Արամ Ա. Ծիսական բարեկարգութունը կենսական է

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ  ԽՕՍՔԸ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻ ԱՌԻԹՈՎ

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունեմ մեր հոգեւոր եղբայր Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը,

Հայրական սիրով կ’ողջունեմ մեր Եկեղեցւոյ եպիսկոսաց դասը՝ հոգեւոր իշխանները, որոնք կոչուած են առաւել եւս կենսագործելու մեր Եկեղեցւոյ կեանքը:

Գոհութիւն ու փառք կու տամ Աստուծոյ, որ  անգամ մը եւս մեր բոլորին այս հոգեպարար առիթը եւ սքանչելի պահը ստեղծեց, որպեսզի մենք միասնաբար մտածենք, աղօթենք, աշխատինք ու ծրագրենք, որպէսզի աւելիով պայծառացնենք մեր Եկեղեցին եւ հզօրացնենք անոր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Ես ամէն բանէ  առաջ կ’ուզեմ ողջունել այս գեղեցիկ երեւոյթը մեր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, երբ մեր հայրապետական զոյգ Աթոռներու Եպիսկոպոսաց դասը քով-քովի եկած, միասնաբար եղբայրական ջերմ սիրով կը տագնապին, կը մտածեն ու կը փորձեն մեր Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը դարձնել աւելի ուժական, աւելի կենսունակ եւ ազդու: Պայմաններու բերումով, դարեր շարունակ մեր կաթողիկոսական երկու Աթոռները մնացին իրարմէ հեռու, գործեցին տարբեր մարտահրաւէրներու, տագնապներու եւ պայմաններու մէջ ու դիմագրաւեցին տարբեր հարցեր. սակայն հիմա, հազար փառք Աստուծոյ, մեր Աթոռները կոչուած են միասնաբար գործելու եւ միասնաբար ծառայելու մեր Եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին: Ահաւասիկ, հոգեպարար ու գօտեպնդիչ է այս երեւոյթը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եւս, իրենց ներքին միասնականութիւնը հզօրացնելու, որովհետեւ մեր ազգին ու Եկեղեցւոյ ճամբան եւ նպատակը նոյնն է: Տարբեր պայմաններու մէջ ապրեցանք ու կ’ապրինք, տարբեր մտահոգութիւններ ունեցանք եւ ունինք, սակայն վերջին հաշիւով` մեր պատմութիւնը այսօր կը յուշէ մեզ, թէ մենք պիտի գործենք միասնաբար` նպատակասլաց կերպով, որպէսզի մենք` որպէս Եկեղեցի, հաւատարիմ գտնուինք մեր արմատներուն, մեր անցեալին, մեր պապերու նուիրական կտակին եւ այդ հաւատարմութիւնը մենք գործնապէս թարգմանենք մեր Եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան դաշտէն ներս: Ես այնպէս կը տեսնեմ, որ այսօր մեր Եկեղեցին կարիքը ունի երկու հիմնական առաջադրանքներու, որոնք պէտք է մեր մտածումներուն եւ մեր աշխատանքներուն մեկնակէտը, հիմքը, հունաւորումը եւ նպատակը դառնան:

Առաջին` մենք մեր Եկեղեցին պէտք է տանինք մեր ժողովուրդին: Յաճախ իմ խօսքերուս մեջ կարեւորութեամբ կը շեշտեմ, թէ եկեղեցին վայր չէ, եկեղեցին քարեղէն իրականութիւն չէ, Եկեղեցին առաքելութիւն մըն է, որ պէտք է երթայ մեր ժողովուրդին, եւ Եկեղեցին մեր ժողովուրդին տանողը հոգեւորականն է: Ի՞նչ մակարդակի վրայ ալ գտնուինք, հոգեւորականին կոչումը, Եկեղեցին՝ որպէս Քրիստոսի խորհրդական մարմինը, տանիլն է ժողովուրդին: Քրիստոս պիտի խօսի մեր Եկեղեցւոյ ճամբով, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ. մենք չէ որ պիտի խօսինք, զՔրիստոս պիտի խօսեցնենք մեր կեանքի վարքագծով, մեր խօսքով, մեր օրինակով, մեր ծառայութեամբ: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կարելի է այսօր մեր Եկեղեցին տանիլ մեր ժողովուրդին: Ծիսական բարեկարգութիւնը կենսական է: Մենք չենք կրնար այլեւս այն, ինչ որ անցեալէն ժառանգած ենք, նոյնը կրկնել. պէտք է անցեալի մեր աւանդութիւններուն հաւատարիմ գտնուինք, բայց միաժամանակ ինչպէ՞ս կրնանք անցեալը ներկայով թարգմանել եւ ներկայ կեանքի մեր պայմանները իրականութիւնները կարեւորութեամբ նկատի ունենալ մեր ծիսական բարեկարգութեան աշխատանքներուն մեջ:

Երկրորդ` ինչպէ՞ս կարելի է մեր Եկեղեցին բանալ ներկայ աշխարհին: Համաշխարհայնացումը ի՞նչ է. սահմանները քանդուած են այսօր, մենք կ’ապրինք նոյն աշխարհին մէջ, շրջապատուած ենք տարբեր մշակոյթներով, տարբեր մտածողութիւններով. այս է համաշխարհայնացումը:

            Մենք ինչպէ՞ս կրնանք մեր Եկեղեցին բանալ ուրիշներուն եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր դրացիներէն եւ ուրիշներէն մեզի եկող մարտահրաւէրները, տագնապները դիմագրաւել. այլ խօսքով` ընկերա-բարոյագիտական հարցերը մեր ժողովուրդի կեանքին ու մեր Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ առաջնահերթ հարցեր են՝ ամենօրեայ հարցեր են, տագնապալից հարցեր են, այս հարցերու նկատմամբ մեր Եկեղեցին իր ըսելիքն ու ընելիքը ունի: Ի՞նչ մտածողութիւն պէտք է ձեւաւորենք եւ ունենանք այս հարցերուն գծով, մեր Եկեղեցին ի՞նչ կ’ըսէ, չենք կրնալ անտարբեր մնալ: Հետեւաբար, ընկերա-բարոյագիտական հարցերը մենք՝ որպէս Եպիսկոպոսաց ժողով, պէտք է մեր օրակարգին վրայ ունենանք յառաջիկայ տարիներու ընթացքին: Ահաւասիկ, երկու հիմնական մտահոգութիւններ, որոնք պէտք է մղեն մեզ մտածելու եւ գործելու այնպէս մը, որ մեր Եկեղեցին այսօր միայն անկիւն մը մնացած աղօթավայր մը  չդառնայ մեր ժողովուրդին զաւակներուն համար, այլ իրապէս վերածուի մեր ժողովուրդը կենսանորոգող, հոգեմտաւոր արժեքներով պայծառացնող եւ հարստացնող հաւատքի առաքելութիւն:

Վերջապէս, բոլորս ալ գիտենք, որ մենք կը գտնուինք հարիւրամեակի սէմին: Այս ուղղութեամբ, թէ բարձրագոյն մակարդակի վրայ` համահայկական մակարդակի վրայ, թէ գաղութներէն ներս, նախապատրաստական լուրջ աշխատանքներ կատարուած են, որպէսզի մենք` որպէս մէկ Եկեղեցի, մէկ ազգ, միասնաբար դիմագրաւենք այս կարեւոր դէպքը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ մեր յանձնառու մասնակցութեամբ արժեւորենք զայն:

Յաճախ իմ խօսքերուս մէջ ես յիշած եմ եւ կրկնելու ձեւով շեշտած եմ, թէ մենք հարիւրամեակին առիթով պարզապէս անցեալի տխուր դէպքերուն յիշատակութիւնը պիտի չկատարենք, այլ խօսքով` միայն պիտի չյիշենք, այլ յիշելէն անդին աշխարհին պիտի յիշեցնենք, որ տակաւին իրաւազրկուած ժողովուրդ մը կայ, եւ այդ ժողովուրդը պահանջատէր է այսօր, իր իրաւունքները կը պահանջէ. մենք չենք կրնար լռել, երբ Արեւմտեան Հայաստանը, Կիլիկիան, մեր ազգապատկան եւ եկեղեցապատկան կալուածները տակաւին կը մնան բռնագրաուած: Մենք` որպէս Եկեղեցի, եւ որպէս ժողովուրդ, չենք կրնար անտարբեր եւ լուռ մնալ այս կացութեան դիմաց. այսօր մենք պահանջատէր ենք, երբ կ’ըսենք մենք պահանջատէր ենք` Եկեղեցի եւ ազգ, մէկ ամբողջութիւն, Եկեղեցի, ազգ, Հայրենիք մէկ ամբողջութիւն են: Հետեւաբար, այդ մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս, ահաւասիկ, մենք պիտի նշենք հարիւրամեակը եւ այդ հարիւրամեակի ծիրէն ներս, ինչպէս քիչ առաջ Գարեգին Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, սրբադասումը մեր նահատակներուն կարեւոր դէպք մըն է: Մենք կանգնած ենք պատմութեան դիմաց` որպէս մէկ Եկեղեցի, Վեհափառ Հայրապետներով, եպիսկոպոսաց դասով պիտի ըսենք` մեր նահատակները` մէկ ու կէս միլիոն նահատակները, սուրբ են. անոնք արդէն իսկ սրբացուած են մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Ահաւասիկ, այս մտածումներով եւ սպասումներով ես անգամ մը եւս ուրախութեամբ կ’ողջունեմ մեր Եպիսկոպոսաց ժողովի այս երկրորդ գումարումը եւ կը մաղթեմ, որ յաջողութեամբ պսակուին մեր աշխատանքները յառաջիկայ երեք օրերու ընթացքին:

Scroll Up