ԶՈՄ-ի Կազմակերպած «Դէպի Երկիր» Գործուղումը Կ՛ընթանայ Մեծ Խանդավառութեամբ

Ինչպէս նշած էինք, Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» գործուղումը այս տարի տասներորդ տարին ըլլալով ընթացք առաւ Հայաստանի Կոտայք` «Կոտայքը իմ տունն է» եւ Արցախի Քաշաթաղ` «Քաշաթաղը իմ տունն է» շրջաններուն մէջ: Ճամբարները ունին յատուկ դաստիարակչական ծրագիր, որ կը բաղկանայ պատմական, ազգային, մշակութային եւ ընկերային բնոյթի աշխատանքներէ:

Կոտայքի մարզի Քանաքեռաւան շրջանին մէջ մասնակցող պատանիներուն թիւը երէկ հասաւ 65-ի: Խումբը բաժնուած է երկու խմբակներու` «Պետօ» եւ «Կարօտ» (երկուքը ըլլալով Կոտայքի Պռօշեան գիւղէն): Մեծ խանդավառութիւն կը տիրէ գիւղին մէջ, իսկ օրէ օր պատանիներուն թիւը կ՛աւելնայ: ԶՈՄ-ական ընկերներուն կողքին իրենց աջակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի երիտասարդական միութենէն անդամներ` ներկայացումներու եւ այլ աշխատանքներու ընդմէջէն:

Չարենցաւան գիւղին մասնակցող պատանիներուն թիւը 98 էր մինչեւ երէկ` ճամբարի երկրորդ օրը: Երեք խումբի բաժնուած են անոնք, իսկ խումբերը կը կրեն Չարենցաւանէն զոհուած ազատամարտիկներու անունները` Արթուր Մամիկոնեան, Սարգիս Բադալեան, Ալեքսանդր Խաչատրեան: Պէտք է նշել, որ նահատակ ազատամարտիկ Արթուր Մամիկոնեանի ծնողքը այցելած է դպրոց եւ հանդիպած ԶՈՄ-ական ընկերներուն հետ: Պատանիները չափազանց ուրախ եւ խանդավառ են ճամբարով եւ ԶՈՄ-ական ընկերներու ներկայութեամբ:

Միւս կողմէ, Արցախի Քաշաթաղ շրջանին մէջ, «Քաշաթաղը իմ տունն է» խորագիրով ընթացք առած են երկու ճամբարներ, մէկը Կովսականի, իսկ միւսը` Բերձորի մէջ:

Բերձորի ճամբարին կը մասնակցին 40 պատանիներ: Պատանիները բաժնուած են երկու խումբերու` «Աշոտ Ղուլեան – Բեկոր» եւ «Պետրոս Ղեւոնդեան – Պետօ»: Գիւղին մթնոլորտը շատ խրախուսիչ է, ԶՈՄ-ական ընկերները օրական կ՛ունենան այցելուներ, ծնողներ, ուսուցիչներ, որոնք կու գան հետաքրքրուելու եւ ԶՈՄ-ի ծրագիրին ծանօթանալու: ԶՈՄ-ականները այցելած են Բերձորի Երիտասարդական կեդրոնը` հիմնուած Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ:

Վերջապէս, Կովսական գիւղի «Թաթուլ Կրպէեան» դպրոցին մէջ մասնակցութեան թիւը մինչեւ օրս 62 պատանի է, որոնցմէ 15-ը սուրիահայեր են` ապաստանած Կովսականի մէջ: Ծրագիրը կ՛ընթանայ ինչպէս նախատեսուած էր` պատմութիւն, ձեռային աշխատանք, երգ, պար, խաղեր: Խումբերը բաժնուած են երեքի` «Խանասոր», «Պանք Օթոման» եւ «Լիզպոն». անունները զատուած են` նկատի ունենալով դէպքերու թուականներու զուգադիպութիւնը ճամբարի թուականներուն հետ: Գիւղացիները շատ խանդավառ եւ ուրախ են ԶՈՄ-ականներու ներկայութեամբ, որոնք ամէն օր մէկ ընտանիքի տունը կը հրաւիրուին: Այս ճամբարները պիտի շարունակուին մինչեւ 3 Օգոստոս:

www.yerakouyn.com

Scroll Up