Սուրիահայ Գաղթականներու Յատուկ Սեմինարներ (2014)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/07/IMG_077546-1-300x225.jpg)
Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ծառայութիւն եւ ընկերային արդարութիւն բաժանմունքին եւ ֆինլանտական «Ֆինն չըրչ էյտ» կազմակերպութեան ֆինանսաւորումով եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ գաղթական սուրիահայութեան ընկերային պայմաններու բարելաւման ի նպաստ կազմակերպուեցան առողջապահական, դաստիարակչական, խոհանոցի եւ ձեռարուեստի դասընթացքներ-դասախօսութիւններ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին եւ Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ: Առողջապահական, դաստիարակչական, խոհանոցի եւ ձեռարուեստի յանձնախումբերը կազմակերպեցին յատուկ սեմինարներ` հրաւիրելով դասախօսներ:
Ուրբաթ, 7 մարտ 2014-ին, ընթացք առաւ ճաշի դասընթացքներու երկօրեայ սեմինարը, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցին մէջ:
Ընդհանուր ծանօթացումէ ետք, ԼՕխ-ի Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբի ատենապետ Տիգի Թորիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ ծրագիրին մասին եւ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ սուրիահայութեան ներկայ ծանր պայմաններուն, ապա յոյս յայտնեց, որ ներկաները առաւելագոյն ձեւով օգտուին մատուցուած դասերէն:
Շաքէ Գարայեան եւ Անահիտ Տօնիկեան յաջորդական ձեւով փոխանցեցին եօթը տեսակ ճաշերու եւ անուշեղէններու բացատրութիւններ:
Առիթ տրուեցաւ հարցումներու, լուսաբանութիւններու եւ կարծիքներու փոխանակման:
Ճաշերու պատրաստութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ներկաները եւ սեմինարին իրենց գրաւոր արժեւորումը կատարեցին հարցաթերթիկներով:
Անահիտ Տօնիկեան արաբերէնով հրատարակած իր «Արդիական խոհանոց» խորագիրով գիրքը նուիրեց իւրաքանչիւր մասնակցողի:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի երկօրեայ սեմինարը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 21 եւ շաբաթ, 22 մարտ 2014-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ սուրիահայ տիկիններու:
Առողջապահական յանձնախումբի ներկայացուցիչ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան նախ ներկայացուց սեմինարին կազմակերպման նպատակը, անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին հետ ԼՕԽ-ի գործակցութեան, ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբի լայնածաւալ գործունէութեան եւ դասախօսական շարքին: Ապա ներկայացուց առողջապահական իր դասախօսութիւնը, «Փաուըր Փոյնթ»-ի ցուցադրութեամբ մանրամասն խօսեցաւ թմրամոլութեան մասին:
Ներկայ ընկերային-տնտեսական պայմաններուն հետ զուգահեռ, ոգելից ըմպելիներու չարաշահումը եւ թմրեցուցիչի գործածութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան անձին եւ անոր շրջապատին վրայ. դասախօսը ներկայացուց մեր զաւակները թմրամոլութեան ախտէն հեռու պահելու միջոցները:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ոգելից ըմպելիի եւ ծխախոտի օգտագործման, տոքթ. Վարդապետեան անդրադարձաւ անոնց գործած աւերներուն եւ կանխարգիլման միջոցներուն:
Ներկաները հետաքրքրութեամբ լսելէ ետք, հարցումներ ուղղեցին եւ համապատասխան պատասխաններ ստացան:
Առողջապահական շատ կարեւոր եւ օգտաշատ նիւթերով շարունակուեցան առողջապահական դասախօսութիւնները` հետեւեալ ձեւով.
