Զուքի Պարտէզին Մէջ. Լիբանանահայ Թենոր Ճոնի Քուքեճեանի` Քեսապին Նուիրուած Ելոյթը

Յունիս 27-ին Զուքի պարտէզին մէջ ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Քուքեճեան: Համերգը նուիրուած էր Քեսապի եւ կը կրէր «Կրանատայէն Երեւան» խորագիրը:

Ճոնի Քուքեճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Զուքի քաղաքապետութեան, որ տրամադրած էր պարտէզը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սատարած էին ձեռնարկին յաջողութեան:

Արդարեւ, աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Ճոնի Քուքեճեան մեկնաբանեց Խաչատրեանի, Ռոսինիի, Տի Սթեֆանոյի, Ռոթայի Ժիորտանոյի եւ այլոց ստեղծագործութիւններէն երգեր, ինչպէս` «Սանթա Լուչիա», «Ամոր թի վիեթա», «Ֆիւնիքիւլի ֆիւնիքիւլա», «Օ սոլէ միօ», «Փարլա փիու փիանօ», «Չիթարրա Ռոմանա», «Հայաստանի կարմիր գինին» եւ այլն:

Նուագախումբի անդամներն էին Նանօր Մաճարեան` դաշնակ, Քամալ Մորքոս` ձեռնադաշնակ, Զահեր Սապաալի` թաւջութակ, Էլի Նժէյմ` թրոմփեթ, Ժիհատ Սայիտ` տրամզ, իսկ նուագախումբի ղեկավարն էր Մկրտիչ Միքայէլեան` կիթառ: Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Շողեր Օգնայեան «Կիլիկիա» պարով:

«Ազդակ»

Scroll Up