Մշակութային բոլոր ձեռնարկները կը կազմակերպուին Գերմանիոյ հայ գործարարներու միութեան մշակութային ծրագիրներու պատասխանատու Ալֆրանթ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ: Վերջինիս գործուն մասնակցութեամբ 2015 թուականին Գերմանիոյ մէջ կայացաւ Հայաստանի պարի պետական անսամպլի մենահամերգը, աշխոյժ համագործակցութիւն  սկսած է Երուսաղէմի հայ համայնքին հետ, Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի յիսուն հոգինոց ուխտաւորներ  պատարագի գացած են եւ այլն:

 –Հայկական սփիւռքը միախմբուեցաւ սուրիական ճգնաժամի հետեւանքով դժուարին իրավիճակի մէջ յայտնուած սուրիահայերուն նեցուկ ըլլալու համար, կրցաւ Արցախին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն կազմակերպուած օգնութիւն ցուցաբերելու:Գերմանիոյ հայ գործարարներու միութիւնը այս ուղղութեամբ ի՞նչ քայլեր  նախաձեռնած է:

-Մենք 20 հազար եւրօ գումար ուղարկեցինք Սուրիա` սուրիահայերուն առաջին անհրաժեշտութեան աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Այս հարցով կապ հաստատեցինք Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանի հետ: Կը ցաւիմ, որ սուրիահայ երբեմնի ծաղկուն համայնքը մասնատուեցաւ, իսկ մեր հայրենակիցները ստիպուած լքեցին իրենց տուները:

Արձագանքեցինք նաեւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ահասարսուռ օրերուն` մեծ յուզմունքով հետեւելով, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Այնուհետեւ Գերմանիոյ Շտապ օգնութեան մարմնին հետ անմիջապէս քննարկում կազմակերպեցինք եւ որոշեցինք յետագայ ընելիքները: Եւ որպէսզի օժանդակութիւնը նպատակային ըլլար, բանակցեցանք Արցախի իշխանութիւններուն հետ եւ եզրահանգման եկանք 1000 հատ քնապարկ ուղարկել: Նշեմ նաեւ, որ Քառօրեայ պատերազմին վիրաւորուած  զինուոր մը ՀՀ կառավարութեան ծախսերով բուժման նպատակով այժմ մայրիկին հետ Գերմանիա կը գտնուի: Իմանալով այդ մասին` մենք պարբերաբար կ’այցելենք անոր եւ անհրաժեշտ օգնութիւն կը ցուցաբերենք:

Պարո՛ն Աքիւզ, ե՞րբ  առաջին անգամ այցելած էք Արցախ:

-Արցախ առաջին անգամ ԵՊՀ Արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն, գնդապետ, լեզուաբան, արեւելագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, փրոֆէսոր Գուրգէն Մելիքեանի հետ գացած եմ: Մինչեւ մեր հանդիպումը անոր լաւ չէի ճանչնար: Պարզապէս գիտէի, որ Արցախ բարերարներ կ’ուղեկցէր` մասնակցութիւն ունենալով արցախցիներուն տարբեր օգնութիւններ տրամադրելու գործին: Միշտ հիացմունքով  կը նայէի Գուրգէն Մելիքեանի կատարած աշխատանքին եւ յանձին անոր`վստահելի գործընկերոջ տեսայ: Մինչեւ հիմա մեր կապը կը  պահպանուի, տարբեր խումբեր կը տանինք Արցախ:

Վստահաբար պիտի շարունակենք աշխատիլ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ: Հայաստանի համար ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, այդ լոյսը կը տեսնեմ, պարզապէս ժողովուրդը պէտք է քիչ մը համբերէ: Մէկս միւսին օգնելով` պէտք է առաջ ընթանանք եւ կառուցենք մեր երկրի ապագան:

Պարո՛ն Աքիւզ, հանդիպեցաք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին:Ին՞չ թեմաներու շուրջ քննարկում ծաւալեցիք:

-Արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցանք ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ: Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ Գերմանիոյ հայ գործարարներու միութեան մշակութային ծրագիրներու պատասխանատու Ալֆրանթ Պետրոսեանը: Մենք ներկայացուցիք միութեան կողմէ իրականացուած աշխատանքները, իսկ Հրանոյշ Յակոբեան խօսեցաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մասին` յորդորելով սերտացնել նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը:

Նկատելի է, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը բաւականին աշխոյժ կ’աշխատի Սփիւռքի համախմբման, Հայաստանի տնտեսութեան մէջ մեր հայրենակիցներու ներդրումները խթանելու, հայրենասիրական ոգին բարձր պահելու ուղղութեամբ:

Գովելի եւ այնչափ կարեւոր է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրը: Սփիւռքահայ երիտասարդները մասնակցելով այս ծրագիրին` կրնան պահպանել Հայաստանի հետ կապը եւ չկտրուիլ իրենց արմատներէն: Գերմանաբնակ տղաներուն ու աղջիկներուն պարբերաբար կ’ուղարկենք «Արի տուն»:

Հարցազրոյցը Գէորգ Չիչեանի

%d5%a1%d6%84%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%a6%d5%a1%d6%84%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%a61

Scroll Up