1.- Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան` դիմադրողականութիւն, պատուաստումներու տեսակները եւ անհրաժեշտութիւնը:
2.- Մարիամ Շաթիլա` սրտի կաթուած, պատճառները, երակներու խցումը եւ պատճառները, գերճնշումը եւ շաքարախտը:
3.- Հանա Սահնաուի` ծննդաբերական գործարաններու բորբոքումներ եւ ՍԻՏԱ:
4.- Զենա Ժուրտի` հոգեկան տագնապ եւ բուժում:
5.- Սիհամ Սուլէյման` ընտանիքի կազմութեան ծրագրաւորում, ամուսնական կեանք, յղութիւնը կանխարգիլող բժշկական ու արդիական դեղեր եւ գործիքներ…
Դասախօսութեան ընթացքին ներկաներուն բաժնուեցան առողջապահութեան յատուկ փազըլներ եւ պրոշիւրներ, որոնք շատ տպաւորեցին ներկաները: Աւարտին ներկաները հետաքրքրութեամբ լսելէ ետք, հարցումներ հարցուցին եւ համապատասխան պատասխաններ ստացան:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, սուրիահայութեան յատուկ ձեռարուեստի դասընթացքներու երկօրեայ սեմինարը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 27 մարտ եւ ուրբաթ, 28 մարտ 2014-ին, դարձեալ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Ծրագիրը համադրող Ազատ Սարգիսեան հակիրճ նախաբանով մը բացատրութիւն տուաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան, ձեռարուեստի յանձնախումբին աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ սեմինարի նպատակին մասին:
Երկօրեայ դրութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբի անդամներ Տիգրանուհի Թովմասեան եւ Սեդա Չէօրեքճեան յաջորդական բացատրութիւններով եւ գործնական ցուցմունքներով սեմինարը արդիւնաւէտ դարձուցին` դասաւանդելով կարի սկզբնական գիտելիքներ, Մարաշի գործ եւ ձեռային գիտելիքներ, որպէսզի մասնակիցները հետագային կարենան օգտուիլ այս դասընթացքներուն ընձեռած կարելիութիւններէն:
Այնուհետեւ, ներկաներուն տրամադրուեցան կերպասէ կտորներ, ասեղներ, կարի զանազան պիտոյքներ եւ ձեռային աշխատանքի նմուշներ:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի երկօրեայ դասընթացքներու սեմինարը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 24 մարտ եւ երկուշաբթի, 7 ապրիլ 2014-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Դաստիարակչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց երկօրեայ սեմինարին նպատակը, իսկ յանձնախումբի անդամները հարցազրոյցներու ընթացքին ներկաներուն փոխանցեցին դաստիարակչական օգտակար գիտելիքներ:
Դաստիարակչական երկօրեայ դասընթացքներու սեմինարը սկսաւ երեխաներուն մասին բեմադրիչ եւ դերասան Վիվիան Անթոնիոսի դասախօսութեամբ: Ան ըսաւ, թէ երեխաները պէտք ունին գուրգուրոտ մթնոլորտի, դաստիարակուելու եւ ուսանելու` դառնալու համար լաւ քաղաքացիներ: Աշխարհի բոլոր երեխաները իրաւունք ունին պաշտպանուած ըլլալու հոգեկան, իմացական եւ ֆիզիքական բռնութիւններէ:
Յաջորդ դասախօսն էր Սօսի Փոլատեան, որ ներկայացուց «Կիներու իրաւունքները» նիւթով շատ օգտաշատ դասախօսութիւն մը: Ան փոխանցեց, որ կիներու իրաւունքները ծնունդ առած են 1909-ին` իբրեւ բողոք դժուար աշխատանքային պայմաններուն եւ ցած աշխատավարձերուն դէմ:
Ան նշեց, որ հայ կինը հինէն ի վեր մեծ ներդրում ունեցած է մեր պատմութեան մէջ, սակայն ներկայիս հայ կինը նոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու համար պէտք է զինուի բարձրագոյն կրթութեամբ եւ ստանձնէ պատասխանատու պաշտօններ այր մարդու կողքին` աւելի հզօր ընկերութիւն կերտելու համար:
