Ոչ Եւս Է Հայասէր Բրիտանացի Երեսփոխան Պեն Ուիթըքըր

Բրիտանիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ, ՄԱԿի Փոքրամասնութեանց պաշտպանութեան եւ խտրականութեանց կանխարգիլման ենթայանձնախումբին համար պատրաստուած իր տեղեկագիրով Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատած Պեն Ուիթըքըր կնքած է իր մահկանացուն: Ան 79 տարեկան էր:

Ուիթըքըր, որ արդէն իսկ ծանօթ էր իր յառաջդիմական կեցուածքներով եւ յաճախ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպան կանգնելով, 1975ին նշանակուած էր իբրեւ ՄԱԿի նշեալ ենթայանձնախումբին մէջ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչ եւ 1985ին պատրաստած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատած տեղեկագիրը՝ հակառակ թրքական ճնշումներուն: Ան նաեւ տարիներով դատապարտած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն չճանչնալու Բրիտանիոյ իշխանութեանց դիրքորոշումը:

http://asbarez.com

Scroll Up