Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք . Փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան Դասախօսեց Հայկական Կիլիկիոյ Մասին

Համազգայինի ուսանողական հաւաքը (Ֆորում) կը շարունակէ իր աշխատանքները: Երեքշաբթի, 22 յուլիս 2014-ին, առաւօտեան նախաճաշէն ետք, փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան դասախօսեց «Կիլիկեան Հայաստան. Պետական արտագաղթ մը» նիւթը: Ան անդրադարձաւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ձեւաւորման, զարգացման եւ անկման պատմութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ 13-րդ եւ 14-րդ դարերու ընթացքին յառաջացած արտագաղթի մասին:
Դասախօսութենէն ետք, ֆորումականները այցելեցին Դիլիջան եւ Պարզ լիճ, ուր ճաշեցին, երգեցին ու պարեցին եւ նաւակներով շրջեցան լիճին մէջ: Ապա, անոնք այցելեցին Հաղարծին վանքը, որմէ ետք օրուան վերջին կանգառն էր Սեւանայ լիճը:
Երեկոյեան ֆորումականները շրջեցան Երեւանի մէջ եւ սեղանի մը շուրջ նստելով խօսակցեցան օրուան պտոյտներուն վերաբերեալ իրենց ունեցած տպաւորութիւններուն մասին:
«Ազդակ»