Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Հալէպի Մէջ Տակաւին Կը Շարունակուի Հրթիռաձգութիւնը. Նոր Գիւղի Մէջ Հրթիռաձգութեան Պատճառով Արձանագրուեցան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ
«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ` հինգշաբթի, 3 յուլիս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ կրկին Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանը թիրախ դարձաւ հրթիռաձգութեան:
Կազի տակառէ պատրաստուած հրթիռի պայթումին պատճառով արձանագրուեցան զոհեր` սուրիական բանակի ծառայողներ եւ շրջանի տեղացի բնակիչներ, ինչպէս նաեւ վիրաւորներ, որոնց մէկ մասը տակաւին հիւանդանոցին մէջ բուժում կը ստանայ:
Վիրաւորներուն կարգին են Յարութ Չորպաճեան եւ Դաւիթ Մէյխանաճեան:
Յայտնենք, որ շրջանի խանութները եւ բնակարանները բաւական լուրջ վնասներ կրեցին:
«Ազդակ»