Դաստիարակչական նիւթերու երրորդ դասախօսը` Սօսի Պալեան ներկայացուց ծնողներու պարտաւորութիւնները, մանուկներու առողջութիւնը, դաստիարակութիւնն ու վերաբերմունքը: Ան ըսաւ, որ գիտակից ծնողները զարկ կու տան գիտակից սերունդի: Այնուհետեւ ընդլայնուած ձեւով ներկայացնելէ ետք նիւթը, խնդրեց ներկաներէն, որ իբրեւ ծնողք, իրենց աշխատելաձեւով, վարուելակերպով, հոգեւոր ու բարոյական տիպար կեցուածքով, օրինակ ըլլան իրենց զաւակներուն` ներշնչելով օրինակելի ուղղութիւն:
Նիւթերու այժմէականութիւնը թէ՛ պարտաւորութիւններու գիտակցութիւն եւ թէ՛ հոգեկան գոհացում պարգեւեց ներկաներուն:
Բոլոր սեմինարներուն ընթացքին ճաշի թէ այլ հիւրասիրութիւնները պատրաստեց ԼՕԽ-ի «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը:
Իսկ Այնճարի մէջ կազմակերպուած սուրիահայութեան ճաշի սեմինարը տեղի ունեցաւ 13 մայիս 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի խոհանոցին մէջ, ներկայութեամբ 30 Սուրիայէն գաղթած տիկիններու: Բացման խօսքը արտասանեց Մատլեն Խօշեան. ան ցաւ յայտնեց այսօրուան Սուրիոյ քաղաքական վիճակին համար եւ մաղթեց, որ մօտիկ ապագային իւրաքանչիւր գաղթական իր բոյնը կը վերադառնայ: Ապա հրաւիրեց Հիլտա Տումանեանը սկսելու ճաշի դասընթացքին: Պատրաստուեցան 2 տեսակ ճաշեր: Աշխատանքին զուգահեռ ան փոխանցեց օգտակար գիտելիքներ ճաշատեսակներու մասին, որոնք կարեւոր են հայկական խոհանոցէն ներս:
Իսկ առողջապահական սեմինարը տեղի ունեցաւ 11 ապրիլ 2014-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ, ներկայութեամբ սուրիահայ 38 տիկիններու: Օրուան առաջին դասախօսն էր Մարի Ֆլոր Արուշեան: Ան շեշտը դրաւ քրոնիկ հիւանդութեանց, ինչպէս նաեւ մանուկներու անվտանգութեան վրայ: Երրորդ բաժինով ան նախնական դարմանումի մասին խօսեցաւ: Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տուեալ ցուցմունքներուն եւ փաուըր փոյնթի ցուցադրութեան:
Սուրճի դադարէն ետք հրաւիրուեցաւ երկրորդ դասախօսը` Մէյրի Արեւեան: Նիւթն էր «Կնոջական առողջապահութիւնը». ան ներկայացուց կնոջական սեռային գործարաններու տարածուած հիւանդութեանց նշանները եւ անոնց կանխարգիլման միջոցները:
Իսկ դաստիարակչական սեմինարը տեղի ունեցաւ 5 մայիս 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ, ներկայութեամբ 60 հոգիի, որոնց 35-ը սուրիահայ տիկիններ էին:
Բացման խօսքը արտասանեց Բ. Գամպերեան, որ ներկայացուց դասախօս Փոլին Սարաֆեան. հոգեբանական նիւթով Սարաֆեան շեշտը դրաւ, թէ սուգի պարագային ինչպէ՞ս պէտք է ընդունիլ իրականութիւնը, մանուկները որքանո՞վ մասնակից դարձնել այս դժուար կացութեան. կամայ թէ ակամայ մանուկը իրականութեան դիմաց պիտի գտնուի, կը մնայ շրջապատին առողջ վերաբերմունքը, որպէսզի երեխան հոգեկան տագնապներ չունենայ եւ պատասխան ունենայ բոլոր հարցումներուն:
Խօսքը ուղղելով սուրիահայերուն` ան որոշ ցուցմունքներ տուաւ իրենց գաղթականի վիճակէն դուրս գալու եւ կացութիւնը ընդունելու մասին:
Իսկ ձեռագործի դասընթացքը սկսաւ 14 մայիս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Այնճարի «Կարմիր լեռ» կոմիտէի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ, ներկայութեամբ 30 սուրիահայ տիկիններու: Շուշիկ Տանղլեան սկզբնական գիտելիքներ փոխանցեց կարի մասին եւ թէ ինչպէ՞ս կը նորոգեն հին հագուստները. ներկաներուն տրամադրուեցան կերպաս, կտորներ, ասեղներ եւ կարի զանազան պիտոյքներ, ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքի նմուշներ:
Շ. Տանղլեան որոշ ծանօթութիւններ տուաւ հայկական ձեռագործներու մասին. բացատրեց Սվազի, Այնթապի գործերու համար օգտագործուած կտորներն ու թելերը, որոշ ծանօթութիւններ տուաւ քրոշէի ու հայկական էթամինի եւ փաչ ուըրքի մասին:
«Ազդակ»