Ղրիմի թաթարները դէմ են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին

Ուքրաինայի Գերագոյն պալատին մէջ շրջանառութեան դրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւը պատճառ դարձած է «Պատքիւշչինա» խմբակցութեան երեսփոխան, Ղրիմի Թաթարներու ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Ճեմիլեւի հակազդեցութեան:

«Նոյնիսկ եթէ նախագիծը ընդունուի, չեմ կարծեր, որ նախագահը զայն ստորագրել ուզէ»,- ըսած է ան:

Իր կարծիքով՝ այս նախագծին մշակումը չմտածուած եւ անհիմն քայլ է:

«Ուքրաինայի մէջ թրքախօս ժողովուրդները քանի մը անգամ աւելի շատ են, քան՝ Հայերը: Նախագծին հեղինակները պէտք է հասկնան, որ ի՛նչպիսի վտանգաւոր հետեւանքներու կրնայ յանգեցնել այդ քայլը: Կրնայ փճացնել Ուքրաինայի յարաբերութիւնները Ազէրպայճանի, Թուրքիոյ եւ թրքախօս այլ երկիրներու հետ: Նախքան նման որոշում ընդունիլը՝ կառավարութիւնը լաւ պէտք է մտածէ»,- դիտել տուած է ան:

Ճեմիլեւ polemika.com.ua կայքէջին յայտնած է, որ նախագծի հեղինակներէն Արմէն Աւակով ալ «Պատքիւշչինա» խմբակցութենէն է: Անհրաժեշտ կը նկատէ անոր հետ նստիլ ու խօսիլ այս մասին:

«Ես անոր պիտի ըսեմ, որ այդ քայլը անընդունելի է: Եթէ խմբակցութիւնը պաշտպանէ այս որոշումը, ես այլեւս չեմ կրնար հոն մնալ: Միեւնոյն ժամանակ՝ մենք կը խօսինք այլ ծերակուտականներու հետ, որ նման քայլ կրնայ վնասել Ուքրաինայի արտաքին քաղաքականութեան»,- նկատել տուած է Ղրիմի Թաթարներու առաջնորդը:

Յիշեցնենք, որ նշեալ բանաձեւը հեղինակած են ընդդիմադիր «Պատքիւշչինա» խմբակցութեան անդամ Արմէն Աւակով եւ իշխանութեան Տարածաշրջաններու կուսակցութեան ծերակուտականներ Վիլէն Շատուորեան եւ Նուէր Մխիթարեան:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up