Նիւ Եորքէն ժամանած «Շուշի» պարախումբի անդամները հիւրընկալուեցան սփիւռքի նախարարութեան մէջ
Յուլիս 7-ին Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի «Շուշի» պարախումբի անդամները ընդունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց պարախումբի ազգանուէր գործունէութիւնը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Շնորհակալ եմ պարախմբի բոլոր անդամներին հայկական պարարուեստը, ազգային մշակոյթը պահպանելու, զարգացնելու, աշխարհին ներկայացնելու համար: Հայապահպանութիւնը մեր ազգի գլխաւոր խնդիրն է: Այսօր աշխարհում 7 միլիոն մարդ խնդիր ունի հայ մնալու: Պէտք է պայքարենք մեր արմատի, ինքնութեան, տեսակի, մշակոյթի պահպանման համար: Աշխարհում 30 հազարից աւելի հայկական կազմակերպութիւն կայ, որոնց գլխաւոր խնդիրը հայապահպանութիւնն է: «Շուշի» պարախումբը հիանալի է լուծում հայ երիտասարդին հայ պահելու կարեւորագոյն խնդիրը: Հայ մնալու ամենակարեւոր բանալիներից մէկը ազգային պարն է: Յատկապէս Սփիւռքում պարը հայապահպանութեան հզօր զէնքերից է, որ կարողանում է ոչ միայն լաւագոյնս պահպանել ազգային որակները, այլեւ օտար մշակութային միջավայրում ճանաչելի ու սիրելի դարձնել հայկական արուեստը եւ նրա պատմութիւնը»:
Բարձր գնահատելով պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սեդա Պասկալեան-Քանդարճեանի` արուեստի ու մշակոյթի բնագաւառին մէջ ունեցած ազգանուէր գործունէութիւնը, անոր անմնացորդ նուիրումը հայկական պարարուեստի պահպանման ու տարածման գործին` սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան զայն պարգեւատրեց նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:
«Շուշի» պարախումբի գործադիր կոմիտէի անդամ Թալին Գուփելեան եւ մշտական աջակից Սօսի Սեդրակեան հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար պարգեւատրուեցան շնորհակալագիրներով:
1992թ. հեռաւոր Նիւ Եորքի մէջ բնակող խումբ մը երիտասարդներ, համախմբուելով Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ հովանիի ներքոյ, հիմնեցին պարախումբ, որուն 1995թ. Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան երրորդ տարուան առթիւ «Շուշի» անուանեցին: Պարախումբը մեծ ճանաչում ունի եւ բազմաթիւ հիւրախաղեր ունեցած է տարբեր երկիրներու` յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ: 2013թ. «Շուշի» պարախումբը ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած Միջազգային պարային խորհուրդի անդամ:
Նշենք, որ Յուլիս 5-ին Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի «Շուշի» պարախումբի մենահամերգը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Ելոյթով հանդէս եկան 65 պարող-պարուհիներ Նիւ Եորքէն ու Գալիֆորնիայէն: