Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակը, Ինչպէս Նաեւ Հանդիպում Ունեցաւ Քոնկրեսի Մեծամասնական Պլոքի Ղեկավար Քեվըն Մքարթիի Հետ

Ուրբաթ, 12 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը` ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի: Ողջունելով վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը, կեդրոնատեղիի աշխատակազմի ղեկավարը` Արամ Համբարեան, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հակառակ վեհափառ հայրապետին ժողովական բազմազբաղ վիճակին, կ’այցելէ Հայ դատի աշխատանքները կազմակերպող ու հետապնդող Ուաշինկթընի կեդրոնը: Համբարեան մասնակցած ըլլալով Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած Ուաշինկթընի միջազգային համագումարին, իր հրճուանքը արտայայտեց վեհափառ հայրապետին կատարած կարեւոր դերին, ինչպէս նաեւ յաճախակի առիթներով Հայոց ցեղասպանութեան գծով կատարուած յիշեցումներուն համար: Ան նաեւ վեր առաւ հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած նպաստը, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն:
Վեհափառ հայրապետը նախ իր յատուկ ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի իրեն համար միշտ սիրելի եղած Հայ դատի աշխատանքներուն կեդրոնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան կենսական մարզերէն մէկն է մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը, հաստատեց վեհափառ հայրապետը: Ապա, ան իր գնահատանքը յայտնելէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ցարդ կատարուած կարեւոր աշխատանքներուն համար, շեշտեց, թէ ժամանակը հասած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան աշխատանքները փոխադրուին իրաւական դաշտ: Հեզասահ պիտի չընթանայ այս հոլովոյթը, սակայն մենք քաջութիւնը պիտի ունենանք նման քայլի մը դիմելու, ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ուաշինկթընի համագումարի աշխատանքներուն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամային հետ տեղի ունեցած հանդիպումին` պատասխանելով իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն, կեդրոնի աշխատակազմին եւ ներկայ հիւրերուն կողմէ:
«Ազդակ»